«Մ.Ա.Կ.Ը ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԸԼԼԱԼՈՒ “ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ”»

«Մ.Ա.Կ.Ը ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԸԼԼԱԼՈՒ  “ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ”»

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի հիմնադրման 75-ամեակին առթիւ՝ յատուկ տեսաուղերձով հանդէս եկաւ Վատիկանի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին: «Համընդհանուր բարօրութեան որոնման դժուարին գործը պէտք է շարունակէ մնալ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան անդամներուն նպատակը», յայտարարեց կարդինալը:

Իր պատմական ակնարկին մէջ կարդինալը յիշեցուց անվտանգ աշխարհի եւ պետութիւններու միջեւ ներդաշնակութեան մասին, որուն համար «ժողովուրդները կը դիմեն ՄԱԿ-ին վերջին տասնամեակներու ընթացքին՝ յուսալով ա՛լ աւելի մեծ յարգանք մարդկային արժանապատուութեան եւ հոգատարութիւն՝ աղքատներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ առաջընթաց արդարութեան՝ հիմնարար արժէքներու ապահովման գործին մէջ, զորս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ձգտած է շօշափելի դարձնել ժամանակի ընթացքին»:

«Բացի այդ, նշեց կարդինալը, Սուրբ Աթոռը միշտ ցուցաբերած է աջակցութիւն ՄԱԿ-ին եւ մասնակցութիւն անոր աշխատանքներուն՝ սկսած 1964-էն, երբ Վատիկանը ճանչցուեցաւ որպէս դիտորդ երկիր»: Մէջբերելով Պօղոս VI, Յովհաննէս Պօղոս II եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ կարդինալը յիշեցուց, որ «Հռոմի եպիսկոպոսները միշտ կոչ ըրած են այդ «ազնիւ հաստատութեանը՝ ըլլալ բարոյականութեան կեդրոն», ուր իւրաքանչիւր երկիր ազգերու ընտանիքէն ներս իրեն կը զգայ ինչպէս տունը, ուր միջազգային հանրութիւնը բազմակողմանի լուծումներ կու տայ կլոպալ խնդիրներուն՝ եղբայրութեան եւ համերաշխութեան ոգիով: Ինչպէս ցոյց տուաւ COVID-19 համավարակը, մենք չենք կրնար մտածել միայն մեր մասին, այլ կանչուած ենք միասին աշխատելու, որպէսզի յաղթահարենք ամենադժուարին տառապանքները աշխարհի մէջ՝ «գիտակցելով, որ ոմանց կրած ծանրութիւնը անխուսափելիօրէն կը վերաբերի ազգերու ամբողջ ընտանիքին»:

«ՄԱԿ-ի գոյութեան առաջին 75 տարիներու առաձնայատկութիւնը դարձաւ աջակցութիւնը իրաւունքին եւ արդարադատութեան աշխարհի մէջ, սովի խնդիրներու լուծումը, ընդհանուր տան պաշտպանութիւնը պատերազմներէն եւ բռնութենէն, խաղաղութեան ամրապնդումը՝ հիմնուած մարդկային ամբողջական զարգացման վրայ»: Կարդինալ Փարոլին յիշատակեց դաւանանքի ազատութեան հիմնարար իրաւունքը պաշտպանելու ՄԱԿ-ի աշխատանքի մասին, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը՝ կարգաւորելու ռազմական հակամարտութիւնները եւ վերականգնելու այն ամէնը, որ կ’աւերուի բռնութեան միջոցով՝ դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան միջոցով:

«Միջազգային կազմակերպութեան պատմութեան մեջ եղած են նաեւ անյաջողութիւններ, նշեց պետքարտուղարը. ՄԱԿ-ը կատարեալ չէ եւ միշտ չէ, որ արդարացուցած է իր անունն ու նպատակները, ասիկա պատահած է ամէն անգամ, որ «յատուկ շահերը» համընդհանուր բարօրութեան սկզբունքներէն վեր դասուած են: Այս կապակցութեամբ կարդինալը ընդհանուր ժողովին ներկայ դիւանագէտներուն խորհուրդ տուաւ ոչ միայն վերականգնել կազմակերպութեան սկզբնական ոգին այս փոփոխական աշխարհին մէջ, այլեւ՝ վերահաստատել իրենց անկեղծ նուիրուածութիւնը համընդհանուր բարօրութեան որոնման՝ հիմնուած իրական համախոհութեան եւ փոխզիջման վրայ»:

 Ելոյթի աւարտին կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, որ «ՄԱԿ-ը, ուր ժողովուրդները կրնան երկխօսութիւն վարել եւ համակարգել համատեղ գործողութիւնները, այսօր աւելի, քան երբեք պետք է արդարացնէ աշխարհի մեծ յոյսերը»:

 

Վատիկան Նիւզ

Թարգմ.՝ Նայիրա Բաղդասարեան