ՄԵՐԿԱՑԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԶԳԵՆՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԸ (Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին)

ՄԵՐԿԱՑԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԶԳԵՆՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԸ  (Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին)

ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ


Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիիզացի, միջնադարեան արեւմտեան մեծ անձնաւորութիւն մը, որ իր կենցաղով ու գործերով կարողացաւ օրինակ դառնալ սիրոյ եւ խոնարհութեան առաքինութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր ժամանակակիցներուն սորվեցնել պարզութեան եւ աղքատութեան իմաստը։ Ուզեց հետեւիլ Քրիստոսի, նոյնիսկ խաչի ճանապարհին վրայ, եւ համբերութեամբ տանիլ ամէն տեսակի չարչարանք եւ զոհողութիւն։

Ֆրանչիսկոս ծնած է 1181-ին վերջերը կամ 1182-ին սկիզբը, Իտալիոյ Ասսիզի քաղաքը։ Զաւակն է Փիէթրօ Տի Պէրնարտոնէի՝ կտորի վաճառական, շէնքերու եւ գիւղական բնակավայրերու սեփականատէր, ազնուական մեծահարուստ ընտանիքներու կարգին պատկանող անձնաւորութիւն մը։ Իսկ մայրը՝ Տօնա Ճօաննա Բիքա, ֆրանսական արմատներ ունեցող ազնուական տիկին մըն էր։ Անոր ծնունդին, հայրը գործով կը գտնուէր ֆրանսա։ Մայրը կը մկրտէ զինք եւ կը կոչէ Ճիովաննի (Յովհաննէս)։ Հայրը՝ վերադարձին, մեծ յաջողութիւններ տարած ըլլալով Ֆրանսայի մէջ, կ’ուզէ յաւերժացնել իր այս ճամբորդութեան յիշատակը, եւ կ’որոշէ մանուկը Ֆրանչիսկոս կոչել, որ կը նշանակէ Ֆրանսացի։

Ան եկեղեցւոյ մէջ կը սորվի լատիներէն, սակայն գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու փոխարէն, ձեռք կը բերէ արհեստագիտական կազմաւորում: Սիրահարուած էր երգի եւ մեծ հիացմունք ունէր ասպետական արժէքներուն. միշտ կ’երազէր դառնալ հերոս մը: Ճանչցուած էր իր շռայլութեամբ՝ քաղաքի կենսուրախ, ազնուական եւ քաղքենի իր բարեկամներուն մէջ։ Կ’օգտագործէր հարստութիւնը իր անձնական քմահաճոյքներուն համար, փոխանակ մտածելու կարօտեալին։ Ֆրանչիսկոս ժամանակ չի կորսնցնէր յանձնուելու նաեւ իր ասպետական փափաքներուն։ Քսան տարեկանին կ’որոշէ մասնակցիլ Ասսիզիի եւ Պերուճիայի (Perugia) միջեւ տեղի ունեցած պատերազմին: Նոյեմբեր 1202-ին կը բանտարկուի, սակայն իր հօր վճարած փրկագինին փոխարէն ազատ կ’արձակուի 1203 թուականին։

Բանտարկութեան շրջանին ան կը հիւանդանայ, եւ երբ ազատ կ’արձակուի ու կը սկսի բուժումի ենթարկուիլ, Ֆրանչիսկոս առիթ կ’ունենայ մտածելու իր ապրած կեանքին մասին, ու կը սկսի հոգեւոր որոշ զարթնում մը ունենալ։ Ան անհաճոյ զգացումներով կ’արժեւորէ իր կեանքը։ Կը դիտէ իր շուրջը, սակայն անպատասխան կը մնայ։ Հետզհետէ իր աչքերը կը բացուին, եւ կը կարողանայ տարբեր դիտանկիւնէ դիտել աշխարհը։ Կը ճաշակէ Աստուծոյ բարութիւնը եւ կ’երազէ նոր ընկերութիւն մը՝ հիմնուած ազատութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն վրայ։

Հոգեւոր իր այս ծարաւը յագեցնելու նպատակով, ան կ’այցելէ շրջանի տարբեր եկեղեցիները։ Մինչ այդ կը հանդիպի բորոտի մը, եւ ձիուն վրայէն իջնելով անոր կը համբուրէ, եւ զայն կը կոչէ խաղաղութեան համբոյր։ 1205-ին, մինչ Ասսիզիի սուրբ Տամիանոս եկեղեցւոյ մէջ կ’աղօթէր, կը լսէ Խաչեալին ձայնը որ կ’ըսէ իրեն. «Ֆրանչիսկոս, գնա՛ եւ նորոգէ՛ տունս, որ, ինչպէս կը տեսնես, քանդուած է»։ Ան անմիջապէս կ’որոշէ սուրբ Տամիանոսի քանդուած փոքրիկ եկեղեցին վերաշինել։ Սակայն Աստուծոյ կոչը շատ աւելի խոր էր. Ֆրանչիսկոս կանչուած էր Քրիստոսի Եկեղեցին նորոգելու։ Աշխարհիկ հարուստ երիտասարդը իր սպասած պատասխանը կը գտնէ՝ շինել Աստուծոյ տունը։ Ան կը հրաժարի ամէն տեսակի հարստութենէ, կը մերկանայ հին մարդը, որպէսզի զգենու Քրիստոսը։

Այս կոչը կու գայ միանալու Իննոսան Գ. (Innocent III) Սրբազան Քահանայապետի տեսիլքին։ 1207-ին, ան երազին մէջ կը տեսնէ Հռոմի Սուրբ Յովհաննէս Լաթերանի Տաճարը, որ կը քանդուէր, եւ փոքրիկ ու անյայտ կրօնաւոր մը զայն կը փորձէր շալկել իր ուսերուն վրայ, որպէսզի չիյնար։ Երբ Ֆրանչիսկոս կ’այցելէ Քահանայապետին, վերջինս անմիջապէս զինք կը ճանչնայ։ Իննոսան Գ. Քահանայապետը հանճարեղ Պապ մըն էր, մեծ աստուածաբան եւ գործօն քաղաքական կեանքին մէջ, բայց, հակառակ այս բոլոր կարողութիւններուն, իրեն չէր վիճակուած նորոգել Եկեղեցին, այլ՝ անյայտ ու փոքրիկ կրօնաւորի մը։ Սակայն միւս կողմէն, կարեւոր է նշել թէ սուրբ Ֆրանչիսկոս չի նորոգէր Եկեղեցին առանց Քահանայապետին արտօնութեան եւ օրհնութեան, կամ անոր կամքին հակառակ, այլ՝ հաղորդութեան մէջ մտնելով անոր հետ։ Սուրբ Պետրոսի յաջորդը եւ Սուրբ Հոգիին ստեղծած այս նոր քարիզմը միասին կը գործեն Եկեղեցւոյ բարիքին համար։

Ֆրանչիսկոսի ծնողքը, երբ կը նկատէ այս փոփոխութիւնները, ոչ մէկ բան կը խնայեն անոր միտքը փոխելու համար։ Հայրը կատաղի միջոցներով կը փորձէ վերադարձնել զաւակը իր շինած հարուստ աշխարհին, մինչեւ իսկ կը բանտարկէ զինք, սակայն այդ բոլորը ապարդիւն կը մնան։ Օր մը երբ անոր հայրը կը տեսնէ զինք որ իր հանդերձներն, իրերը ու ամբողջ ունեցուածքը աղքատներու կը բաժնէր, աւելիով կը կատղի, ու Ֆրանչիսկոսը քշելով Ասսիզիի հրապարակը կը տանի, որպէսզի դատուի մեծամեծներուն կողմէ։ Երբ ներկաները իրենց դատողական խօսքերը կ’արտասանեն, Ֆրանչիսկոս իր հագած զգեստները կը հանէ վրայէն, մինչեւ իսկ կօշիկները, եւ զանոնք հօրը յանձնելով կ’ըսէ. «Մինչեւ օրս քեզ հայր կոչեցի այս աշխարհին մէջ, այսուհետեւ Աստուծոյ կրնամ ըսել. Հայր մեր, որ երկինքն ես, քանի որ իրեն վստահեցայ իմ հարստութիւնս, եւ իրեն յանձնեցի հաւատքս»։ Այս խօսքին վրայ տեղւոյն եպիսկոպոսը իր վերարկուով կը ծածկէ զինք, ցոյց տալու համար թէ Եկեղեցին այսուհետեւ իր պաշտպանութեան տակ պիտի առնէր Ֆրանչիսկոսը։ Մարդուն ստեղծագործութեան առաջին պատկերը յիշեցնելով, Ֆրանչիսկոս՝ Աստուծոյ պարգեւած կեանքէն զատ ուրիշ ոչ մէկ բան ունէր այլեւս։ Եւ մերկ վիճակի մէջ, Ֆրանչիսկոս կը ձգէ բազմութիւնը ու կը հեռանայ։

Կ’երթայ որպէսզի Եկեղեցին շինէ։ Կը շինէ աղքատին, մուրացկանին, անտեսուածին, անտունին, բորոտին, հիւանդին, անօթիին Եկեղեցին։

1208-ին, հիմնական ուրիշ դէպք մը եւս կը պատահի։ Լսելով Աւետարանին հատուածը ուր Քրիստոս կը ղրկէ իր առաքեալները առաքելութեան, խնդրելով անոնցմէ որ ոչինչ առնեն իրենց հետ, Ֆրանչիսկոս կը զգայ թէ ինք կանչուած էր ապրելու նոյնպէս, եւ ինքզինք տրամադրելու քարոզութեան։ Ան լաւ կը հասկնայ իմաստը իր կոչումին եւ աղքատութեան ուխտը կը կատարէ։

Իր առաջին աշակերտները կ’ըլլան Պէրնարտ Տը Քուինդաւալլէն եւ Փիէռ Տը Քադանէն։ Քիչ ժամանակ ետք ինքզինք կը գտնէ շրջապատուած փոքրիկ հասարակութեամբ մը, որոնց հետ միասին կը հիմնէ Ֆրանչիսկեան միաբանութիւնը, զոր կը կոչէ «Փոքրիկ եղբայրներ», նկատի ունենալով ամէնէն փոքրիկները որոնց մասին Քրիստոս կը խօսի Աւետարանին մէջ։ Ֆրանչիսկոսի նպատակն էր Աստուծոյ ժողովուրդը վերանորոգել հնազանդելով Աստուծոյ Խօսքին եւ քարոզելով անոր ներկայութիւնը։

1209-ին, իր առաջին ընկերակիցներուն հետ միասին կը մեկնի Հռոմ, կը հանդիպի Իննոսան Գ. Սրբազան Քահանայապետին, որուն օրհնութիւնը կ’առնէ սկսելու համար իր առաքելութիւնը։ Քահանայապետը կ’ընդունի զինք հայրական զգացումներով։ Աղքատ Ասսիզացին կը հասկնայ թէ ամէն քարիզմ տրուած Սուրբ Հոգիէն պէտք է տրամադրուի Եկեղեցւոյ՝ Քրիստոսի Մարմնոյն ծառայութեան համար։

Ֆրանչիսկոսի մէջ յատուկ սէր մը կը ծնի ամբողջ ստեղծագործութեան հանդէպ։ Բոլորովին կը ձերբազատուի աշխարհիկ հարստութիւններէն, եւ կը դառնայ աղքատ եւ մուրացկան։ Իրեն ժամանակակից ամէնէն աղքատին նման կը հագուի, որպէսզի նոյնիսկ արտաքինով տարբեր չըլլայ անոնցմէ։ Կեանքին նպատակը կ’ըլլայ յայտարարել բարի լուրը, որպէսզի ամէն տեղ ցանէ ուրախութիւն, յոյս, խաղաղութիւն եւ սէր։

Ֆրանչիսկոս կը միանայ աղքատին, անտեսուածին, անտունին։ Կը հակառակի բոլոր անարդարութիւններուն եւ անհաւասարութիւններուն։ Աղօթքին մէջ կը գտնէ իր ամբողջ ուժը սիրելու համար ուրիշը եւ օգնելու անոր։ Կը նկատէ թէ ամբողջ ստեղծագործութիւնը մէկ ընտանիք կը կազմէ, համաշխարհային եղբայրութիւն մը։ Կը հրաւիրէ համայն մարդկութիւնը սիրելու եւ յարգելու մեր մայրը՝ Աշխարհը, մեր քոյրը՝ Լուսինը, մեր եղբայրը՝ Արեւը… Այս պատճառով է որ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը, 1979-ին զինք կը հռչակէ «Պաշտպան բնապահպաններու»։ 

1212-ին, Գլարա Օֆֆրէտիռիոն, ազնուական ընտանիքի պատկանող գեղեցիկ օրիորդը, ապագայ սրբուհի Գլարան, որ նախապէս սիրահարն էր Ֆրանչիսկոսին, կ’որոշէ միանալ անոր, եւ միասին կը հիմնեն Աղքատ Տիկիններու Ուխտը, որ յետագային կը կոչուի «Գլարայի քոյրերը»։ 1217-էն սկսեալ, Ֆրանչիսկեան միաբանութիւնը կը տարածուի ամէնուրէք, նոյնիսկ Իտալիայէն դուրս, եւ սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան թուականին, արդէն իսկ կը հաշուէր մօտաւորապէս 5000 եղբայրներ ։

1219-ին, Ֆրանչիսկոս կը մեկնի Եգիպտոս եւ կը հանդիպի Սուլթան Մէլիք Ալ Քամէլի հետ, որուն կը փորձէ դարձի բերել. թէեւ կ’արժանանայ անոր գնահատանքին, սակայն ապարդիւն կը մնան իր ջանքերը։ Այս պատճառաւ 1986-էն սկսեալ, Ասսիզի քաղաքին մէջ ամէն տարի աղօթքի եւ երկխօսութեան միջ-կրօնական հանդիպումներ տեղի կ’ունենան, ինչպէս փափաքած ու սկիզբ տուած էր սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը։

1222-ին, Պոլոնիայի մէջ կը հիմնէ աշխարհականներու վերապահուած կարգ մը, որուն կրնան անդամակցիլ նաեւ ամուսնացած մարդիկ, եւ որ այսօր կը կոչուի Ֆրանչիսկեան Աշխարհականներու Կարգ։ Հետզհետէ, Ֆրանչիսկոս կը քաշուի աշխարհէն եւ կ’ուզէ ճգնաւորի նման ապրիլ։ 1224-ի Սեպտեմբերին, մինչ ծոմ կը պահէր եւ կ’աղօթէր Վէրնա լերան վրայ, անոր ձեռքերուն, ոտքերուն, եւ կողին կը յայտնուին խաչեալ Քրիստոսի վէրքերը, պարգեւ մը որ ցոյց կու տայ իր ամբողջական ձգտումը նմանելու Յիսուս Քրիստոսի։

3 Հոկտեմբեր 1226-ին, օրհնելէ ետք իր հոգեւոր եղբայրները, Ֆրանչիսկոս՝ երկարած մերկ գետնի վրայ, կը փակէ իր աչքերը այս աշխարհին մէջ, որպէսզի ծնի Երկինքին մէջ, դէմ առ դէմ հանդիպում ունենայ Աստուծոյ հետ եւ հոնկէ շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Իր մահէն ետք, Եկեղեցին զինք կը հռչակէ «Սուրբ», որովհետեւ ան ապրեցաւ Աւետարանին շունչով, գործեց Քրիստոսի ուսուցումներուն համաձայն, եւ անոր ապրած առաքինութիւնները օրինակ եղան մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Ան եղաւ սիրող, խաղաղարար, խոնարհ, արդար, բարեպաշտ, եղբայրասէր մարդ մը։ Մինչեւ օրս տակաւին, հազարաւոր մարդիկ հետեւելով սուրբ Ֆրանչիսկոսի քայլերուն, կ’որոշեն նուիրուիլ Եկեղեցւոյ եւ համայն մարդկութեան ծառայութեան։

Այսօր եւս, սուրբ Ֆրանչիսկոս շատ բան ունի ըսելիք մեզմէ իւրաքանչիւրին, շատ բան ունի սորվեցնելիք այսօրուան ընկերութիւններուն, որոնք հետզհետէ կը քանդուին, շատ բան ունի ըսելիք այսօրուան ղեկավարներուն ու քաղաքականութեամբ զբաղող մարդոց, որոնք յաճախ իրենց անձնական շահերը կը գերադասեն։ Ան իսկական սրբապատկերն է Քրիստոսի՝ այս աշխարհին վրայ։ Անոր նպատակն էր ըլլալ Յիսուսի նման, խոկալ Քրիստոսը Աւետարանին մէջ, ուժգին սիրել զինք։ «Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ իրենց է Երկինքի Արքայութիւնը», Աւետարանի այս առաջին երանութեան հետեւելով, սուրբ Ֆրանչիսկոս աղքատութիւնը ապրեցաւ որպէս հիմնական արժէք մը իր կեանքին մէջ։

Ո՛վ սուրբ Ֆրանչիսկոս, սորվեցո՛ւր մեզի մերկանալ աշխարհիկ անցողակի հարստութիւններէն, որպէսզի զգենունք Քրիստոսը։ Այնպէս ըրէ՛ որ մենք ալ կարող ըլլանք սիրել Քրիստոսը, նմանիլ Անոր, ու հետեւիլ Իրեն նոյնիսկ խաչի ճանապարհին վրայ։ Ո՛վ սուրբ Ֆրանչիսկոս, բարեխօսէ՛ մեզի համար։