ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ՔԵՍԱՊԷՆ

ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ ՔԵՍԱՊԷՆ

Հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ բնականոն կեանքը խանգարող արգելքներու, Քեսապն ու քեսապցին կը շարունակեն իրենց գոյամարտը, դիմադրելով այդ դժուարութիւններուն՝ լեռնցիի անկոտրում կամքով եւ միշտ յուսալով որ Աստուած վերապահած է իրենց աւելի բարգաւաճ եւ արեւշատ օրեր:

Քեսապը իր պատմական մեծ արժէքով, իր հայադրոշմ դիմագիծով եւ հանդիսանալով մշտահոս աղբիւր քահանայական կոչումներու կը նկատուի մեր կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մին: Քեսապը միշտ եղած է հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկան իր այդ յատկութիւններուն համար:

Վերջին տարիներուն Քեսապը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւններ, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային: Գաղթը կը հանդիսանայ մեծագոյն վտանգը անոր գոյատեւման, բայց Քեսապն ու քեսապցին տեսած են եւ համտեսած իրենց դարաւոր պատմութեան ընթացքին բազում դժուարութիւններ եւ միշտ յաղթական ելած ինչպէս ամէն անգամ, նմանապէս այս հանգրուանին լիայոյս են անոնք, որ այս սեւ ամպերը կ’անհետանան ու քեսապցին կը շարունակէ իր երթը խաղաղ երկնքի տակ:

Ստորեւ կը ներկայացնեմ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ վերջին գործունէութիւնները, որոնց գլխաւոր սատարիչն ու մղիչ ուժը կը հանդիսանայ ՝ Քեսապի քաջարի եւ աշխոյժ ժողովրդապետ՝ Հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեան եւ ժողովրդապետական «Օժանդակ մարմինը»։

ՌԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ

***

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Սուրիոյ տարածքին բոլոր դպրոցներու կողքին եւ պսակաձեւ ժահրի պարտադրած երկար բացակայութենէ ետք, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանը, կատարելէ ետք նախազգուշական բոլոր քայլերը, 15 Սեպտեմբեր 2020-ին բացաւ իր դռները իր աշակերտութեան առջեւ, շարունակելով մօտ մէկ դար երկարող իր առաքելութիւնը՝ ջամբել ուսում եւ կրթութիւն Քեսապի մատղաշ սերունդին:

 

«FLY» ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ

Նախաձեռնութեամբ Դամասկոսի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Արմաշ եպս. Նալպանտեանին, Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2020-ին, «FLY» բարեսիրական կազմակերպութիւնը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանը եւ նոր դպրոցական տարեշրջանի սեմին, աշակերտութեան նուիրեց գրենական պիտոյքներ:

 

ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ Պապական Նուիրակի խորհրդատու՝ Գեր. Ֆիլիփօ Գոլակօ այցելեց Քեսապի հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ վանքը: Եկեղեցւոյ մուտքին հայր Նարեկ վարդապետ եւ եկեղեցւոյ «Օժանդակ մարմին»ը դիմաւորեցին հիւր հոգեւորականը եւ բոլորը առաջնորդուեցան Ս. Միքայէլ եկեղեցի: Աղօթքէն ետք՝ Հայր Նարեկ խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց հիւր հոգեւորականին, ապա կատարեց եկեղեցւոյ պատմականը: Գեր. Գոլակօ մեծ հետաքրքրութեամբ այցելեց վանքին զանազան բաժինները՝«Կիլիկիա թանգարան»ը եւ «Հ. Մեսրոպ Ճուրեան մատենադարան»ը: Ապա բոլորը ուղղուեցան «Աղաճանեան» դահլիճ ուր տեղի ունեցաւ զրոյց զանազան նիւթերու շուրջ:

Իր այցելութեան աւարտին Գեր. Գոլակօ գոհունակութիւն յայտնեց մօտէն ծանօթանալուն համար Քեսապին եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ տեղեակ ըլլալուն երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի՝ Քեսապը թրքական լուծէն ազատելու իր կատարած միջամտութեան՝ 1939 թուականին:

 

«ՔԱՐԻԹԱՍ ՍՈՒՐԻԱ» ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ

Ընդառաջելով Քեսապի ժողովրդապետ՝ Հայր Նարեկ Լուիսեանի եւ «Օժանդակ մարմնի» դիմումնագրին, որուն մէջ կը խնդրէին տրամադրել Քեսապի բնակիչներուն բժշկական անհրաժեշտ սարքեր, Չորեքշաբթի, 7 Հոկտեմբերին, Քեսապ ժամանեցին «Սուրիոյ Քարիթաս»ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի անդամները, գլխաւորութեամբ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Ժորժինա Քրիսթօ Քարաէսքոյի: Հայր Նարեկ պաշտօնական թուղթերը ստորագրելէ ետք, ստանձնեց բժշկական սարքերը, որոնք տեղադրուեցան «Անարատ Յղութեան» եկեղեցական սրահին կից՝ յատուկ բժշկական կեդրոնին մէջ, որ կոչուեցաւ «Տիրամայր Նարեկի կեդրոն»:

Վերոնշեալ բժշկական սարքերը տրամադրելի են անխտիր բոլոր քեսապահայութեան անվճար դրութեամբ, պայմանաւ որ գործածութեան աւարտին ետ վերադարձուին կեդրոնին:

Նոյնպէս Քեսապ ժամանեցին «Քարիթաս Սուրիա»ի Դամասկոսի ներկայացուցիչները Հոկտեմբեր 19-ին եւ ժողովրդապետութեան տրամադրութեան տակ դրին բժշկական այլ պիտոյքներ, որոնք մեծ օգուտ պիտի հանդիսանան քեսապահայերուն եւ յատկապէս կարիքաւորներուն:

 

«ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒ» ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2020-ին, Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Նարեկ վարդապետ Լուիսեան Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցանեց քահանայական կոչումներու դիտաւորութեան :

Քարոզի ընթացքին Հայր Նարեկ խօսքը ուղղելով ներկայ պատանիներուն ըսաւ. «Յիսուս կը հրաւիրէ ձեզ իրեն հետեւելու։ Երբ հրաւէրը լսէք ընդառաջեցէք Քրիստոսի կանչին, ինչպէս ձեր բարեկամները ըրին, որովհետեւ Հայ Եկեղեցին եւ հայ ազգը կարիքը ունին նուիրեալ եւ ծառայասէր եկեղեցականներու»:

«Քեսապի Ս. Միքայէլ ժողովրդապետութիւնը կը հպարտանայ իր նուիրեալ եւ շնորհալի հինգ քեսապցի հայ կաթողիկէ նորընծաներով, որոնք լսեցին Քրիստոսի կանչը եւ այսօր որպէս նորընծաներ կը գտնուին Լիբանանի Մխիթարեաններու դպրեվանքին մէջ»:

Հայր Նարեկ աւարտեց խօսքը ըսելով. «Թող Աստուած հաստատ պահէ իրենց սուրբ կոչումը եւ արժանանան քահանայական սուրբ աստիճանին, բարեխօսութեամբ Տիրամայր Զմմառու եւ Տիրամայր Քեսապի»: