Կիրակի, 16 Օգոստոսին, Սորրանթէի Ասիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եկեղեցիին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան ըսած է․-
«Այս սիրելի երկիրը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյատեւումին համար յոյսի օրրան մըն է, սակայն ան ականահարուած է ոչ միայն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով յառաջացած դժուարութիւններով եւ տառապանքներով, այլ նաեւ քաղաքական անկայունութեան եւ տնտեսական ծանր ճգնաժամին պատճառով, որ կը գոյատեւէ»։
Կարդինալը մեկնաբանած է Մատթէոսին աւետարանը, որ կը պատմէ թէ ինչպէս Քրիստոս Կալիլիայէն կը տեղափոխուէր դէպի Սուր եւ Սայտա քաղաքները, որոնք այսօր կը գտնուին Լիբանանի Հարաւը։ «Մայրիներու երկրին քրիստոնեաները հպարտ են Աւետարանի այս դրուագի յիշատակումով, որովհետեւ կրնան ըսել․- Յիսուս եղաւ նաեւ մեր մէջ, մեր հողին վրայ» ըսած է ան, աւելցընելով «ասիկա դաս մը կրնայ ըլլալ եւ պէ՛տք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար որպէսզի կարենանք ըսել՝ Աստուած իմ տանս, իմ կեանքիս մէջ եւս եղաւ․ լսեց սրտիս կանչը»։
Օր մը առաջ, 15 Օգոստոսին, Վերափոխման տօնին առթիւ Լոպրայի Տիրամօր սրբավայրին մէջ արտասանած խօսքին մէջ, Կարդինալ Սանտրի անդրադարձած է աշխարհի ներկայ տառապանքներուն որոնք պատճառ կը դառնան մահուան։ «Մտածենք զոհերու մասին համավարակի, որ տկարութեան նշաններ չի տար աշխարհի մէջ, մտածենք նաեւ բռնարարքներու, պատերազմներու եւ ողբերգութիւններու զոհերու մասին, մտածենք մեր օճախներէն եւ ընտանիքներէն ներս ծածուկ տառապանքներու մասին» ըսած է ան, հուսկ նշելով որ Տիրամայրը կ’աղօթէ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար եւ հրաւիրելով մեզ որ փնտռենք Յիսուսի լոյսը որ մեր մէջ է մեր մկրտութեան օրէն եւ զայն արտացոլացնենք աշխարհի խաւարին մէջ։