ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ
——————————-
Անցնող շուրջ 30 տարիներու ընթացքին Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատունը համբաւ կերտեց երբ լիբանանեան դրամին արժէքը անփոփոխ պահեց տոլարի դիմաց 1515 լիբանանեան սակով եւ առեւտրական դրամատուներուն հանդէպ մեծ վստահութիւն ապահովեց, որուն հետեւանքով այս հաստատութիւններուն մէջ միլիառներով խնայողութիւններ հաւաքուեցան։ Դժբախտաբար, 2019-ի Հոկտեմբերին, մի քանի օրերու ընթացքին, այդ համբաւը եւ դրամատուներուն հանդէպ վստահութիւնը գրեթէ ամբողջովին փուլ եկան, երբ տոլարին գինը սանձարձակ կերպով սկսաւ մագլցում արձանագրել եւ դրամատուները անսպասելիօրէն դադրեցան ժողովուրդին դրամը վերադարձնել, յատկապէս երբ տոլարի դրամանիշով պահ դրուած է։
Լիբանանեան դրամի դիմաց տոլարի մինչեւ շուրջ 10 հազարի բարձրացումը անկայուն եւ շփոթահար վիճակ ստեղծեց ապրանքներու սպառման գիներուն մէջ, անմատչելի դարձնելով ապրուստը, մինչ Կեդրոնական դրամատունը, դրամին պաշտօնական գինը շարունակեց յայտարարել 1515 լ.ո., որպէսզի ամսաթոշակներու «սուտ» արժէքը պահուի եւ սկսաւ ապրուստի կենսական նիւթերու ներածման նպաստել, որպէսզի ահռելի սղութեան «փոթորիկին ալիքները» կարենայ հանդարտեցնել։ Սակայն, վերջերս, Կեդրոնական դրամատունը յաճախ կը յայտնէ, որ վերջ պիտի տայ ցորենի, դեղորայքի եւ վառելանիւթի պաշտօնական 1515 լ.ո.-ով ներածման իր նպաստին, առարկելով թէ տոլարի պահեստ չունի։ Ըստ տուեալներուն, ներկայիս պահեստի գումարը 19,5 միլիառ տոլար է, որուն 17.5 միլիառը «պարտադիր պահեստ» է դրամատուներուն կողմէ, եւ անձեռնմխելի է, հետեւաբար կը մնայ միայն 2 միլիառ որ կը բաւէ միայն յառաջիկայ 3 ամիսներու նպաստին։ Այս դրութիւնը կը մտահոգէ լիբանանցիները։ Ի՞նչ պիտի պատահի երբ կենսական նիւթերուն գինը 1515-ով չհաշուարկուի։ Ի՞նչ պիտի ըլլան հացին, պենզինին եւ դեղերուն գիները սեւ շուկայէն գնուած տոլարի գինով, որ ներկայիս շուրջ 8 հազար կը նկատուի։
Դժբախտաբար, պաշտօնական կողմեր համոզիչ լուծում չներկայացուցին այս «աղէտին»։ Կը խօսուի «նպաստի կտրօն»ներու մասին, որոնց միջոցաւ քաղաքացին պիտի շարունակէ կենսական նիւթերը 1515-ի հիման վրայ գնել, բայց այս կտրօններու գործածութեան եւ գործելակերպի մասին յատուկ բացատրութիւն գոյութիւն չունի եւ առաջարկը «բարդ» կը թուի։ Այս հարցէն ելքի միջոցներու մասին միակ կարելիութիւնը կը նկատուի երեք ամիսներու փոխարէն՝ համաձայնութիւն մը չորս ամիս 1515 սակով նպաստելու մասին։ Այլ առաջարկ մը կը խրատէ նպաստի համեմատութիւնը նուազեցնել, օրինակ վառելանիւթին փոխանակ 90 տոկոսով նպաստելու 1515-ով, 70%-ին նպաստել, որպէսզի պենզինին գինը ահաւոր մագլցում չարձանագրէ եւ վաճառուի 30 հազարի շուրջ։
Այս առաջարկները կը միտին ժամանակ շահիլ, անշուշտ որպէսզի հարցը 3 ամիս ետք պայթումին հասցնելու փոխարէն երկարաձգուի յաւելեալ մի քանի ամիս. սակայն ինչպէս նաւահանգիստի «ամիանթ»ը տարիներ ետք ահաւոր աւեր պատճառեց, նոյնպէս ալ տոլարի 1515-ով հաշուարկումի դադրեցումը կենսական նիւթերու համար, առանց գործնական լուծումի, տնտեսական գետնի վրայ, նոր «երկրաշարժ» մը պիտի ըլլայ Լիբանանի համար։ Լուծումի հաւանական ձեւերէն մին կրնայ հանդիսանալ 1515-ի փոխարէն 3900-ը տոլարի պաշտօնական սակ համարել, սակայն այս առաջարկը եւս ձախողութեան պիտի մատնուի, եթէ երկրի դրամական քաղաքականութիւնը անորոշ շարունակուի եւ Լիբանան զուրկ մնայ օտար դրամանիշերու մուտքէն։ Նոյնիսկ 3900-ի հիման վրայ, սղութիւնը ծանր պիտի ըլլայ, բայց ոչ սեւ շուկայի մօտ 8 հազարի հաշուարկին պէս, որ շատ վտանգաւոր ընկերային աղէտ պիտի պատճառէ։ Գաղափար մը տալու համար, այժմու վիճակով սեւ շուկայի տոլարի գինին համաձայն մէկ թիթեղ պենզինի գինը պիտի հասնի նուազագոյնը 60 հազար լիբանանեան ոսկիի։ Կացութիւնը անհանդուրժելի պիտի ըլլայ դեղորայքի պարագային, որոնց գինը պիտի հնգապատկուի։
Գործնական գետնի վրայ կացութիւնը կրնայ փրկուիլ միայն Միջազգային Արժոյթի Հիմնադրամին հետ համաձայնութեան պարագային, որով նկատի կ’առնուի կենսական նիւթերուն համար տոլարներու գումարի կարիքը, սակայն փոխանակ այս համաձայնութեան, պատասխանատուներ դեռ եւս հետամուտ են անձնական եւ հատուածական շահերու…։