Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբերին, Վատիկանի Սան Տամազոյի Գաւիթին մէջ նախագահած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն կոչ ուղղեց Լիբանանին համար, ապա յայտարարեց, թէ Վատիկանի Պետական քարտուղարը՝ Քահանայապետի անունով Լիբանան պիտի մեկնի այնտեղ տանելու Սրբազան Պապին մօտիկութիւնը՝ Լիբանանին ի սպաս, աղօթքի եւ ծոմապահութեան միջազգային օրուան առթիւ որ տեղի ունեցաւ 4 Սեպտեմբերին։
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Պէյրութը հարուածող աղէտէն մէկ ամիս ետք, իմ մտածումս դարձեալ կ’երթայ սիրելի Լիբանանին ու յատուկէն անոր խոցուած ժողովուրդին։
Ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը, 30 տարի առաջ, երկրին պատմութեան վճռական մէկ պահուն ըսած էր, ես ալ այսօր կը կրկնեմ. «Լիբանանին իւրաքանչիւր բնակիչի կողմէ ճանչցուած, կրկնուող ողբերգութիւններու դիմաց, մենք իրազեկ կը դառնանք այն ծայրայեղ վտանգին որ կը սպառնայ նոյնինքն երկրի գոյութեան։ Լիբանանը կարելի չէ ձգել իր առանձնութեանը մէջ» (Լիբանանի կացութեան հայող Առաքելական նամակ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն, 7 Սեպտեմբեր 1989)։
Հարիւր տարիէ աւելի Լիբանանը եղաւ յոյսի երկիր։ Նաեւ իր պատմութեան խաւար պահերուն, լիբանանցիները կրցան պահպանել իրենց հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, եւ ցոյց տուին իրենց երկիրը հանդուրժողութեան վայր մը դարձնելու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգանքի եւ համակեցութեան վայր՝ միակը այդ տարածաշրջանին մէջ։
Խորապէս ճշմարիտ է այն հաստատումը, որ Լիբանանը կը ներկայացնէ պետութենէ աւելի բան մը. Լիբանանը ազատութեան պատգամ է, բազմազանութեան օրինակ է՝ ըլլայ Արեւելքին ըլլայ Արեւմուտքին համար։ Նոյնինքն երկրի եւ աշխարհի բարիքին համար՝ չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդ ժառանգութիւնը անհետանայ ։
Կը քաջալերեմ բոլոր լիբանանցիները, որ շարունակեն յուսալ եւ վերագտնել իրենց ուժերն ու անհրաժեշտ զօրութիւնը վերսկսելու համար։
Քաղաքական իշխանութիւններէն, կրօնապետերէն կը խնդրեմ, որ թափանցիկութեամբ, անկեղծութեամբ յանձնառու ըլլան վերակառուցման աշխատանքներուն, մէկդի դնելով անձնական շահերը ու գերադասելով հասարակաց բարիքն ու ազգի ապագան։
Կը վերանորոգեմ միջազգային ընտանիքին ուղղած հրաւէրս, զօրակցելու Լիբանանին՝ օգնելու եւ ծանր տագնապէն դուրս բերելու համար երկիրը՝ առանց ներգրաւուելու տարածաշրջանային լարուածութեան մէջ։
Յատուկէն կ’ողջունեմ պայթումէն ծանրապէս տուժած Պէյրութի բնակիչները։ Եղբայրներ, քա՛ջ եղէք. հաւատքն ու աղօթքը թող ձեր ուժը ըլլան։ Մի՛ լքէք ձեր տուներն ու ժառանգութիւնները, մի՛ խլէք երազը բոլոր այն մարդոց, որոնք հաւատացին գեղեցիկ եւ բարգաւաճ երկրի ապագային։
Սիրելի հովիւներ, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ, աշխարհականներ, շարունակեցէ՛ք ընկերանալ ձեր հաւատացեալներուն, եւ դո՛ւք եպիսկոպոսներ ու քահանաներ, ձեզմէ կը խնդրեմ առաքելական նախանձախնդրութիւն եւ աղքատութիւն եւ ոչ երբե՛ք շռայլութիւն։
Աղքատութիւն՝ տառապող, աղքատ ձեր ժողովուրդին հետ։ Անոնց տուէք աղքատութեան եւ հեզութեան օրինակը։ Օգնեցէ՛ք ձեր հաւատացեալներուն եւ ձեր ժողովուրդին վերականգնելու՝ նոր վերածնունդի մը դերակատարներ դառնալու։
Բոլորդ եղէք համերաշխութեան եւ վերանորոգումի գործիչներ, յանուն հասարակաց բարիքին, իսկական հանդիպումի մշակոյթին, միասնաբար խաղաղութեան մէջ ապրելու, եղբայրութեան․ շատ սիրելի բառ մը Սուրբ Ֆրանչիսկոսին։ Եղբայրութիւն․ թող այս համերաշխութիւնը ըլլայ վերանորոգում՝ հասարակաց բարիքին մէջ։
Այս հիման վրայ է որ կարելի է ապահովել քրիստոնէութեան ներկայութիւնը եւ ձեր անգին նպաստը երկրին, արաբական աշխարհին եւ համայն տարածաշրջանին, եղբայրութեան հոգիին, Լիբանանի մէջ գտնուող բոլոր կրօնական աւանդութիւններուն միջեւ։
Ասոր համար կը փափաքիմ բոլորդ հրաւիրել ապրելու յառաջիկայ 4 Սեպտեմբերին Լիբանանին նուիրուած աղօթքի եւ պահքի միջազգային օրը։
Մտադիր եմ, այդ օրը, իմ ներկայացուցիչս առաքել Լիբանան, ժողովուրդին ընկերանալու համար։ Այդ օրը իմ անունովս պիտի ժամանէ Պետական քարտուղարը։ Ան պիտի երթայ իմ մօտիկութիւնն ու աղօթքս ցուցաբերելու համայն Լիբանանի եւ Պէյրութի բնակչութեան։ Նեցուկ ենք նաեւ եղբայրասիրական շօշափելի յանձնառումով»։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, Լիբանանի ի սպաս յղած յատուկ կոչը աւարտեց հրաւիրելով այլ դաւանանքներու, կրօնական աւանդութիւններուն եղբայրներն ու քոյրերը, միանալու Լիբանանին նուիրուած միջազգային աղօթքի ձեռնարկին՝ «իրենց հնարաւոր միջոցներով, սակայն բոլորը միասին» ըսաւ Ան։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաւատացեալներէն խնդրեց, որ իրենց յոյսերն ու անձկութիւնները յանձնեն Հարիսայի Տիրամօր, հայցելով Տիրամօր զօրակցութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կ’ողբան իրենց սիրելիներուն կորուստը եւ քաջութիւն՝ բոլոր անոնց որոնք կորսնցուցին իրենց բնակարանները, որոնք մաս կը կազմեն իրենց կեանքին։
Թող Տիրամայրը բարեխօսէ Յիսուսի մօտ, որպէսզի Մայրիներուն երկիրը վերածաղկի եւ տարածէ միասնաբար ապրելու բոյրը՝ Միջին Արեւելքի եւ տարածաշրջանին մէջ։
Կոչի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակի վրայ ներկայ գտնուող հաւատացեալները հրաւիրեց ոտքի կանգնելու եւ պահ մը լռութեամբ Լիբանանի համար աղօթելու։
Վատիկան Նիուզ