ՊԱՅԹՈՒՄԸ ՊԱՅԹԵՑՈՒՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՆՈՐ ԹԱՓ ՏՈՒԱՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ, ԼՐՈՒՄԻՆ ՀԱՍՑՈՒՑ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆԸ, ԽՐԱՄԱՏԸ ԽՈՐԱՑՈՒՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ

ՊԱՅԹՈՒՄԸ ՊԱՅԹԵՑՈՒՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ,  ՆՈՐ ԹԱՓ ՏՈՒԱՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ,  ԼՐՈՒՄԻՆ ՀԱՍՑՈՒՑ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆԸ,  ԽՐԱՄԱՏԸ ԽՈՐԱՑՈՒՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

—————————–

Հակառակ այս բոլորին՝ մայրաքաղաքը աւերած պայթումէն երեք շաբաթ ետք ողբերգական կացութենէն դուրս գալու ոչ մէկ նշոյլ կը յայտնուի դեռ եւս։

4 Օգոստոսի հիրոշիմայական պայթումը եւ անոր հետեւանքները իրենց լրումին հասցուցին Լիբանանի պատմութեան՝ քաղաքական, ընկերային, ելեւմտական, տնտեսական մեծագոյն տագնապները եւ ծայր աստիճան յուսահատութեան մատնեցին քորոնավիրիւսի մահասփիւռ համաճարակէն արդէն սարսափահար ժողովուրդը։

 

«ԱՅՍ ԷՐ ՊԱԿԱՍ»

«Այս էր պակաս» բացագանչութիւնը բոլոր շրթներուն վրայ է, մանաւանդ մինչեւ աղէտը արդէն թշուառութեան մէջ տուայտող ժողովուրդի շրթներուն։

Աղիտահար ժողովուրդին՝ աշխարհի կարեկցութիւնը ցոյց տուող մարդասիրական օգնութիւնները՝ որոնք տեղացին ու կը շարունակեն տեղալ, արաբ, եւրոպացի, ամերիկացի պետական մեծ ու փոքր ղեկավարներու ցաւակցական ու զօրակցական արտայայտութիւններն ու այցելութիւնները բաւարար չե՛ն վերացնելու համար այդ «պակասը», վերացնելու անոր աննկարագրելի հետեւանքները եւ անջնջելի հետքերը, ապա հաւատք եւ յոյս ներշնչելու համար ապագային հանդէպ։ Ժողովուրդը այդ հաւատքը եւ յոյսը կը տեսնէ երեք տասնամեակէ ի վեր իշխող քաղաքական դասի, զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր տարրի իր զբաղեցուցած դիրքէն հեռացումին մէջ միայն, զայն պատասխանատու նկատելով իր բոլոր զրկանքներուն, գլխուն տեղացող բոլոր չարիքներուն, տառապանքին եւ թշուառութեան որուն մատնուած է։ Աւելին՝ ոչ միայն մայրաքաղաքը, այլ ամբողջ երկիրը աւերած պայթումին՝ զոր հետեւանքը կը նկատէ միեւնոյն դասի անփութութեան ու անտարբերութեան, հարց տալով թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մայրաքաղաքի սրտին վրայ եօթը տարիէ ի վեր ամբարուած մնայ աշխարհաւեր վտանգ ներկայացնող նիւթ մը։ Ինչպէ՞ս հոն հասած է ան։ Ո՞վ է անոր տէրը։ Պայթումէն երեք շաբաթ ետք, իշխանութիւնները՝ այսպիսի տարրական հար-ցումներու անգամ համոզիչ պատասխան մը տալու ի վիճակի ըլլալ չեն թուիր, զբաղած ըլլալով նախորդները կրկնօրինակող կառավարութիւն մը կազմելու սակարկութիւններով։ Աղէտի գօտիէն ներս անոնք կը փայլին իրենց բացակայութեամբ, մինչ աղիտահար քաղաքացիներուն տառապանքը գէթ մասամբ ամոքելու աշխատանքին լծուած են բարեսիրական լիբանանեան միութիւններ եւ օտար կազմակերպութիւններ՝ երկրի բոլոր շրջաններէն փութացած երիտասարդ կամաւորներու օգնութեամբ։ Տպաւորիչ է աղիտահար բոլոր շրջաններուն մէջ կամաւորներու ներկայութիւնը՝ ոմանք աւելներ շալկած, ուրիշներ՝ ուտելիք կամ դեղատուփեր իրենց օգնութիւնը կ’առաջարկեն աւերակ տուներու մէջ նստած մարդոց։ Նմանը չտեսնուած իրարօգնութեան օրինակ մը որ չի վրիպիր օտար թղթակիցներու ուշադրութենէն։

 

ԱՆՅՂԿԵԼԻ ԽՐԱՄԱՏ

Խրամատը երբեք այնքան խոր չէ եղած ժողովուրդին եւ քաղաքական դասակարգին բոլոր բաղկացուցիչներուն միջեւ, որոնք պաշտպանուելու համար ժողովրդային զայրոյթէն՝ ծուարած երկաթեայ վարագոյրի մը կամ ներքին ապահովութեան զրա-հաւորուած ուժերու ետին, անտարբերութեամբ լսել կը թուին ժողովուրդը կեղեքելու, կողոպտելու, պետական գանձը թալանելու, կաշառակերութեան եւ փտածութեան ամբաստանութիւնները, որոնց արձագանգը կը հնչէ երկրի սահմաններէն դուրսը անգամ, բայց ոչ իրենց ականջներուն։ Ան կը յուզէ երկրին մօտաւոր եւ հեռաւոր բա-րեկամները ու կը մղէ զանոնք լիբանանեան իշխանութեան ներկայացուցիչներուն խորհուրդ տալու որ փոխեն իրենց ընթացքը, լսեն ժողովուրդին ձայնը, ուշադիր ըլ-լան անոր պահանջներուն, կատարեն պահանջուած բարեփոխումները՝ եթէ կ’ուզեն արժանանալ աջակցութեան։

Ուրիշ բացատրութիւն չունի տիրող դասակարգին դէմ երկրին անխտիր բոլոր համայնքները ու շրջանները ներկայացնող ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար անոր երիտասարդութեան ապստամբութիւնը, որուն նպատակն է ղեկին վրայ տեսնել ամէն անձնական շահարկումներէ հեռու, քաղաքացիներուն իրաւունքները գերադասող, ժողովուրդին արժանավայել կեանք մը, բարեկեցութիւն ապահովող իշխանութիւն մը։

 

ԲԱՅՑ ԻՆՉՊԷ՞Ս

Նման նպատակի մը իրագործումը կը կարօտի այնպիսի արմատական փոփո-խութիւններու, բարեփոխումներու որոնք կը սարսեն երկիրը եւ անոր բարիքները սեփականութեան վերածած անհպելի պետական դէմքերու փտած աթոռները՝ զա-նոնք փոխարինելու համար միայն երկրին ու ժողովուրդին շահերու պաշտպանու-թեամբ առաջնորդուող ներկայացուցիչներով։ Եթէ ոչ անկարելի, բայց հեշտ չէ անշուշտ նման արմատական բարեշրջումներու իրականացումը։ Ան կրնայ արդիւնքը ըլլալ միայն երկարաշունչ եւ փոթորկալի գործընթացի մը։

Այսպիսի գործընթացի մը ազդանշանը տուած ըլլալու յոյսով եւ արդար ակնկա-լութիւններով է որ «ամբոխները խելագարեցան» այն աստիճան որ արհամարհելով մահասփիւռ համաճարակին վտանգը առանց կանխազգուշութեան փողոց իջան, հաւանաբար մտածելով որ համաճարակէն վարակուելու եւ փտած իշխանութեան մը զոհը դառնալու վտանգներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ։

20 / 08 / 2020