ՈՒՇ ՍԻՐԵՑԻ ՔԵԶ

ՈՒՇ ՍԻՐԵՑԻ ՔԵԶ

Ս. Օգոստինոս (354-430)

« Խոստովանութիւնները» 10,27

Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ուշ սիրեցի քեզ,

Ո՜վ գեղեցկութիւն, այդքան հին եւ նոյնքան նոր։

Ուշ սիրեցի քեզ։

 

Եւ սակայն, դու իմ մէջն էիր, իսկ ես՝ դուրսը։

Եւ դու՛րսն է, որ քեզ կը փնտռէի,

Անշնորհքի մը հանգոյն անձնատուր ըլլալով՝

Քու արարածներուդ գեղեցկութիւններուն։

 

Դու ինձ հետ էիր, բայց ես՝ ոչ քեզի հետ։

Անոնք զիս քեզմէ հեռու կը պահէին,

Որոնք սակայն՝ ոչնչութիւն են առանց քեզի։

 

Դու զիս կանչեցիր,

Եւ քու ձայնդ

Խլութիւնս յաղթահարեց։

 

Դու ճառագայթեցիր,

Եւ քու լոյսդ

Կուրութիւնս յաղթահարեց։

 

Բոյրդ սփռեցիր,

Ու ես շնչեցի,

Եւ հիմա քեզի կ՚անձկամ։

 

Քեզ ճաշակեցի,

Եւ արդ քաղցած եմ

Ու ծարաւի եմ քեզի։

 

Դու ինծի դպար,

Եւ խաղաղութեանդ տենչով՝

Այժմ կը տոչորիմ։