ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
————————–
«Համաճարակը ողբերգական կերպով մեզի կը սորվեցնէ՝ թէ ոչ մէկը կարող է մինակը յառաջ ընթանալ. Վիրուսը դիմագրաւելու համար կարիքը կայ բաժնեկցուած եւ համակարգուած պատասխանի։ Նոյնը վաւեր է նաեւ բուժելու համար անտարբերութեան, մինակութեան եւ թշնամութեան չարիքները»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, անցեալ 27 Օգոստոսին, «www.ripartelitalia.it» պարբերականին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Առաջնահերթը տնտեսութիւնը չէ այլ մարդ անհատը» հաստատեց ապա Ծիրանաւորը դիտել տալով որ Քովիտ-19 ժահրը միայն առողջապահական տագնապ չի յառաջացուց, այլ հարուածեց մարդկային կեանքի բազմաթիւ ոլորտներ. ընտանիքը, քաղաքականութիւնը, աշխատանքը, առեւտուրը, զբօսաշրջութիւնը եւայլն»… եւ համաճարակի ընդարձակ եւ փոխկապուածութեան բնոյթը մեզի անընդհատ կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին այն դիտարկումը, թէ «ամէն ինչ իրար կապուած է» աւելցուց Կարդինալ Փարոլին, որուն գնահատումով «եթէ բոլոր կառավարութիւնները ստիպուած եղան դիմելու արտակարգ միջոցներու, մինչեւ իսկ տնտեսական գործունէութեան դադրեցումին՝ պայքարելու համար համաճարակին դէմ, այս կը նշանակէ թէ առաջնահերթը տնտեսութիւնը չէ այլ մարդ անհատը»:
«Այսուամենայնիւ, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, որ արմատացած է քրիստոնէական մարդաբանութեան մէջ, մեզի կը յիշեցնէ, որ պէտք չէ միայն սահմանափակուիլ մարմնային առողջութիւնը խնամելու մէջ, այլ պէտք է հոգալ մարդ անհատի ամբողջականութիւնը ու այս մէկը պէտք է ըլլայ առաջնակարգ նպատակը՝ քաղաքական ու տնտեսական յանձնառումին, հասարակաց տան բաժնեկցուած պատասխանատուութեան բարոյականութեան մը ներքոյ» դիտել տուաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը նշելով՝ որ «Եկեղեցին կը հրաւիրէ վերագտնելու տնտեսութեան կոչումը՝ ի սպաս մարդու ծառայութեան, իւրաքանչիւր անձին երաշխաւորելու համար հարկաւոր պայմանները՝ ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումի ու արժանավայել կեանքի»։
Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը շեշտը դրաւ ապա համաճարակի ընթացքին առողջապահական մարզէն ներս ի յայտ եկած որոշ դիւրաբեկութիւններուն ու բացթողումներուն վրայ, որոնք ընդհանրապէս կեդրոնացան մարդկային առողջութեան ապահովումին վրայ, զանց ընելով այլ կարեւոր ոլորտներ, ինչպէս ընտանիքներու կողմէ հիւանդներուն ու մահամերձներուն մօտիկութիւնը…։
«Համաճարակը բացայայտեց մեր իրարմէ կախուածութեան իրականութիւնը ու մեր տկարութիւնը, մեր բաժնեկցուած դիւրաբեկութիւնը», նշեց Կարդինալ Փարոլին, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականէն խօսքեր ուր ան կ’ընդգծէ՝ թէ «իրարմէ կախուածութիւնը մեզի կը ստիպէ մտածել միայն մէկ աշխարհի մը ու միայն միասնական ծրագիրի մը ուղղութեամբ», թէեւ՝ նկատել տուաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը, «փոխանակ գործելու ի նպաստ հասարակական տիեզերական բարիքի համակարգուած խթանման, ականատես ենք մեր շուրջ բարձրացող պատերու, սահմաններու փակումներու՝ որպէս անվտանգութեան երաշխիք, եւ իրաւունքներու համակարգուած խախտումներու, պահպանելով հակամարտութեան մնայուն իրավիճակ մը»։
Կարդինալ Փարոլին մէջբերեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապէն այլ խօսքեր՝ ուղղուած Ժողովրդային Շարժումներուն. «մոլորակային իրարկախուածութիւնը կը պահանջէ համընդհանուր պատասխաններ, որովհետեւ յոյսին համաշխարհայնացումը պէտք է փոխարինէ բացառումի եւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումը»։ Ան ապա յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» ու Պենեդիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին «Սէրը ճշմարտութեան մէջ» շրջաբերականներուն, որոնց մէջ ընդգծուած է տնտեսութեան մը տեսութիւնը՝ ուր պէտք է տեղ գտնէ պարգեւին տրամաբանութիւնը եւ ձրիութեան սկզբունքը, որ արտայայտութիւնն է մարդկային եղբայրութեան։
«Համաճարակը ահաւոր ցնցում մը տուաւ տնտեսական եւ ընկերային համակարգին ու անոր ենթադրեալ ապահովութիւններուն», հաստատեց հուսկ Կարդինալ Փարոլին մատնանշելով համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած ծանր հարցերը, ինչպէս անգործութիւնը, հանրային առողջութիւնը ու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները, այս ուղղութեամբ նշելով թէ Եկեղեցին ինքզինք կանչուած կը զգայ ընկերանալու մարդկային ընտանիքի դիմաց գտնուող խրթին ուղեւորութեան ու այս մէկը ընելու է հեզութեամբ եւ իմաստութեամբ, բայց նաեւ ստեղծագործութեամբ, որպէսզի համավարակի աղէտալի խուճապը չ՛աւարտուի սարսափելի ողբերգութեամբ, այլ հնարաւորութիւն տայ մարդկային եւ բնապահպանական դարձի մը, որուն մեծ կարիքը ունի մարդկութիւնը։
Վատիկան