Նկարի Մը Պատմութիւնը. ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՏԱՏԻԿԸ

Նկարի Մը Պատմութիւնը. ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՏԱՏԻԿԸ

1993 թուականի Ապրիլն էր: Ֆրանսական «Libération» պարբերականը լուսանկար մը կը հրապարակէ, մակագրելով` «ազրպէյճանցի կինը Ֆրանսայէն եկած հայ կամաւորականին աւելի կը սիրէ, քան իր որդին», նկարին կից յօդուածը կը վկայակոչէր հայերու բարեացակամ եւ մարդկային վերաբերմունքը ազրպէյճանցի ռազմագերիներու հանդէպ: Մէկ օր անց թրքական «Milliyet» թերթը կը գրէ, որ տասնեակ հազարներով ազրպէյճանցի խաղաղ բնակիչներ Քարվաճառի մէջ կ’ենթարկուին սպանդի հայերու կողմէ: «Milliyet» կը հրապարակէ նոյն լուսանկարը` մակագրելով «ազրպէյճանցի տատիկը կը գրկէ ու կը համբուրէ իր թոռնիկը, եւ կ’ըսէ` գնա՛ քու մորթուած ու անարգուած հարազատներու վրէժը առ հայերէն»…:

Ի հարկէ, ֆրանսացիները այս հարցով անաչառ էին, որովհետեւ նկարին մէջ հայ ազատամարտիկ Սարգիս Հացպանեանն է, որ ջերմ-ջերմ կը զրուցէ ազրպէյճանցի տատիկի հետ, որ թէեւ տէ ֆաքթօ կը նկատուի հայկական կողմի ռազմագերին, սակայն կ’արժանանայ հոգատարութեան եւ մարդասիրութեան:

 

1993 թուականի Ապրիլին, Քարվաճառի ազատագրութեան օրերն էին, երբ Հացպանեանն ու իր զինակիցները մտան քաղաք ու յայտնաբերեցին հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներ, որոնք հիմնականին մէջ ծերեր, երեխաներ եւ կանայք էին: Տղամարդիկ ու զինուորականները փախուստի դիմած էին` խոստանալով ուղղաթիռ ուղարկել անտէր լքուած սեփական ժողովուրդը տարհանելու համար: Սակայն ուղղաթիռը չէր եկած, փոխարէնը՝ եկած էին հայերը: Հայ զինուորները՝ սարսափահար ազրպէյճանցիներուն շտապեցին խաղաղեցնել` վստահեցնելով, որ անոնց ոչինչ կը սպառնայ: Տեղացիները նախ չէին հաւատար, սակայն պատահար մը փոխեց անոնց ողջ վերաբերմունքը «հակառակորդի» հանդէպ. մօտակայ գիւղերէն մէկուն մէջ հայկական կողմը ականատես եղաւ զարհուրելի տեսարանի: Վիրաւոր կին մը կը խնամէր իր մահամերձ աղջիկը: Աղջիկը գրեթէ արիւնաքամ եղած էր. պարզուեցաւ` որ ամուսինը գնդակահարած էր կինն ու աղջիկը, որպէսզի անոնք «հայերու ձեռքը» չիյնան, իսկ ինք փախած էր: Հայ ազատամարտիկները անմիջապէս ուղղաթիռ խնդրեցին եւ երկուքն ալ տեղափոխեցին Վարդենիս: Երկուքի կեանքն ալ փրկեցին հայ բժիշկները:

Սակայն լուսանկարին պատմութիւնը կը պատմէ ինքնին Հացպանեանը։

«Մօտեցանք դրան շեմին նստած կանանց խումբին, եւ ես թրքերէն ողջունեցի անոնց։ 80-ը անց ծեր կինը յանդիմանանքով նայեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Ինչո՞ւ այսքան ուշացաք։ Հայերը շուտով քաղաք կը մտնեն։ Մերոնք ըսին` մենք կ’երթանք, որ ձեզ համար ուղղաթիռներ ուղարկենք։ Իրենք թռան ու մեզ ձգեցին այստեղ… տղամարդիկ փախան, կանանց լքեցին»։ Ես հասկցայ ամէն ինչ։ Ազրպէյճանուհին մեզ իւրայինի հետ շփոթած էր։

– Հայերը արդէն եկած են,- ըսի ես»։

Այդ ծեր կինը 81-ամեայ բանաստեղծ, աշուղ եւ բանասաց Շէյխա խանումն էր: Բոլորը առանձնակի ակնածանք ունէին անոր հանդէպ։ Սարգիս Հացպանեան պարբերաբար հետաքրքրական զրոյցներու կը բռնուէր կնոջ հետ: Կինը խաղաղասէր էր եւ նոյնիսկ կը խոստովանէր, որ այդ հողը հայերունն է` պատճառաբանելով, որ ամէնուր հայկական գերեզմաններ են, խաչերով զարդարուած քարեր, ամէնուր հայկական մշակոյթի հետքեր են: Շուտով Ֆրանսայէն դէպքերու կիզակէտ կը ժամանեն լրագրողները, որոնցմէ երկուքը հայեր էին` Զաւէն Խաչիկեան եւ Ռուբէն Մանկասարեան: Ինքնին Զաւէն Խաչատրեանն էր որ կ’անմահացնէ այն դրուագներէն մէկը, երբ երկարատեւ զրոյցէ յետոյ Շէյխա խանում կը գրկէ հայ ազատամարտիկին` Սարգիս Հացպանեանին: Անոր շուրթերէն կը հնչեն «կ’ուզէի այսպիսի որդիներ ունենալ» խօսքերը, որոնք ուղղուած էին հայ ազատամարտիկներուն…։ Եւ այստեղ է որ առաջին անգամ անոր բերանէն սպրթած է, որ որդին Քարվաճառի ոստիկանապետն է, բայց փախած էր, լքելով մայրը։ Եւ ահա Զաւէն Խաչիկեանը այդ զրոյցի ընթացքին աննկատ լուսանկարած էր զանոնք…

Շուրջ 20 օր ազրպէյճանցի խաղաղ բնակչութիւնն ու հայ զինուած ազատամարտիկները կ’ապրին կողք-կողքի, սակայն որեւէ անգամ հայը իր զէնքը չի գործածեր ծերերու, երեխաներու կամ կանանց դէմ: Հայկական կողմը զանոնք կը ճամբէ դէպի Կիրովապատ` խորհուրդ տալով, որ անոնք իրենց տուներէն վերցնեն իրենց ողջ ունեցուածքը: Հեռանալու ատեն թշնամիի կիները, երեխաներն ու ծերերը կը գրկախառնուին զիրենք ապահով տեղ հասցուցած հայ զինուորներուն հետ…

Աւելի ուշ, Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը այս լուսանկարը նկատեց մարդասիրութիւն խորհրդանշող տարուան լաւագոյն լուսանկարը եւ միլիոնաւոր տպաքանակով տարածեց աշխարհով մէկ, իսկ ֆիլմ վաւերագրող Ֆրետերիք Թոնոլլին լուսանկարի պատմութեան շուրջ ֆիլմ մը նկարահանեց, որ արժանացաւ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու:

Ն.Է.Ն.