Արցախեան նորագոյն գոյամարտի օրերուն, 2020 թուականի Հոկտեմբեր 8-ին, թշնամին անգամ մը եւս թիրախ ընտրեց հայկական դարաւոր մշակութային կոթողները, հրթիռակոծելով Շուշիի խորհրդանիշ Ղազանչեցոց եկեղեցին։ Ի վերջոյ, երբ չյաջողեցաւ կոտրել հայու կամքը, թշնամին իր մաղձը թափեց հայկական խորհրդանիշներու եւ Արցախի հայկականութիւնը յուշող կոթողներուն վրայ։ Պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք։ 1920-ի Շուշիի ջարդերէն յետոյ այն նոյնպէս քանդուած էր, իսկ 1988-ի Արցախեան պատերազմի ընթացքին եկեղեցին հակամարտող կողմերու համար կարեւոր նշանակութիւն ունէր։ Հայկական կողմին համար այն կը հանդիսանայ քրիստոնէական հաւատքի խորհրդանիշ, իսկ ազրպէյճանական զինուած ուժերու համար՝ Կրատ հրթիռային համալիրի հրթիռներու պահեստ։ Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութենէն յետոյ աւերուած գմբէթը վերականգնուած էր 1998 թուականին։ Այս անգամ եւս պիտի վերակառուցենք… որովհետեւ՝ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ։
***
Շուշին այլեւս ազատագրուած էր, երբ հայ ազատամարտիկները յաղթանակած մտան քաղաք ու տեսան, որ եկեղեցւոյ հրեշտակներու արձանները ոչնչացուած են։ Սակայն շուտով, եկեղեցւոյ շրջակայքին ուրիշ, իրական հրեշտակներ յայտնուեցան։ Ազատամարտիկները վերադարձան իրենց երեխաներու հետ, որպէսզի Ղազանչեցոցը կրկին հրեշտակներով զարդարուած ըլլայ։
Հետաքրքրականն ու խորհրդանշականը այն է, որ լուսանկարին մէջ փոքրիկներէն մէկը կարծես հրեշտակի թեւերով է. այդ պատահականութիւն է։ Փոքրիկին «թեւերը» յառաջացած էին ազատամարտիկի ձեռքի թաշկինակէն… բայց անմահացուցած էր այս լուսանկարը։
Ն.Է.Ն.