ՊԱՊԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԱՂՕԹԱՏԵՂԻՆԵՐՈՒ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

ՊԱՊԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ  ԱՂՕԹԱՏԵՂԻՆԵՐՈՒ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

11 Հոկտեմբեր 2020-ին Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի աւարտին յիշեց աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ բռնկված մեծ հրդեհներու զոհերը, ապա յատուկ կոչ ուղղեց՝ Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև զինադադարի վերահաստատման առիթով, այնուհետև իր ցաւակցութիւնը յայտնեց մարդկային կորուստներուն համար և դատապարտեց աղօթատեղիների կործանումը:

 «Ես բարձր գնահատեցի, Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև մարդասիրական նկատառումներով համաձայնեցուած հրադադարը՝ խաղաղութեան էական համաձայնութեան յանգելու նպատակով: Չնայած ապացուցուեցաւ, որ զինադադարը չափազանց փխրուն է, ես դարձեալ կոչ կ’ընեմ դիմելու հրադադարին: Իմ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ մարդկային կորուստներու, տառապանքներու, ինչպէս նաեւ տուներու և աղօթատեղիներու կործանման համար: Ես կ’աղօթեմ եւ կը հրաւիրեմ աղօթել զոհերուն ու բոլոր անոնց համար, որոնց կեանքը վտանգի մէջ է» (Վատիկան Նիուզ)։

Դատապարտելով աղօթատեղիներու կործանումը, Ֆրանչիսկոս կ’ակնարկէր Արցախի դարաւոր քրիստոնէական հաւատքի խորհրդանիշ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիի ռմբակոծումին ազերիներուն կողմէ՝ 8 Հոկտեմբերին։