ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՍՈՒՐԲ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍԻ ԾԻՍԱԿԱՆ ՏՕՆԸ

ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՍՈՒՐԲ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍԻ ԾԻՍԱԿԱՆ ՏՕՆԸ

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

28 Օգոստոսին կը նշուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ` Սուրբ Օգոստինոսի տօնը։ Ան եղած է փիլիսոփայ և աստուածաբան, լատինական հայրաբանութեան կարկառուն ներկայացուցիչ։

Աուրելիուս Օգոստինոս ծնած է հիւսիսային Ափրիկէի՝ այսօրուան Ալճերիայի մէջ`13 Նոյեմբեր 354-ին։ Անոր Մայրը` Սրբուհի Մոնիքա, որուն ծիսական տօնը կը նշուի 27 Օգոստոսին, անոր կու տայ քրիստոնէական կրթութիւն, սակայն Օգոստինոս միայն ուշ տարիքին` 33 տարեկանին է որ կը հպի քրիստոնէական հաւատքին։

Ան իր սկզբնական ուսումը ստացած է Կարթագենայի մէջ, ապա մեկնած է Հռոմ ուր հիմնած է Փիլիսոփայութեան դպրոց մը։ Ան 387-ին կ’այցելէ Միլանօ քաղաքը ուր առիթը կ’ունենայ ճանչնալու Սուրբ Ամպրոզիոսը, որուն ձեռամբ կ’ընդունի Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։ Սուրբ Ամպրոզիոսի հետ հանդիպումը, արդարեւ, կը հանդիսանայ Սուրբ Օգոստինոսի դէպի քրիստոնէութիւն դարձի առիթը ու երբ Ափրիկէ կը վերադառնայ՝ կ’ուզէ հիմնել վանականներու հասարակութիւն մը։ Կը ձեռնադրուի Քահանայ, ապա կը դառնայ Հիպոն քաղաքի (ներկայիս Ալճերիա) Եպիսկոպոս (395-430)։

Ան գրած է մի քանի գիրքեր, որոնցմէ կարեւորագոյնն է «Աստուծոյ քաղաքի մասին» գիրքը։ Օգոստինոս ձգտած է քրիստոնէութիւնը պատկերացնել որպէս ամբողջական ու միակ ճշգրիտ ուսմունք, բազմաթիւ հերետիկոսական աղանդներուն դիմակայելու համար։ Ընդունելով յունական փիլիսոփայութեան դրոյթներէն մին, մարդու ձգտումը երջանկութեան, ան մարդկային երջանկութիւնը կը տեսնէ Աստուծոյ ճանաչողութեան մէջ։ Անոր հիմնական աշխատութիւններն են՝ «Քարոզ», «Աստծոյ քաղաքի մասին», «Երրորդութեան մասին» եւ «Խոստովանութիւններ»։

Օգոստինոս իր մահկանացուն կը կնքէ 28 Օգոստոս 430-ին, 76 տարեկանին, Հիպոն քաղաքին մէջ։

«Ուշ սիրեցի քեզ, հինաւուրց եւ նոր գեղեցկութիւն, ուշ սիրեցի քեզ։ Եւ ահա որ դուն իմ մէջս էիր մինչ ես դուրսն էի ու այնտեղ քեզ կը փնտռէի…։ Քեզ համտեսեցի ու այժմ քու ծարաւդ կը զգամ։ Դուն ինծի դպար ու ես այժմ կը բորբոքիմ այն իղձով ձգտելու քու խաղաղութեանդ»։ Այսպէս կը գրէ Սուրբ Օգոստինոս «Խոստովանութիւններ» գիրքին մէջ, որովհետեւ անոր կեանքը ունեցաւ երկու հանգրուան` առաջինը մտահոգիչ անհանգստութեամբ, որուն ընթացքին ան կը փնտռէր Ճանապարհը բազմաթիւ սխալներ գործելով, իսկ երկրորդը՝ երբ ան կը գտնէ ուղին ու իր մէջ կը զգայ բորբոքող իղձը հասնելու նպատակին` ողջագուրելու համար իր սէրը` Աստուած։

Վատիկան