ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐԸ Կ’ԱՂՕՏԵՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ԲԱՅՑ ՈՉ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐԸ Կ’ԱՂՕՏԵՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ԲԱՅՑ ՈՉ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

—————————-

Հայ Դպրոցին վերամուտի նախապատրաստութիւնները սովորաբար դրոշմուած կ’ըլլան թէ աշակերտներուն, թէ ծնողաց եւ թէ կրթական մարզի պատասխանատուներուն երջանկալի տրամադրութիւններով։ 2020-2021-ի վերամուտի հանգամանքները, դժբախտաբար, կ’աղօտեն այդ տրամադրութիւնները մէկէ աւելի պատճառներով՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, ապահովական եւ դեռ ասոնց յարակից հազարումէկ դժուարութիւններ։ Պատճառներ՝ որոնք կը տագնապեցնեն ու տառապեցնեն ամբողջ երկիրը, հետեւաբար նաեւ լիբանանահայութիւնը։

Ահա այսպիսի ճնշիչ մթնոլորտի ներքեւ, ճնշուած տրամադրութիւններով տեղի կ’ունենայ այս տարի կրթական վերամուտը, որ իսկական մարտահրաւէր մըն է կրթական մարզին առնչակից բոլոր կողմերուն համար՝ սկսեալ համայնքին ղեկավար մարմիններէն, հոգեւոր իշխանութիւններէն, հոգաբարձութիւններէն, մինչեւ ազգային ամենայետին կառոյցները, տնօրէններ, ուսուցչակազմեր, խնամատարներ, որոնք հաւաքաբար եւ անհատապէս ջանք ու ճիգ չեն խնայեր յաղթահարելու համար վերամուտին մթնոլորտը աղօտող բազմաբնոյթ դժուարութիւնները։ Մեր ազգային գոյութեան ու գոյատեւումին համար Հայ Դպրոցին կարեւորութեան գիտակցութիւնը կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւրը եւ առաջին հերթին ծնողները իրենց հնարաւորութեան ներած չափով, զրկանքներու ու զոհողութիւններու գնով, իրենց մասնակցութիւնը բերելու համազգային զօրաշարժին ի խնդիր կրթական վերամուտի անպայման եւ ամէն ձեւով ու ձեւաչափով յաջողութեամբ պսակումին։

 Գօտեպնդող է միասնականութիւնը ուժի աղբիւր դարձնելու գիտակցութիւնը որ կրթական վերամուտին առիթով անգամ մը եւս կը ցուցաբերէ ոչ միայն լիբանանահայութիւնը, այլ համայն Հայութիւնը՝ իր Մայր Հայրենիքով, Արցախով, հեռաւոր ու մօտաւոր համայնքներով։

Պատահական չէ հայ աշակերտին ուսումնառութիւնն ու դաստիարակութիւնը Հայ Դպրոցին վստահելու այս յամառ աշխատանքը, այլ արդիւնքը մեր ազգային գոյերթին համար Հայ Դպրոցին վերապահուած անփոխարինելի առաքելութեան գիտակցութեան եւ բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ այդ առաքելութեան շարունակումը երաշխաւորելու յանձնառութեան։

Որովհետեւ Հայ Դպրոցը լոկ գիտելիքներ ջամբող ուսումնարան մը չէ, այլ դարբնոցն է հայակերտումի, մկրտատունը Լուսաւորչեան հաւատքին, ամրապինդ կամուրջը Հայու արմատներուն եւ անոր ապագային միջեւ։

Հայ դպրոցին գործունէութեան հանգամանքները կրնան փոխուիլ՝ անոնց յարմարելու հրամայականին առջեւ դնելով Դպրոցին առնչակից կողմերը, բայց ոչ անոր առաքելութիւնը, որ կը պարտաւորեցնէ բոլոր կողմերը առաջնորդուելու այդ առաքելութեան յանձնառութեամբ։

21 / 09 / 2020