ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
Վատիկան
————
Հոկտեմբերին յայտարարուեցաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրը։ 318 թեկնածուներու շարքին ընտրուեցաւ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը ՝ ի տես անոր պատերազմական տարածքներու մէջ սովի դէմ պայքարելու, եւ այդ տարածքներու պայմաններու բարելաւման եւ խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ տածած ջանքերուն:
Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը (ՊՀԾ), հիմնադրուած է 1961-ին, որպէս տեսլական ունենալով. բոլոր ժամանակներու իւրաքանչիւր այր մարդու, կնոջ եւ երեխայի համար հասանելի դարձնել անհրաժեշտ սննդամթերք, գործունեայ եւ առողջ կեանք մը ապրելու համար: Ան տարեկան կը սպասարկէ 86.7 միլիոն մարդու, աշխարհի 83 երկիրներու մէջ:
ՊՀԾ-ն ջանք չի խնայեր աշխարհի երեսէն սովը վերացնելու համար: Անոր ծրագրերը հիմնականին մէջ կ’անդրադառնան սովի հիմնարար պատճառներուն, համայնքներու կայունութեան եւ պարէնային օգնութեան ծրագիրներուն:
Ի լուր մրցանակի յաղթանակին՝ ՊՀԾ-ն թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց հետեւեալ գրութիւնը «Ի սրտէ շնորհակալութիւն Նոպէլեան Կոմիտէին, Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը պատուելու համար 2020 նոպէլեանի մրցանակով։ Ասիկա զօրեղ յիշեցում է աշխարհին թէ խաղաղութիւնը եւ զէրօ անօթութիւնը կ’ընթանան զուգահեռ»։