Ն.Է.Ն.
——–
Հոգիս փոթորկած է, ճնշուած, սիրտս կը կոտտայ եւ արցունքս կոկորդիս մէջ սեղմուած։
Պէյրութս, դարձեալ քարուքանդ եւ աւերակ։
Դարձեալ զոհ՝ քաղաքական քաշքշուկներու, մեծ ու փոքր պետութիւններու հակամարտութիւններու եւ վարձկան պաշտօնատարներու ոճրային ԱՆՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ինչպէս կը յայտնուի պայթումին շուրջ նախնական հետաքննութիւններէն։ Այո, գլխագիր ԱՆՀՈԳՈՒԹԵԱՆ՝ իշխանութեանց եւ իշխանաւորներու, որոնք յայտնապէս զուրկ են Լիբանանի քաղաքացիական պատկանելիութեան որեւէ զգացումէ, զուրկ՝ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ։ Այս ճշմարտութիւնը եւ ասոր հետեւանքով կատարուած ժողովուրդին կեղեքումը, թալանը, պետական գանձին կողոպուտը, հանգամանքներու շահագործումը, հովանաւորչութիւնը, որոնք ժողովուրդին այսօրուան թշուառութեան գլխաւոր պատճառը կը նկատուին, ապստամբելու իրաւունք տուին ժողովուրդին որ փողոց իջաւ իր բողոքը արտայայտելու համար։
Քանի՜ քանի մայրերու սրտեր մղկտացին, քանի՜ երեխաներ որբացան, քանի՜ հէգ մարդիկ անօթեւան մնացին եւ փայլուն ապագայի մը ջարդուած երազներով երիտասարդներ յուսալքուեցան՝ ի տես Պէյրուշիմայի՝ որով ամբողջ քաղաք մը, ակնթարթի մը մէջ աւերակ դարձաւ, ժողովուրդ մը թշուառացաւ եւ բարօր կեանքի մը նկրտումները ամբողջութեամբ փշրուեցան։
Հազարումէկ զգացումներ կը տողանցեն սրտիս մէջ, սահմռկեցուցիչ յիշատակներ իրենց գլուխը կը բարձրացնեն մտածումներուս խոռոչներէն եւ միակ մտահոգութիւնս այս պահուս երեխաներս են, որովհետեւ «անոնց ապագան ի՞նչ պիտի ըլլայ», «ի ՞նչ է անոնց մեղքը» հարցումները կը հալածեն միտքս։
Այս մտահոգութիւներուն եւ մտորումներուն մէջ միակը չեմ անշուշտ։
Որքան ալ կը փորձեմ վերլուծել, եւ առարկայական տեսանկիւնէ դիտել այս պայթումին հետեւանքները եւ դրդապատճառները, սակայն անմարդկայնութեան, շահամոլութեան եւ հատուածամոլութեան, ագահութեան եւ իշխանամոլութեան մեղադրանքները որոնք կը շրջին՝ գերիշխող են։ Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու կեղծ լուրերու եւ վերլուծումներու տարափը։ Որո՞ւն հաւատալ եւ ո՞ր լուրը անտեսել։ Ընկերային ցանցերու ստեղծած այս թոհուբոհին մէջ անճրկած քաղաքացին, որ կը նմանի ծփացող փայտի կտորին կառչող խեղդուողի մը, որքա՛ն ալ աղաղակէ, որքա՛ն ալ ճչայ եւ պոռթկի, նման է «ձայն բարբառոյ յանապատի»… ի վերջոյ, բողոքները կ’անհետանան խաժամուժին մէջ, բարձրացած փոշին կը չքանայ եւ հէգ քաղաքացին կը զբաղի իր վէրքերու ամոքումով։
Այսուհանդերձ, կը տարուիմ ինքզինքս համոզելու որ ասիկա ալ կ’անցնի եւ … կեանքը կը շարունակուի, վէրքերը կը սպիանան, բայց մեր հոգիները աւելի եւս ծանրացած կ’ըլլան անդարմանելի ողբերգութեամբ մը, անվերականգնելի կորուստներով եւ անմոռանալի՝ սիրտ կծկող յիշատակներով։ Միակ մխիթարութիւնը՝ մեր երեխաներու ժպիտն է եւ անոնց համար է որ յուսահատութեան ալիքին կարելի չէ յանձնուիլ, պայմանաւ որ այդ ժպիտը պարգեւող հնարաւորութիւններ ստեղծուին, որպէսզի կեանքը շարունակուի զրկանքներու գնով, տոկալով, պայքարելով եւ մեր ճակատը բարձր բռնելով։
Ա՛յս ալ կ’անցնի…։