«ԵԿԷ’Ք, ՄԻՒՍ ԿՈՂՄՆ ԱՆՑՆԻՆՔ»

«ԵԿԷ’Ք, ՄԻՒՍ ԿՈՂՄՆ ԱՆՑՆԻՆՔ»

ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

———————————-

Այնքան բազմացած են փոթորիկները լիբանանեան կեանքէն ներս, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, ֆինանսական, ապրուստային կամ առողջապահական, որ այլեւս լիբանանցին շուարած ու շփոթահար վիճակի մէջ, միայն անորոշութեան կը սեւեռէ իր ակնարկը, թերեւս սպասելով յոյսի նշոյլ մը, որ տարիներէ ի վեր կը մնայ մթագնած՝ փտածութեան լուծին ներքեւ։ Կը թուի թէ լիբանանցիին վիճակուած է մշտական անապահովութեան ու նուաստացումի բեռին տակ մնալ։

Սակայն, հակառակ այս յուսահատ ու յուսալքուած մթնոլորտին, Քրիստոս կ’առաջարկէ մեզի արմատական փոփոխութիւն մը կատարել, հետեւելով իր կոչին որ կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, միւս կողմն անցնինք» (Մարկոս 4, 35)։ Մարկոս աւետարանիչը կը պատմէ թէ Յիսուս երբ կ’աւարտէ իր բացատրական քարոզը Աստուծոյ Արքայութեան մասին, կը խնդրէ իր աշակերտներէն նաւարկելով միւս կողմը անցնիլ։ Մինչ կը նաւարկէին, ամեհի մրրիկ մը կը ծագի, ալիքները կը խուժեն նաւակին կողմը, որ կը սկսի ջուրով լեցուիլ։ Աշակերտները վախէ մղուած, ամէն ջանք կը թափեն ազատելու այս վիճակէն մինչ Յիսուս նաւակին ետեւի կողմը կը քնանար։ Անոնք զինք արթնցնելով կ’ըսեն. «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կորսուինք»։ Յիսուս արթննալով կը սաստէ հողմին եւ ծովին ըսելով. «Հանդարտէ՛ եւ լուռ կեցի՛ր»։ Փոթորիկը կը դադրի։ Այն ատեն աշակերտներուն կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք» (Մարկոս 4,35-40)։

Այսօր Լիբանանը այս միեւնոյն փոթորկալի վիճակը կ’ապրի։ Ամէն մարդ ընկղմելու վախի մէջ է։ Անորոշութեան մէջ կը տարուբերի։ Չեմ գիտեր եթէ այս բոլորը կը պատահի որովհետեւ Քրիստոս խնդրեց մեզմէ մեր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ անձնական կեանքերուն միւս ափը անցնիլ, լքելով ամէն տեսակի փտածութիւն, որոնց մէջ ընկղմած ենք, եւ ուրիշները կ’ընկղմեցնենք։ Չեմ գիտեր նաեւ եթէ Քրիստոս այսօր եւս կը քնանայ լիբանանցիները փոխադրող նաւուն մէջ։ Սակայն միակ բանը որմէ ապահով եմ, այն է որ մենք եւս կանչուած ենք բացագանչելով աղօթելու աշակերտներուն նման՝ ըսելով. «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞։ Վարդապե՛տ մենք մեր ամբողջ վստահութիւնը քու վրադ դրած ենք, որովհետեւ միակ արդարը դուն ես, եւ միայն քու մէջդ կը գտնենք մեր ապահովութիւնը։ Վարդապե՛տ, մենք չենք ուզեր կորսուիլ այսօրուան փարիսեցիներուն ովկիանոսին մէջ։ Վարդապե՛տ, ամէն ոք մեզ կը համոզէ թէ միայն հաւատալով պիտի փրկուինք, յուսալով պիտի վերապրինք, եւ սիրելով մեր մերձաւորը պիտի կերտենք նոր Լիբանանը, բայց անոնք տեղեակ չեն թէ մենք՝ լիբանանցիներս, միշտ հաւատացած ենք Քեզի, ու միայն Քեզի, միշտ մեր յոյսը դրած ենք քու վրադ, ու միան քու վրադ, միշտ փորձած ենք սիրով ապրիլ, հակառակ մեր բազմազանութեան, որ շատ աւելի կը դժուարացնէ միասնականութեան հոգիով ապրելու ձգտումը, սակայն գիտենք թէ այդպէսով է որ միայն կրնանք վկայել համայն աշխարհին թէ Լիբանանը միայն երկիր մը չէ, այլ՝ պատգամ, ինչպէս որ ըսաւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը։ Վարդապե՛տ, հասի՛ր մեզի»։

Քրիստոս մեզի յստակ ուղղութիւն մը կու տայ, ըսելով թէ մեր կեանքին միւս ափը անցնելու համար, հոն ուր մեզ կը սպասէ անդորրութունը, խաղաղութիւնը, նոր Լիբանանը, պէտք է նաւարկենք իր հետ միասին։

Կարդինալ Մար Պշարա Պութրոս Րաին խնդրեց Լիբանանը գործնականապէս չէզոքացնել, մեկնելով այն համոզումէն թէ այս ուղեգիծը որոշ ապահովութիւն ու անդորրութիւն կը հաստատէ երկրին մէջ, հեռու մնալով ամէն տեսակի պատերազմներէ, ինչպէս նաեւ արգելք կը հանդիսանայ ամէն տեսակի արտաքին միջամտութիւններու, որոնք կը նպատակադրեն գրաւել երկիրը, իշխել անոր վրայ եւ կամ շահագործել անոր հողերը զինուորական կարիքներու համար։ Պատրիարք Րաիի առաջարկը նաեւ կը նպաստէ մարդկային իրաւունքները եւ ժողովուրդներու ազատութիւնը պահպանելու։ Երբ չէզոքութիւնը գործնապէս իրագործուի, Լիբանանը զօրաւոր երկիր մը կը դառնայ իր զօրքով, հաստատութիւններով, օրէնքներով, ներքին միասնականութեամբ, ստեղծագործութեամբ, որոնք առիթը կ’ընծայեն ինքնապաշտպան եւ անվտանգ երկիր մը ըլլալու։ Թերեւս այս չէզոք հռչակման ծրագիրը ըլլայ անցքը դէպի նոր ու խաղաղ Լիբանան մը։ Այսօր աւելի քան երբեք, Լիբանանը եւ լիբանանցիները կոչուած են վերագտնելու իրենց ինքնութիւնը, իրենց պատկանելիութիւնը, իրենց արմատները, որոնք մայրիներուն նման հաստատ են հողին մէջ։

Պէտք չէ մոռնանք որ Լիբանանը օրհնուած երկիր մըն է, շնորհիւ իր սուրբերու բարեխօսութիւններուն, շնորհիւ իր նահատակներու արեան, իր ճգնաւորներու ու վանականներու աղօթքներուն, շնորհիւ իր ժողովուրդին, որ չի գիտեր յանձնուիլ։ Լիբանանը քանիցս յիշուած է Աստուածաշունչի էջերուն մէջ։ Բ. Օրինաց գիրքին մէջ կը կարդանք թէ Մովսէս, երբ տեսաւ Լիբանանը, սիրեց զայն, եւ ուզեց ոտք դնել այս սուրբ հողին վրայ, սակայն Աստուած սաստելով չթոյլատրեց զինք. «Այն ատեն Տիրոջ աղաչեցի ու ըսի. «… Շնորհք ըրէ՛, որ անցնիմ ու Յորդանանի անդի կողմի բարի երկիրը, այն բարի լեռը ու Լիբանանը տեսնեմ։ Բայց Տէրը ձեր պատճառով ինծմէ սրդողելով՝ իմ խնդրանքս չընդունեց եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ա՛լ հերիք է քեզի. անգամ մըն ալ այդ բանը ինծի չըսես։ (3,25-26), «Ուստի այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես (32, 52)»։ Եւ կարծէք Լիբանանը Աստուծոյ կալուածն է, եւ միայն Ի՛նք իրաւասու է ոտք դնելու Լիբանան, եւ անոնք որոնց ինք կ’արտօնէ։

Աւարտին կը կրկնեմ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Բիէթրօ Բարոլինիի վկայութիւնը, զոր կատարեց երբ Լիբանան հասաւ 4 Օգոստոսի պայթումէն ետք. «Լիբանան պէտք ունի աշխարհին, սակայն աշխարհը նաեւ պէտք ունի Լիբանանի իւրայատուկ փորձառութեան»։ Այո՛, Լիբանանը գոհար մըն է, զոր պէտք է արժեւորել։ Քաջութիւն կը պահանջէ մնալ այս երկրին մէջ, ու պայքարիլ անոր տէր դառնալու համար։ Ափսոս որ շատեր երբ խօսին Լիբանանի իրավիճակին մասին, մանաւանդ անդրադառնան անոր համայնքային կազմուածքին շուրջ, վտանգի մէջ կը գտնեն քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը, ըսելով թէ անոնց թիւը կը նուազի, եւ հետզհետէ կը նօսրանայ։ Քաջ գիտնալու ու համոզուելու ենք թէ քրիստոնեաներուն ուժը չի կայանար թիւին մէջ, ինչպէս ուրիշներուն մօտ։ Քրիստոնեային ուժը իր հաւատքին, յոյսին ու սիրոյն մէջ է։ Քրիստոնեային ուժը Քրիստոսի մէջ է, որ իր ժողովուրդին հետ նաւարկելով, միասին պիտի հասնին միւս ափը։ Քրիստոնեան՝ Քրիստոսի անոյշ բոյրն է, որ կանչուած է բուրումնաւէտ դարձնելու լիբանանեան քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, ընկերային ու հոգեւոր կեանքը։ Քրիստոնեան՝ Քրիստոսի ուղերձն է, որ կանչուած է արդարօրէն պահանջելու իր իրաւունքները, հիմնուելով Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր խօսքին վրայ։ Քրիստոս, որ հինգ հացով աւելի քան հինգ հազար հոգի կերակրեց, արդեօք պիտի չկարենա՞յ ներկայ քրիստոնեաներով ամբողջ Լիբանանը կերակրել, որ անօթի է ու ծարաւն ունի մարդկային նուազագոյն իրաւունքները ապրելու, որպէսզի վերագտնէ իր արժանապատուութիւնը որպէս մարդ եւ որպէս արժանապատիւ քաղաքացի։ Հակառակ բոլոր անկումներուն, լիբանանցիները տակաւին կը վկայեն ու պիտի շարունակեն վկայել համայն աշխարհին, թէ իրենք աւետման զաւակներն են, կեանքի ու յարութեան զաւակներն են։