Թրքական ծագում ունեցող շուրջ 50 երիտասարդ իսլամիստներ Հոկտեմբերի 29-ին ներխուժած են Վիեննայի Սուրբ Անթոնիօ Պադովացի կաթողիկէ եկեղեցի, կը հաղորդէ «Kurier» պարբերականը, որուն արձագանգ կ’ըլլայ «Արմենպրես»-ը։ Եկեղեցի ներխուժած երիտասարդները ոտքով հարուածած են գոյքերը, ջարդած են եկեղեցական պարագաները:
Եկեղեցւոյ սպասաւորները ոստիկանութիւն կանչած են, սակայն խուլիգանները յաջողած են փախչիլ մինչեւ իրաւապահներուն ժամանումը: Կը նշուի թէ ամէն պարագայի տակ, առկայ է անոնց գործողութիւններուն տեսագրութիւնը: Իրաւապահները կը կարծեն, որ յարձակման կազմակերպիչները խումբ մը թուրք իսլամիստներ են, որոնք վերջին ամիսներուն ոստիկանութեան ուշադրութիւնը գրաւած են հասարակական կարգի խախտմամբ:
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ ոտնձգութիւնը կատարուած է Ֆրանսայի իսլամիստներու կողմէ յարձակումներու եւ Թուրքիոյ նախագահի՝ Եվրոպայի մէջ իսլամ ծայրայեղականներու նկատմամբ վախի մասին յայտարարութեան ֆոնին վրայ: Ֆրանսայի քաղաքացիներու վրայ մի քանի յարձակումներ կատարուեցան Հոկտեմբերի 29-ին եւ 30-ին մասնաւորաբար Նիսի, Լիոնի, Ավինիոնի մէջ: