ԱՇԽԱՐՀԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒԱՆԴ Է. ՇԱՀՈՅԹԻ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

ԱՇԽԱՐՀԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒԱՆԴ Է.  ՇԱՀՈՅԹԻ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

Տիրելու փափաքը homo sapiens-ը վերածեց homo oeconomicus-ի

 

2020 Օգոստոսի 26-ին, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կազմակերպեց հերթական ընդհանուր ուկնդրութիւն` նուիրուած աշխարհի ապաքինման: Նորին Սրբութիւնը կրկին ընդգծեց, որ համավարակը ա՛լ աւելի ակնյայտ դարձուց անհաւասարութեան խնդիրը մեր աշխարհին մէջ. «Ոմանք կրնան աշխատիլ տունէն, սակայն շատերու համար այդ անհնար է,- պարզաբանեց Սրբազան Քահանայապետը:- Որոշ երեխաներ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կրնան դպրոցական կրթութիւն ստանալ, սակայն մեծաթիւ երեխաներու համար այն կտրուկ ընդհատուեցաւ»: Համավարակի ընկերային հետեւանքներուն պատճառով մարդիկ կ’ենթարկուին յոյսը կորսնցնելու վտանգին:

«Անորոշութեան ու տագնապի այս ժամանակաշրջանին ես բոլորէդ կը խնդրեմ ընդունիլ յոյսի շնորհը, որ Յիսուս Քրիստոսէն է: Ա՛ն է մեզ կ’օգնէ նաւարկելու հիւանդութեան, մահուան ու անարդարութեան ալեկոծ ջուրերուն վրայ, որոնց, սակայն, չի պատկանիր մեր վերջնական ճակատագրի վերաբերեալ վերջին խօսքը»:

Անհաւասարութեան ախտանիշերը կը վկայեն հիւանդ հասարակութեան մասին` հիւանդ տնտեսութեան ժահրի մասին: Տնտեսութիւնը հիւանդ է, իսկ տնտեսական աճը անարդար է, քանի որ այն կ’անտեսէ մարդկային հիմնարար արժէքները. այսօր քանի մը հարուստներ աւելին ունին, քան մնացած մարդկութիւնը: Այս անարդարութիւնը կ’աղաղակէ դէպի երկինք: Ընկերային անհաւասարութիւնը եւ շրջակայ միջավայրի վատթարացումը յառաջացած են մեղքի հետեւանքով. տիրելու փափաքը, եղբայրներուն ու քոյրերուն, բնութեան եւ, նոյնիսկ, Աստծուն գերիշխելու ծարաւը:

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուսմունքը. «Աստուած սկիզբը երկիրն ու անոր հարստութիւնը յանձնեց մարդկային համատեղ կառավարման, որպէսզի հոգան անոնց մասին»: Աստուած կոչ ըրաւ մարդուն իշխել երկրի վրայ Իր անունով, սակայն այդ չի նշանակեր ընել այն ինչ կ’ուզես: Մարդու եւ արարչագործութեան միջեւ գոյութիւն ունի «փոխադարձ պատասխանատուութիւն»: Մեր պարտքն է այնպէս հոգ տանիլ երկրին, որ անոր պտուղները հասանելի ըլլան բոլորին, եւ ոչ թէ քանի մը հոգիին միայն: Եկեղեցւոյ Gaudium et Spes հովուական սահմանադրութիւնը կ’ըսէ հետեւեալը. «Բարիքներէն օգտուող մարդը պէտք է գիտնայ, որ իրերը, որոնց ան օրինականօրէն կը տիրէ, կը պատկանին ոչ միայն իրեն, այլ նաեւ` ուրիշներուն»: «Մենք միայն կը տնօրինենք զայն, սակայն տէրը չենք հանդիսանար. բարիքները, որոնք մեզ կը պատկանին, պէտք չէ եսասիրաբար օգտագործուին միայն մեզ համար», պարզաբանեց Սրբազան Քահանայապետը: «Բարիքներու համընդհանուր օգտագործման նկատմամբ մասնաւոր սեփականութեան ստորադասութեան սկզբունքը ընկերային կարգի «ոսկի կանոն»ն է: Դրամը եւ ունեցուածքը գործիքներ են, որոնք կրնան ծառայել որեւէ առաքելութեան», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, բայց մենք զանոնք դիւրութեամբ կը վերածենք նպատակի` ինչպէս անհատական, այնպէս ալ հաւաքական: Այսպիսով Homo sapiens-ը` մտածող մարդը, կը վերածուի homo oeconomicus-ի` տնտեսական շահ հետապնդող մարդու: Եւ միայն Աստուծոյ մէջ արմատաւորուած քրիստոնէական յոյսն է որ կ’ամրապնդէ ուրիշներուն հետ կիսուելու մեր կամքը, կ’աջակցի մեր առաքելութեան` որպէս Քրիստոսի աշակերտներ, Ով ամէն ինչ կիսեց մեզ հետ:

Ատիկա շատ լաւ կը հասկանային առաջին քրիստոնեայ համայնքները, որոնք, ինչպէս եւ մենք, կ’ապրէին դժուարին ժամանակներու մէջ: Անոնք զիրար կ’ընդունէին որպէս մէկ հոգի եւ սիրտ` համատեղ օգտագործելով իրենց բարիքները: Եւ մենք այսօր կանչուած ենք բուժելու ընկերային անարդարութիւնը, որպէսզի դուրս գանք ճգնաժամէն դէպի աւելի լաւ հասարակարգ մը:

Իր քարոզի աւարտին դիմելով հաւատացեալներուն` Սրբազան Քահանայապետը կոչ ըրաւ մտածել երեխաներու մասին եւ ուշադրութիւն դարձնել վիճակագրութեան. այսօր մեծաթիւ երեխաներ կը մահանան սովէն` հարստութեան անհաւասարաչափ բաշխման հետեւանքով, հիւանդ տնտեսութեան պատճառով:

«Թող սովէն եւ կրթութեան բացակայութենէն տառապող երեխաներու այս տեսակի պատկերը օգնէ մեզ հասկնալու, որ ճգնաժամէն մենք պէտք է դուրս գանք` աւելի լաւը դարձած»:

Թարգմ.` ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

Սրբագրեց` Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Վատիկան Նիւզ