ԱՇԽԱՐՀԻ ԴԵՐԲՈՒԿ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ…

ԱՇԽԱՐՀԻ ԴԵՐԲՈՒԿ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ…

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

————————–

Բանախօսը ընդհատեց պահ մը իր զեկոյցը։ Աչքերը ուղղեց ունկնդիրներուն, որոնք ամենայն լրջութեամբ կը հետեւէին իրեն։

Կը խօսէր սովի մասին, առնչելով՝ մերթ ընդ մերթ՝ իրապաշտ նկարագրումներ, որոնք սոսկում կ’ազդէին։

Հնդկաստան կատարած ճամբորդութիւն մը հոգեպէս վրդոված էր զինք. «Հո՛ն, ուր ուտելիք չկայ… Հո՛ն, ուր առաջին անգամ ըլլալով զգացի դաժանութիւնը անօթութեան»։

Սքանչելիօրէն ուսումնասիրած էր նիւթը ու ոչինչ թողած՝ լուսանցքին մէջ։ Երբ հասաւ Ափրիկէի սուաղած ու սովալլուկ մանուկներուն, մթագնեցաւ իր հայեացքը։ Նայեցաւ դիմացը. ապա՝ շուրջը, կարծէք փնտռէր մէկը՝ հաշիւ պահանջելու համար։

Ու երաշխաւորեց իր վերլուծումներուն արժանահաւատութիւնը՝ մէջբերելով հատուածներ գիտական թերթերէ, տուեալներ նորագոյն վիճակագրութիւններէ ու հառաչեց տխրազգած. «Միջազգային օգնութեան եօթը առ հարիւրը միայն կը հասնի անոնց»։

Հակասութիւններու ու ներհակընդդէմ կիրքերու շաղուածք մըն է մարդս։ Կարող՝ հինգ տասնամեակներու ակնթարթին մէջ ե՛ւ խանձել ամբողջ երկրագունդը համաշխարհային զոյգ պատերազմներով, ե՛ւ ալ գրել սխրալի էջ մը՝ Լուսնի դարը։

Հետագային, այդ նոյն մարդը չկարողացաւ, սակայն, նոյնքան ալ սխրալի կեանք մը երկնել ինքնիրեն համար։

Անջրպետէն անդին, գերարդիական արբանեակներու թաւալքը, օր ու գիշեր կը պարուրէ պատրանքային երազներով միլիոնաւոր ժողովուրդներ։

Մինչդեռ վարը, աշխարհի դերբուկ ճամբաներուն վրայ, մանուկներ անհամար կը շարունակեն մեռնիլ սովահար, առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ։

Հեղձուցիչ եւ տխուր վերլուծումներ…։ Խոկումներս կը հեռանան պահ մը բանախօսի ամպիոնէն։ Աւետարանական դրուագ մը զիս կը յափշտակէ։

Ու կը մտածեմ, թէ այդքան ալ տխուր չէր այդ օրը, երբ Աստուածային Վարդապետը իր գիրկն առնելով մանուկները՝ ձեռքը վրանին կը դնէր (Մարկոս 10, 16)։

Քնքուշ էջ եւ որքա՜ն խառնաշփոթ տեսարան։

Աշակերտներ, որ կը սաստեն եւ իրարանցում կը ստեղծեն։

Եւ Քրիստոս, որ կը բարկանայ ու կը յանդիմանէ. «Թոյլ տուէք մանուկներուն, որ ինծի գան եւ մի՛արգիլէք» (Մարկոս 10, 14 )։

«Եւ օրհնեց», կը յարէ աւետարանիչը նրբօրէն ( Մարկոս 10, 16 )։

Կը վերադառնամ բանախօսին, որ կ’աւարտէր իր զեկոյցը՝ ակնարկելով իտալացի Տի Քրեշենծօ գրող-բեմադրիչին խօսքերուն. «Այսօր, մարդկութեան հարիւրէ եօթանասունը տակաւին կը մեռնի սովաբեկ , մինչ անդին երեսուն առ հարիւրը սննդականոնի կը հետեւի»։

«Հարիւրէ եօթանասունը…»։

Դժբախտ իրողութիւններն ու ցաւերը մարդկային՝ ներկայ դարուս կը չափուին տոկոսներու եւ համեմատութիւններու նժարներով ու կը սակարկուին յաճախ «դրամի բանալիով»։

Բայց, կը մնան այդպէս ամուլ…ու՝ ընդերկար ։

Սոսկ աստուածային հայեացքը՝ «Եւ օրհնեց»՝ կարող է վերացնել այդ «հարիւրէ եօթանասունը», ու պայծառակերպել աղերսահայց աչքերը հոն տուայտող մանուկներուն, որոնք պատառ մը հաց կը թախանձեն։