«ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ, ՈՒ ԱՇԽԱՐՀ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԱՅԴ ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ՝ ՈՐ Է ԼԻԲԱՆԱՆԸ»

«ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ, ՈՒ ԱՇԽԱՐՀ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ԱՅԴ ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ՝ ՈՐ Է ԼԻԲԱՆԱՆԸ»

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Կարդինալ Փարոլին Լիբանան եկաւ Քահանայապետին որոշումով՝ Լիբանանցի ժողովուրդին հետ միասին ապրելու համար նոյնինքն Քահանայապետին կողմէ հռչակուած Լիբանանի համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան տիեզերական օրը՝ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն մէկ ամիս անց։

«Լիբանանը մինակ մի՛ լքէք։ Լիբանանը պէտք ունի աշխարհին, ու աշխարհը պէտք ունի այդ բազմազանութեան իւրայատուկ փորձառութեան՝ որ է Լիբանանը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին Պէյրութի Մարոնիներու Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, քրիստոնեայ եկեղեցական ղեկավարներու ուղղած իր խօսքին մէջ։

Միասին խաղաղութեան մէջ եւ պատասխանատուութեամբ

«Մեր տառապանքը կարող է մեզի օգնել բիւրեղացնելու մեր դիտաւորութիւնները եւ զօրացնելու մեր վճռակամութիւնը խաղաղութեամբ եւ արժանապատուութեամբ միասին ապրելու համար ու պայքարելու՝ ի նպաստ աւելի լաւ կառավարութեան մը, որ խթանէ պատասխանատուութիւնը եւ թափանցիկութիւնը։ Միասին կարող ենք յաղթահարել բռնութիւնը, խթանելով ներառող քաղաքացիութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ հիմնական իրաւունքի եւ պարտականութիւններու վրայ», ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Փարոլին, խնդրելով՝ պնդել որպէսզի լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները անկեղծութեամբ եւ գործնական գետնի վրայ խթանեն երիտասարդներու տաղանդները ու անոնց խաղաղութեան եւ աւելի լաւ ապագայի մը ձգտումները։ Ծիրանաւորը հուսկ ընդգծեց զօրակցութեան գեղեցիկ օրինակները որոնք տեղի ունեցան համայն Պէյրութի մէջ. «Ժեստեր՝ որոնք կը հզօրացնեն ապագայի նկատմամբ յոյսը» հաստատեց ան։

Լիբանան մինակ չէ

«Լիբանանցիները պիտի վերակառուցեն իրենց երկիրը, բարեկամներու օժանդակութեամբ եւ հասկացողութեան, երկխօսութեան ու համակեցութեան հոգիով, որ եղած է միշտ անոնց յատկանիշը»։ Ասոնք եւս Կարդինալ Փարոլինի քաջալերական խօսքերն են, զոր ան արտասանեց Հարիսայի Սրբավայրին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։ Ան յիշեց վերջին տարուան ընթացքին Լիբանանին դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ «տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ճգնաժամը», «Քորոնավիրուսի համաճարակը, որ աւելիով ծանրացուց իրավիճակը» եւ Պէյրութի աղէտալի պայթումը՝ որ մեծ թշուառութիւն յառաջացուց»։

«Ճիշդ է որ լիբանանցիները կ’ապրին յուսալքումի պահ մը» ըսաւ Կարդինալը ու հաստատեց. «Սակայն անոնք մինակ չեն» յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը ու նաեւ այլ երկիրներու շօշափելի աջակցութիւնը։ Ան ապա յիշեցնելով Տիրոջ խօսքերը, որոնք հրաւէր մըն են յոյսի, վերահաստատեց՝ թէ «Պէյրութը պիտի վերածնի իր մոխիրներու ընդմէջէն, երկխօսութեամբ եւ զօրակցութեամբ ու հանրային սեփականութեան նկատմամբ նոր մօտեցումով ու հասարակաց բարիքի յատուկ ուշադրութեամբ, որ կը հիմնուի օրէնքներու յարգանքին վրայ, պարտականութիւններու եւ համընդհանուր պատասխանատուութեան վրայ»։

Ապագայ մը որ տակաւին պէտք է շարադրուի Մարիամի՝ Հարիսայի Սուրբ Կոյսին մայրական հովանիին ներքեւ, որպէսզի, ինչպէս ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը, Անոր շնորհիւ տարածուի «համակեցութեան բոյրը համայն Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ»։

 

Վատիկան

02/09/2020