ՊԷՅՐՈՒԹ՝ ԱՂԻՏԱՀԱՐ ՔԱՂԱՔ

ՊԷՅՐՈՒԹ՝ ԱՂԻՏԱՀԱՐ ՔԱՂԱՔ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

————————–

ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է, ԻՍԿ ԴԱՐՄԱ՞ՆԸ

Բանակի Օրուան առիթով իր արտասանած ճառին մէջ, Հանրապետութեան նախագահը, զօր․ Միշել Աուն՝ անկախ յաւուր պատշաճի կատարած հաւաստումներէն եւ սահմանումներէն, կատարեց նաեւ այնպիսի հաւաստիացումներ, որոնց տրամաբանական հետեւութիւնը ապագային համար յուսադրիչ զարգացումներ կ՚ենթադրէ։ Դժուար է անշուշտ ճշդել այդ «ապագային» հեռաւորութիւնը։

Բժշկութեան մէջ, եւ ոչ միայն, հաստատուած իրողութիւն է որ երբ ախտաճանաչումը կատարուի, բուժումը կը յստականայ։ Այսպէս ալ, Հանրապետութեան նախագահը կատարեց երկիրը ու ժողովուրդը սարսափելիօրէն տառապեցնող եւ տագնապեցնող ախտերու բացայայտումը, ախտաճանաչումը, որուն պէտք է յաջորդէ դարմանումը ․.․․.․․.․.․.․.․.․.․.․.․․.․.․.․.․․.․

Այն պահուն երբ 4 Օգոստոսին, Երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 6։00-ին վերոյիշեալ տողերը թուղթին կը յանձնէի դրական տրամադրութեամբ ՝ իբրեւ մուտք Հանրապետութեան Նախագահի Բանակի Օրուան առթիւ արտասանած ճառի մեկնաբանութեան, տրամադրութիւնս շրջուեցաւ երբ աննախընթաց ուժգնութեամբ շարժ մը օրօրեց ամբողջ շէնքը ուր կը բնակիմ եւ շրջեց համակարգիչիս դիմացի աթոռը, եւ տասնեակ մը երկվայրկեան ետք տեղի ունեցաւ սաստիկ պայթում մը։ Սարսափած ու շփոթած Զուարթ՝ կինս, վազեց դէպի դուռը, այնպէս ինչպէս սովոր էինք ընել քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ անակնկալ ռմբակոծումներու ընթացքին՝ պատրաստ ըլլալու համար ամէն հաւանականութեան, իսկ ես, լրագրողի հետաքրքրութեամբ, փութացի պատկերասփիւռի գործիքին դիմաց իմանալու համար որ ինչ էր պատահածը․․․։ Չէի սխալած։

 

ՉՈՐՍԴԻՆ ԱՐԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՐ ՄԻԱՅՆ

Լիբանանեան եւ օտար համարեա բոլոր կայաններէն սփռուած՝ պատահածին արձագանգը եղաւ անմիջական։ Այն ինչ որ յաջորդող վայրկեաններուն իսկ կը նկարագրէին եւ ցոյց կու տային ՝ ահաւոր էր։ Աստիճանաբար աւելի կը յստականար պատահածին տարողութիւնը։ Լուրերէն, թղթակիցներու հաղորդումներէն, ցուցադրուած սարսափազդու նկարներէն ի յայտ եկաւ որ պատահածը շատ մեծ աղէտ մըն է։ Քիչ է ըսել դժոխային։ Արտակարգօրէն ուժգին պայթումը եւ ըստ ոմանց տպաւորութեան յաջորդական երկու պայթումներ քարուքանդ ըրած էին Պէյրութի նաւահանգիստը եւ մերձակայ թաղերը՝ քաղաքին կեդրոնը, Սայֆի, Ժըմմայզէ, Մար Մխայէլ, Քարանթինա։ Չորսդին աւերուածութիւն, կործանած շէնքեր, ջարդուած ինքնաշարժներ, բեռնակառքեր, ամէն ինչ՝ ելեկտրասիւներ, ծառեր, կառոյցներ՝ տապալած։ Եւ արիւնլուայ մարդիկ աւերակներու մէջ։ Սարսափահար։ Օգնութեան կանչեր ամէն կողմէ։ Ըսուեցաւ որ պայթումներուն որոտումը լսուած է մինչեւ Կիպրոս, իսկ յառաջացուցած երկրաշարժանման ուժգին ցնցումին հետեւանքով փուլ եկած են անմիջական մերձակայքէն հեռու շրջաններու կառոյցներ։ Սաստիկ քամիէ մը տարուած փետուրի մը նման՝ մարդիկ թռած են։

 

ՀԻՐՈՇԻՄԱ, ՆԱԿԱԶԱՔԻ ԵՒ… ՊԷՅՐՈՒԹ

 Շուտով սկսան լսուիլ հիւանդատար եւ հրշէջ կառքերու ճչակները։ Պայթումին հետեւանքով ծագած հրդեհին բոցերուն ծուխով ու մուխով ծածկուած էր երկինքը։ Դժոխքին բոցերը աւելի ահարկու չէին կրնար ըլլալ։ Քաղաքացիական պատերազմի 15 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած ամէնէն կատաղի ռմբակոծումներն անգամ այսպիսի աւեր գործած չէին։ Միջազգային գործակալութիւններ Հիրոշիմայէն եւ Նակազաքիյէն ետք Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումները ամէնէն ուժգինը նկատեցին։ Աստիճանաբար կը հասնէին մարդկային վնասներու մասին տեղեկութիւնները։ Ժամը ժամին կը բարձրանային զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւերը։ Հարիւրէ աւելի զոհեր եւ 4000 վիրաւորներ։ Մայրաքաղաքին հիւանդանոցները գերծանրաբեռնուած էին։

Ներքին գործոց նախարար Մոհամէտ Ֆահմի, որ վարչապետ Տիապին հետ աւերուած շրջանները առաջին ժամանողները եղած էին, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, յայտարարեցին որ այն ինչ որ պայթած է նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ՝ տարիներէ ի վեր ամբարուած 2700 թոն քիմիական նիւթի պահեստն է։ Բայց չըսին թէ պայթումը ի՞նչ բանի հետեւանք է։ Այս մասին սկսան շրջան ընել հակասական ենթադրութիւններ։ Ռո՞ւմբ մը, հրթի՞ռ մը։ Խափանարարական արա՞րք մը։ Մինչեւ ուշ գիշեր այս հարցումները պատասխան չունէին։

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը, որ շտապ ժողովի հրաւիրուած էր Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, հաստատեց միայն որ պայթումները հետեւանքն էին նաւահանգիստին մէջ ամբարուած 2750 թոն նիթրաթ տ’ամմոնիոմի։ «Անընդունելի է որ 2750 թոն նիթրաթ տ’ամմոնիոմ վեց տարիէ ի վեր ամբարուած ըլլայ պահեստանոցի մը մէջ, առանց կանխազգուշական միջոցներու։ Չենք կրնար լուռ մնալ այս խնդրին շուրջ» յայտարարեց վարչապետը՝ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ժողովին։ Չըսաւ սակայն թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ տեղի ունեցած է այդ վտանգաւոր քիմիական նիւթին ամբարումը վեց տարի առաջ։ Ո՞վ է անոր տէրը։ Գերագոյն Խորհուրդը նաւահանգիստի շրջանը յայտարարեց աղէտի գօտի՝ ընդգծելով որ մայրաքաղաքին մէջ երկու շաբաթ պիտի տիրէ արտակարգ դրութիւն, որ կրնայ վերանորոգուիլ։

«Ամբողջ Լիբանանն է աղիտահար։ Նկարները ցոյց կու տան վնասներուն տարողութիւնը։ Ազգային մեծ աղէտ մըն է» յայտարարեց վարչապետ Տիապ, վստահեցնելով որ բոլոր ճշմարտութիւնները պիտի քօղազերծուին եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչուին։ Ան Լիբանանին օգնելու կոչ ըրաւ բարեկամ երկիրներուն։ Այս կոչին անմիջապէս ընդառաջեցին բազմաթիւ երկիրներ, առաքելով անմիջական եւ մեծաքանակ օգնութիւններ։

 

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՄԱՍՆ ՉԷՐ ՄՆԱՑԱԾ…

Գիշերուան ուշ ժամերուն ի յայտ եկաւ որ աղէտի հետեւանքներէն անմասն չէ մնացած նաեւ Լիբանանի հայ համայնքը, տասնեակ մը զոհերով, 250 վիրաւորներով։ Հայապատկան բազմահարիւր բնակարաններ ու վաճառատուներ աւերուած էին՝ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանէն, Ժէիթաուի, մինչեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան, Անթիլիաս տարածուող հայաբնակ շրջաններուն մէջ, Հաճըն, Խալիլ Պատաուի, Պուրճ Համուտ, Տորա, Զալքա, Ժալ էլ Տիպ։ Վնասուած էին այդ շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները, վարժարանները, ակումբները, բարեսիրական, մշակութային միութիւններու կեդրոնները։ Հակառակ այս բոլորին, սակայն, խուճապահարութեան երեւոյթներ չկային։ Հաւանաբար, Հայ համայնքին կենսափորձին շնորհիւ։ Ընդհակառակը, առաջնորդութեամբ ազգային բոլոր՝ հոգեւոր, կուսակցական, բարեսիրական, երիտասարդական միութենական միաւորներու պատասխանատուներուն, զօրաշարժի մէջ էին համայնքին զաւակները՝ ընկերային, ապրուստային, տնտեսական, քորոնավիրուսային տագնապներէն ետք եւ քաղաքական անորոշութեան պայմաններուն ներքեւ, այս անտանելի փորձանքն ալ յաղթահարելու վճռակամութեան վկայութիւնը ցոյց տուող աշխատանքով, որուն լծուած էին ինքնակամ եւ անմիջական նախաձեռնութիւններով։ Անոնք անգամ մը եւս ցոյց կու տային հաւաքական ուժով այս մարտահրաւէրն ալ դիմագրաւելու եւ վերականգնելու հաստատակամութիւն։ Այդ վերականգնումին աջակցելու կոչուած է այսօր համայն հայութիւնը, աշխարհասփիւռ եւ հայրենաբնակ, որպէսզի ամբողջ սփիւռքին սիրտը շարունակէ բաբախել լիբանանահութեան ազգաշէն եւ հայրենաշունչ կեանքին կշռոյթով։

 

4-5 Օգոստոս, 2020