ԹՇՆԱՄԻԻ ՈՒՂՂԱԹԻՌԸ ԽՈՑԱԾ ՀԵՐՈՍ ՏՂԱՔԸ

ԹՇՆԱՄԻԻ ՈՒՂՂԱԹԻՌԸ ԽՈՑԱԾ ՀԵՐՈՍ ՏՂԱՔԸ

Պատերազմի խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող այս նկարը առնուած է 2016 թուականի Ապրիլ 5-ին Ճիպրայիլի մէջ:

Նկարի հեղինակը Սիփան Գիւլումեանն է: Նկարին մէջ պատկերուած տղաքը Վահան Ստեփանեանն ու Արամ Մուրատեանն են՝ իրենց դիրքին վրայ, ազրպէյճանական ուղղաթիռը խոցելէ ետք: Բոլորին կը հետաքրքրէր, թէ որո՞նք էին օրուան հերոսները, եւ Զինուժէն գացին նկարելու քաջարի անձնակազմն ու խոցուած ուղղաթիռը:

«Այս լուսանկարը ծնունդ առաւ լրիւ պատահական: Յարմար տեղ մը կը փնտռէինք նկարուելու համար: Այդ ընթացքին պատահմամբ առաջ բերի զինընկերոջս սաղաւարտը ու համբուրեցի: Այդպէս սկսաւ այս ողջ պատմութիւնը»:

Այսպէս կը պատմէ լուսանկարին հերոսը՝ Արամը, որ այդ ժամանակ արդէն 22 ամսուան ծառայող էր:

«Երբ կը տեսնեմ այդ օրուան նկարները, չեմ հաւատար, որ այդ ամէնը հետս եղած է, ու այդ ամէնի մէջէն ես անցած եմ»:

«Երբ պատերազմը սկսաւ, հերթափոխի առաջին օրն էր: Բարձրացած էինք դիրքեր, տեղաւորուած․ հանգիստի ժամն էր: Ամէն ինչ յանկարծակի ու արագօրէն սկսաւ: Հրասայլերու, հրետանիներու յարձակում եւ մեծ քանակի զօրք»:

Տղաները չէին հաւատար, որ այդ ամէնը իրենց հետ կը կատարուի, ու երբ խոցեցին ուղղաթիռը, այդ օրը իրենց համար ամէն ինչ փոխուեցաւ:

«3 օր թշնամիի դիակները մեր դիրքերու վրայ էին: Ես իմ ամբողջ ծառայութեան մէջ բարի նախանձով վերաբերած եմ այն մարդոց, որոնք գոնէ մէկ անգամ ծառայութեան ընթացքին թշնամի տեսած են: Երազանքս կատարուեցաւ…»:

Նոյն օրը՝ գիշերը, 6 հոգինոց նախայարձակ խմբակ մը եկած էր, խոցուած ուղղաթիռի անձնակազմի դիակները դուրս տանելու: Տղաները այդ խումբին ալ ոչնչացուցին:

Պատերազմէն յետոյ Արամն ու Վահանը մօտ ընկերներ մնացին, բայց հեռաւորութեան պատճառով ուշ-ուշ կը հանդիպին, բայց իրար հետ ծառայած օրերն ու թշնամին ոչնչացնելու օրը երբեք չեն մոռնար:

Ն.Է.Ն.