«…ՑՑՈՒԻ՛Ր ՈՒ ԾԱՌԱՑԻ՛Ր, ՑԵՂ ԻՄ…»

«…ՑՑՈՒԻ՛Ր ՈՒ ԾԱՌԱՑԻ՛Ր, ՑԵՂ ԻՄ…»

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

————————-

Ապառաժեայ մատեան մը ինչպէս բացուած ծոցը բնութեան, ուր կը ցոլայ յաւերժ կապոյտը անհունին, դարերէ ի վեր կը շնչեն անոնք՝ լեռները Արցախի։

Հո՛ն, ուր քամիները անփոյթ կը սաւառնին յարաժամ ու կը հոսի ժամանակը յամրօրէն, ճգնաւորի մը քայլերը կ’արձագանգեն տակաւին։

Վաղնջական օր մը, իջնելով Բալուի բարձունքներէն, եկած էր սփռելու հոն ու սերմանելու՝ տառերը հայերէն այբուբենի, որպէսզի իր ազգին զաւակները ո՛չ միայն գրել, այլեւ՝ կարենային Սէրը հոլովել հայերէն.

Սէրը՝ մայրենի լեզուին,

Սէրը՝ հայրենի հողին,

որպէսզի ո՛չ մէկ օտար ձեռք հայուն տեղ գրէր օր մը՝ պատմութիւնը հայուն։

Օշականի գիւղին մէջ կը հանգչի վաղուց ան մենաւոր, բայց իր տառերը՝ խրած կողը ապառաժներուն՝ կը շարունակեն շնչել հայերէն։

Կը շարունակեն, այսօր եւս, գոչել ո՛չ՝ դիմացը աշխարհին։ Ո՛չ՝ այն ձեռքերուն, որոնք կը տքնին հայուն հողերը հերձատել ու գրել հայուն պատմութիւնը՝ այբուբենովը օտարին։

Պատմութեան յորձանուտին մէջ՝ պայքարն է եղած միշտ ու միակ հրամայականը գոյատեւման. իսկ նահանջը՝ փոքր ժողովուրդներու բաժինը, յաճախ՝ դատապարտուած անհետանալու։

Այնուհանդերձ, ուժեղին չէ՛ եղած յաղթանակը միշտ։ Նուաճած է ան, որ գիտցած է ինքնիր ձեռքերով գծել իր գոյագնացքը, ու պահպանել տապանակը իր առհաւական արժէքներուն։

Մենք չե՞նք, արդեօք, որ տուինք պատմութեան այդ առաջին դասը Տիզբոնի հտպիտներուն, որոնք երազեցին օր մը, միամտօրէն, ջնջել ամբողջ ցեղի մը ինքնութիւնը ու վառել հոն բոցը մազդէական։

Ժողովուրդ մըն ենք, փոքր. բայց գիտենք ըսել ո’չ, նոյնիսկ հզօրին։ Գիտցած ենք ըսել ոչ՝ ի գին մեր կեանքի զոհողութեան, երբ փորձած են մեր էութիւնը խորտակել։

 Եղած ենք միշտ Խորենացիի փոքր ածուն, բայց եւ այնպէս ոսոխին դէմ գիտցած ենք դառնալ հսկայ ու խօսիլ, մանաւանդ, մէկ լեզու։

Այսպիսի ժողովուրդ մըն ենք մենք, որ կը կրէ խորը իր էութեան Չարենցի մը հոգին կենսախայտ՝ հաւաքական ոյժի որպէս «Պատգամ», ուր կը թնդայ յարատեւ «Ահազանգ»ը Ահարոնեանի.

«Մեր հայրենի լեռնալանջերից

Ծփծփան ու պղտոր հեղեղն է

Իջնում մռնչալով.

Ցցուի՛ր ու ծառացի՛ր, ցեղ իմ.

Ապա թէ ոչ նրա յորձանքների տակ

Կը թաղուեն քո բոցոտ յոյսերը,

Քո բախտը,

Քո որչափ եղերական

Նոյնքան հերոսական,

 Շքեղ պատմութիւնը»

(«Հորիզոն» օրաթերթ, Փետրուար 1918, Թիֆլիս)։

Խօսիլ մէկ լեզու ու հայերէն… գրուած Օշականի Սուրբին տառերով, կոփելու յաւերժ, թէ դարեր ետք ալ՝

Բոցոտ են միշտ մեր յոյսերը ու անանց։