ՀՐԱՇՔ ՄԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԴԻՄԱՑ

ՀՐԱՇՔ ՄԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԴԻՄԱՑ

ՀՐԱՉ ՔԱՋԱՐԵՆՑ

———————–

Լիբանան, երբեմնի Փիւնիկէն, աշխարհի հնագոյն եւ միանգամայն նորագոյն երկիրներէն մէկն է։

Զայն ճանչցած են նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանի ազգերէն շատեր։ Ոմանց անունները հազիւ կը յիշուին. միւսներուն անունները չեն յիշուիր իսկ։

Քրիստոնէական ժամանակաշրջանի ազգերը եւս ճանչցած են զայն։

Վաղնջական քաղաքները – Պիպլոս, Վերիտոն, Տիւրոս, Սիդոն, դարձած են Ճըպէյլ, Պէյրութ, Սուր, Սայտա։

Արեւմուտքի քաղաքակրթութիւնը հին Լիբանանին կը պարտի իր հիմունքին տարերքը,- Ալփաբե՛տը, որով մշակութապէս ծաղկեցաւ Հելլադա, որով զօրացաւ Իտալիա, որով հետզհետէ բարգաւաճեցան նոր – լատին ազգերն ու գերմանացեղ ժողովուրդները։ Սլաւական Այբուբենը եւս տիպար ունեցած է փիւնիկեան Ալփաբետը։ Հայոց դպրութեան հիմնադիրը, Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց, աչքի առջեւ ունեցած է ուղղակի հելլէնական այբուբենը, անուղղակի՝ փիւնիկեան այբուբենը, յօրինելու համար հայկական գիրերը, կազմելու համար գլուխ-գործոցը՝ «Ալփաբետներու Ալփաբետը», ինչպէս կը վկայեն համեմատական լեզուագիտութեան մագիստրոսները։ Արաբական մշակոյթը բարիք ընծայած է Լիբանանի, եւ բարիք ընդունած է Լիբանանէն։ Ամբողջ աշխարհ պարտական է Լիբանանին։ Եւ Լիբանան երախտագէտ է ամբողջ աշխարհին, անկէ ընդունած բարիքներուն համար։ Գլխաւոր բարիքը՝ իր ազատութիւնն է եւ գերիշխանութիւնը, որ օգտակար է ո՛չ միայն իրեն, այլեւ մերձակայ եւ հեռակայ երկիրներուն։

Լիբանան համադրութիւնն է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քաղաքակրթութիւններուն։ Ազնիւ, ասպնջական երկիր, ուր կը ծաղկին լեզուներն ու մշակոյթները, ուր կը գոյակցին տարբեր դաւանանքի եւ տարբեր ցեղի մարդիկ։ Հայ ազգին զաւակները, իրենց ծննդավայրերուն կորուստէն ետք, աղիտահար եւ դողահար, այստեղ գտան իրենց ապաստանը։ Ապաստանը դարձաւ իրենց համար հայրենիք մը։ Աշխարհի դժբախտներն ու վիրաւորները՝ այստեղ բալասանեցին իրենց վէրքերը։

Լիբանան, հրա՛շք մը՝ աշխարհի դիմաց։ Չկայ ուրիշ երկիր մը, որ այսքան փոքր տարածութեան մը վրայ, այսքան մեծ բարիք գործած ըլլայ։

Լիբանան արժանի ամբողջ աշխարհի գուրգուրանքին։

Լիբանանցիները, առանց դաւանանքի եւ ցեղի խտրութեան, պարտին փարիլ իրարու, Աշխարհի ազգերուն հիացումին դիմաց։

 

«ՄԱՍԻՍ» – 22 Փետրուար, 1976