Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՀՈԳԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻԻՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՀՈԳԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻԻՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ

ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ

—————————-

4 Օգոստոս 2020…։

Լիբանանի համար պատմական անկիւնադարձային թուական, սակայն դժբախտաբար ոչ՝ յաղթանակի, այլ ընդհակառակը՝ սեւ էջ մը եւս։

Մինչ այս երկրին վիճակուած էր այս տարի «Մեծն Լիբանան»ի 100ամեակը նշել, յայտնուեցաւ թէ երկիրը՝ փոթորկալից անցուդարձերէ ետք, թէեւ ոմանք յաղթական, սակայն վերջին 45 տարիներու ընդհանրապէս յուսախաբութիւն պատճառող դէպքերէ ետք, շրջանային եւ ներքին շահագործումներու բեմ մըն է, զուրկ պետականավայել եւ հայրենասիրական հիմքերէ։ Համայն լիբանանցի քաղաքացիներու օրինական հայրենիք կերտելու փոխարէն, վերջին չորս տասնեակ տարիներուն, պետական վարչակազմերը ձեւակերտեցին անձնական եւ շրջանային կողմերու շահերու եւ փտածութեան առաջնորդող իշխանութիւն։ Այս վիճակին հետեւանքով՝ 2020-ին ունեցանք փտած երկիր մը, տնտեսական գետնի վրայ ահաւոր կերպով սնանկացած, իսկ հիմնարկային կերտումի գծով գրեթէ գոյութենէ զուրկ։ Վրայ հասաւ Պէյրութի նաւահանգիստի ոճրային պայթումը։ Այո՛, կը շեշտենք պայթումի ոճրային բնոյթին վրայ, որովհետեւ ինչ ալ ըլլան անոր պատճառները, անպատասխանատուութիւն, անհոգութիւն կամ դիտումնաւոր արարք, ան խլեց հարիւրաւոր անմեղ կեանքեր, պատճառեց հազարաւոր վիրաւորներ, տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու տեղաքանդում, ոչնչացուց երկրի «սիրտը» համարուող նաւահանգիստը եւ եռանդագին աշխատանքով գործող շրջաններ, քանդեց, կործանեց եւ անդամալուծութեան մատնեց։

Աղէտէն ետք, վնասները յայտնաբերելու, ժամանակաւոր կառուցուելիքը կարգաւորելու, անգործածելին թափելու աշխատանքները ընթացքի մէջ են, ի վերջոյ, կեանքը պիտի շարունակուի…։ Այս ընթացքին, վերլուծաբանները՝ հետեւանքներու առնչութեամբ գործի վրայ են։ Կը ներկայացնեն զանազան բացատրութիւններ՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, նոյնիսկ հոգեբանական, կենսաբանական եւ այլ մարզերէ ներս։ Բոլորին համար ալ, աւերները սարսափելի են անշուշտ, բայց ոմանք կը խորհին, որ աղէտը սրբագրութեան կարօտ որոշ մարզերու մէջ նոր առիթներ կը ներկայացնէ։ Տնտեսական գետնի վրայ, արդէն անուղղակիօրէն վերացուեցաւ պատիժներու եւ շրջափակումի գործադրութիւնը…։ Լաւատեսներ կը պաշտպանեն այն գաղափարը թէ տոլարի փոխանակման սակագինը կրնայ նուազիլ։ Անոնք կ’աւելցնեն թէ միջազգային օժանդակութիւնները եւս պիտի բարելաւեն շուկայի վրայ կարիքներու պակասը եւ առեւտրական հաւասարակշռութիւն պիտի յառաջացնեն։

Իրականութեան մէջ, այս քայլերը «կարկտան» կարգադրութիւններ կրնան ըլլալ միայն եւ իսկական մեծ «վէրքը» կամ «ախտը» չեն դարմաներ։ Հաւանական է որ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար տոլարին սակագինը բարելաւուի, բայց եթէ հիմնական լուծում կը սպասենք, այս օժանդակութիւնները հարկ է որ դուրս բերուին մարդասիրական օգնութիւն ըլլալու բնոյթէն, վերածուին ծրագրաւորուած եւ տարիներու վրայ երկարող ներդրումներու, որոնք պէտք է բարեկարգեն տնտեսութիւնը եւ ապահովեն շարունակական օտար դրամներու հոսք երկրին եւ մանաւա՛նդ՝ վստահութիւն, ինչպէս որ էր վիճակը քսան տարի առաջ, սակայն քանի մը տարիներ ետք շրջուեցաւ։ Ինչ կը վերաբերի օգնութիւններուն, անոնք մարդասիրական են, կը սփոփեն անշուշտ աղիտահար լիբանանցիները, կը ծառայեն անմիջական որոշ վնասներու դարմանումին, բայց չեն նկատուիր երկրի ընդհանուր տնտեսութեան վերականգնումի գործընթաց։

Եթէ նկատի ունենանք միջազգային ժողովի ընթացքին հաւաքուած գումարները, արդէն յստակ արտացոլացում են թէ սահմանափակուած են մի քանի տասնեակ միլիոններու մէջ, մինչ միայն պայթումին պատճառած վնասները կը հասնին 5 միլիառ տոլարի, իսկ պայթումէն առաջ երկրի տնտեսութեան վերականգնումի կարիքը կը նախատեսուէր 60 միլիար։

Միջազգային որոշումի պատասխանատուներ կ’առարկեն թէ «անվստահութեան» պատճառով կը վարանին նիւթական օժանդակութիւններ առաքել լիբանանեան իշխանութիւններուն, սակայն անհասկնալի կը մնայ առանց կողմ որոշելու ինչպէ՞ս տնտեսական սատարում պիտի իրագործուի։ Արդեօք իսկապէս բարեկարգում կը սպասուի՞, ո՞վ պիտի ձեռնարկէ այդ բարեկարգումներուն, նոր կառավարութիւն մը պիտի կարենա՞յ ակնկալուած վստահութիւնը ներշնչել կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, թէ՞ Լիբանան կը նկատուի անբուժելի «հիւանդ», եւ «օտար բժիշկներուն» կատարած այն հաւաստիացումը թէ «բուժումը հնարաւոր է» մխիթարանք է պարզապէս։

Այսուհանդերձ, ինչպէս գիտենք երբ Յիսուս քալեց Գողգոթան եւ խաչուեցաւ, ժողովուրդը կարծեց թէ քրիստոնէութեան վերջը եկաւ, բայց Ան իր յարութեամբ հաւատք եւ յոյս ներշնչեց ու աշխարհը փրկեց։ Լիբանանցին ալ թող հաւատայ «Յարութեան» եւ հաւատայ որ անկեղծ միասնականութեամբ կը փրկէ իր ապագան ու երկիրը։