Մաքրոնի Խորհուրդը Լիբանանցիներու Վերնախաւին. «ՈՒՐԻՇՆԵՐԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԱԿՆԿԱԼԵԼԷ ԱՌԱՋ, ՆԱԽ՝ ԴՈՒՔ ՁԵԶԻ ՕԳՆԵՑԷՔ…»

Մաքրոնի Խորհուրդը Լիբանանցիներու Վերնախաւին.  «ՈՒՐԻՇՆԵՐԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԱԿՆԿԱԼԵԼԷ ԱՌԱՋ, ՆԱԽ՝ ԴՈՒՔ ՁԵԶԻ ՕԳՆԵՑԷՔ…»

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

—————————–

1 Սեպտեմբեր 1920-ին, կնքահայրութեամբ Ֆրանսայի, զօրավար Կուրօ կը հնչակէր Մեծն Լիբանանի պետութեան ծնունդը։ Յաջորդող հարիւր տարիներու վերջին կէսէն սկսեալ, դժբախտաբար, լիբանանցիները՝ իրենց իսկ ձայներով իշխանութեան գլուխ բերուած պետական պաշտօնատարներու տհասութեան, հատուածականութեան կամ շահադիտութեան հետեւանքով խախտեցին Մեծն Լիբանանով հաստատուած խոստմնալի համակարգին հիմերը, նսեմացուցին այդ «մեծութիւնը» աստիճանաբար քայքայելով հարազատ համակարգին համապատասխան կառոյցները, արժէքները ու պայմանները որոնք յաւերժական Մայրիներու երկիրը արժանացուցած էին «Միջին Արեւելքի Զուիցերիա»ի բարի համբաւին։

Այսօր, Մեծն Լիբանանի հռչակումէն հարիւր տարի ետք, դարձեալ Ֆրանսան՝ իր քաւորի իրաւասութեամբ, լիազօրուած Միացեալ Ազգերուն, Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներուն եւ Վատիկանի կողմէ, եկաւ ամբողջական գահավիժումէ փրկել փորձելու տագնապահար, տառապահար, հոգեվարքի մատնուած իր սանը՝ Լիբանանը։ Արդարեւ, այսպիսի միջազգային լիազօրութիւներով զօրացած է որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը՝ Էմմանուէլ Մաքրոն փութաց Լիբանան փրկարար միջնորդութեամբ՝ հաւանաբար գիտակցելով հանդերձ դժուարութիւններուն որոնք կրնան յարուցուիլ տեղական հատուածներուն եւ ասոնց թիկունքին կանգնած շրջանային ուժերուն կողմէ՝ իր միջամտութիւնը առանց այս վերջիններուն կանխօրօք հաւանութեան կատարած ըլլալուն պատճառով։ Թէեւ Լիբանանի կացութեան հոլովոյթով շահագրգիռ տեղական եւ շրջանային ուժերը ֆրանսական միջնորդութեան արգելք չըլլալու, մինչեւ իսկ զայն դիւրացնելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին, սակայն կասկած չկար որ անոնց տրամադրութիւնը կախեալ պիտի ըլլար ֆրանսական միջնորդութեան ուղղութիւններէն։ Յամենայն դէպս, Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը նպաստեց Լիբանանի տնտեսական շրջափակումին վերջ դնելու եւ անոր վերականգնումին օգնելու միջազգաին պատրաստականութեան՝ պայմանաւ որ Լիբանան իրեն հանդէպ միջազգային վստահութիւնը վերահաստատող բարեփոխումները կատարէ։ Այս պայմանը լիբանանցիներուն յարգել տալու յոյսով է որ Մաքրոն եկաւ Լիբանան։ Տեսաւ ահռելի պայթումին գործած աննկարագրելի աւերը եւ շուտով նկատեց քաղաքական բեմին քայքայուածութիւնը եւ ասոր պատճառները։

 Փրոթոքոլային ձեւակերպութիւններէն հեռու՝ Մաքրոնի շփումները չսահմանափակուեցան Հանրապետութեան նախագահին եւ պաշտօնական փրոթոքոլով նախատեսուած պետական ներկայացուցիչներուն, այլ ընդգրկեցին երկրի քաղաքական, համայնքային վերնախաւը, եւ կարելի է ըսել որ մինչեւ իսկ ժողովրդային շրջանակները, որոնց զայրոյթին ու ապստամբութեան ականատես եղաւ եւ ականջալուր՝ անոնց բողոքներուն, ամբաստանութիւններուն եւ պահանջներուն, մասնաւորաբար երկրին քաղաքական դասը ամբողջութեամբ հեռացած տեսնելու պահանջին։

48 ժամ տենդագին շփումներ ունենալէ ետք լիբանանեան պետութեան բոլոր բաղկացուցիչներուն եւ քաղաքական ուժերուն հետ, բացայայտ դարձաւ որ Մաքրոն ասոնց ցոյց տուած է «ստեպղինը եւ գաւազանը» միաժամանակ, La carote ou le baton-ը, ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսական առածը, այլ խօսքով՝ 15 օր պայմանաժամ՝ կազմելու համար կառավարութիւն մը եւ շուրջ ութը շաբաթ՝ սկսելու համար բարեփոխումներու աշխատանքին, եթէ կ’ուզեն արժանանալ միջազգային ընտանիքի օգնութեան, որ 18 միլիառ ամերիկեան տոլարի համարժէք էր 1918-ին։ Սակայն այդ օգնութիւնը խոստացող երկիրները նկատած ըլլալով պահանջուած բարեփոխումներուն իրագործումին համար հրամայական պայմաններուն նկատմամբ Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ քաղաքական ուժերուն ցուցաբերած անտարբերութիւնը, անոնց՝ անձնական եւ հատուածական հաշիւներուն հետամտութիւնը, սառեցուցին խոստացուած օգնութիւնը։ Նախագահ Մաքրոն եկաւ՝ միջազգային աջակցութեան սառեցումին պատճառ նկատուած մարդոց դարձեալ ֆրանսական «aide toi et Dieu t’aidera» (Նախ դուն քեզի օգնէ եւ Աստուած քեզի կ’օգնէ) այնքան իմաստալից ասացուածքին հետեւողութեամբ ըսելու որ նախ դո՛ւք ձեզի օգնեցէք որպէսզի ուրիշներ ձեզի օգնեն, այլ խօսքով, սկսէք կատարել արմատական բարեփոխումները։

Այսօր, բոլոր անոնք որ միջազգային օգնութեան սառեցումին պատճառ կը նկատուին, այն «բոլո՛րը» որուն իշխանութենէն հեռացումը կը պահանջեն ապստամբ ցուցարարները, խոստացած են յարգել Ֆրանսայի նախագահին կողմէ դրուած պայմանները, զորս կարելի է ամփոփել չորս կէտերու մէջ.-

1) Անյապաղ (15 օրէն) կազմել մասնագէտներէ բաղկացած նոր կառավարութիւն մը եւ ոչ թէ աւանդական ուժերու ներկայացուցիչներէն բաղկացած աւանդական ձեւաչափով կառավարութիւն մը։

2) Կատարել միջազգային օգնութիւններու թափանցիկ եւ ճիշդ ձեւով յանձանձումը։

3) Սկսիլ բարեփոխումներուն, նախ ելեկտրականութեան մարզէն։

4) Նախապատրաստուիլ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու մէկ տարիէն։

Այն պահուն երբ այս տողերը մամուլին կը յանձնէինք, թէեւ սկսած էին կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները, սակայն միաժամանակ ի յայտ եկած էին աւանդական հոսանքներուն վերապահութիւնները՝ կասկածելի դարձնելով 15 օրուան պայմանաժամը յարգելու պայմանը։

Ֆրանսայի նախագահին՝ միջազգային քաւորի հանգամանքով օգտագործած խիստ ոճը յայտնապէս արդիւնքն են անոր կատարած այն յայտնաբերումներուն որոնց հետեւանքն է երկրին՝ քիչ է ըսել քայքայուած, եթէ ոչ մահամերձ վիճակը։ Մաքրոն հրապարակաւ չանդրադարձաւ, չէ՛ր կրնար անդրադառնալ այդ բացայայտումներուն որոնք պետական իշխանութիւնները եւ ասոնց ներկայացուցիչները պատասխանատու կը դարձնեն ստեղծուած վիճակին։ Անշուշտ չէր կրնար հրապարակաւ մատնանշել իր նկատած անհոգութեան, անտարբերութեան, չարաշահումներու, փտածութեան, հովանաւորչութեան եւ ոչ մասնագիտական մօտեցումներու մեղքերը, բայց զանոնք սրբագրուած տեսնելու պայմանը զգացուց խիստ ձեւով, ըսելով որ Դեկտեմբերին ի հարկին երրորդ անգամ մըն ալ պիտի գայ Լիբանան։ Ի՞նչ ընելու։ Հաւանաբար ստուգելու իրեն տրուած խոստումներուն ընթացքը, եւ այս անգամ լիազօրուած ոչ միայն Եւրոպային, Մ. Նահանգներուն, ՄԱԿ-ին եւ Վատիկանին կողմէ, այլ նաեւ լիբանանցի ապստամբ ժողովուրդին կողմէ։

 Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան որ արմատական բարեփոխումներուն համար անհրաժեշտ միջոցառումներն ու պայմանները յարգել խոստացող «պետերը» որքան անկեղծ էին։

15 / 09 / 2020