ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
———————————
Այս օրերու աշխարհը կ’ապրի վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին իր ունեցած ամենամութ ժամանակաշրջաններէն մին: Ըստ միջազգային կազմակերպութեանց, այս տագնապը ամենածանրն է Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր եւ մարդկութիւնը գիտէ թէ այդ պատերազմը որքան աւերիչ եղած է ամէն տեսակէտով:
Մինչ մենք ականատես կ’ըլլանք թէ աշխարհի հսկաները որքան կը տառապին, մենք ինքնաբերաբար կը մտածենք թէ ինչ աստիճանի դժուար է տնտեսականօրէն տագնապող փոքր երկիրներու համար դիմակալել այսպիսի ահազանգային իրավիճակ մը:
Իմ խորհրդածութիւններովս եւ աղօթքներովս բոլոր ազգերուն եւ համայն մարդկային ցեղին, կ’ուզեմ ուշադրութիւնս կեդրոնացնել Լիբանանի հայ գաղութին վրայ: Գաղութ մը որ կը համարուէր եւ տակաւին այսօր ալ կը նկատուի սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտը: Գաղութ մը որ միշտ ալ եղած է առաջնային գծի վրայ ի պաշտպանութիւն ըլլա՛յ Հայաստանի կամ՝ Արցախի եւ կամ ըլլայ՝ աշխարհատարած սփիւռքահայութեան: Այլեւ գաղութ մը՝ որ տուած է արժանաւոր անձինք որոնք ամէնուրէք հիմնած են ակումբներ եւ կառուցած են դպրոցներ
Ըլլալով մէկ մասնիկը այս գաղութին, կը հաստատեմ թէ զուգադիպութիւն չէ որ մենք ունինք այսպիսի ազգօգուտ յանձնառութիւն, նուիրում եւ սէր մեր ինքնութեան նկատմամբ: Արդարեւ, մեր ապրած քաղաքներու ամէն մէկ յաջորդ թաղին մէջ կը գտնես եկեղեցի մը, ակումբ մը եւ կամ վարժարան մը որոնց կողքին կայ փոքրիկ խաղավայր մը որ այդքան մօտիկ է մեր տուներուն: Այս եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները սորվեցուցին նոյն հիմնական սկզբունքները որոնք էին մեծնալ իբրեւ քրիստոնեայ հայ որ փարած կը մնայ իր ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան, որեւէ երկինքի տակ ալ սփիւռքահայու ճակատագիրը զինք առաջնորդէ:
Դժբախտաբար, զանազան պատճառներու բերումով, որոնց կարգին անցնող 30 տարիներուն Լիբանանի մէջ իրագործուող նիւթական ապօրինի մեքենայութիւնները, հսկայական գումարներու հասնող իւրացումներն ու քանդող կաշառակերութիւնը, երկիրը հասցուցին այնտեղ ուր այլոց շարքին վտանգի մէջ է Լիբանանի հայկական գաղութը, որովհետեւ հսկայական ցնցումի ենթարկուած են վերոնշեալ ազգային կառոյցները ըլլան անոնք եկեղեցական թէ կրթական եւ կամ՝ մշակութային, թէ ընկերային ու քաղաքական. եւ այս կառոյցներէն ոչ մէկը կրնայ փոխարինել միւսը այլ անոնք միասնաբար հիմնական դեր ունին հայ հոգին ու սիրտը սնուցանող ու հայու մարմինն ու միտքը զօրացնող իրենց առաքելութեան մէջ:
Մինչ մենք կ’աշխատինք մարդկային կարիքներու ճակատին վրայ, օգտակար հանդիսանալով կարիքաւոր ընտանիքներուն, անդին կան հայորդիներ, որոնք վարագոյրներու ետին կ’աշխատին հայ վարժարանը փրկելու համար փակուելու ստոյգ վտանգէն։ Ազգանուէր եւ յոյժ կարեւոր գործ մը արդարեւ, որովհետեւ հակառակ այն բազմապիսի դժուարութիւններուն զորս կը դիմակալենք, մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք մեր դպրոցները որոնք մեր գործնական նեցուկին պէտքը ունին այսօր որեւէ ատենէ աւելի: Չբաղդատենք մեր դպրոցները կրթական այն հաստատութիւններուն հետ որոնք կը ֆինանսաւորուին միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ եւ կամ ունին եկամուտի այլ աղբիւրներ: Մեր վարժարանները ընդհանրապէս ունին ինքնաֆինանսաւորի իրավիճակ. առաւել անոնց դռները միշտ ալ բաց եղած են այն հայորդիներուն դիմաց որոնք ի վիճակի չեն եղած վճարելու իրենց կրթաթոշակը անոնց ապահովելով անհրաժեշտ կրթական նպաստը:
Արդ, ի սէր ձեր զաւակներուն, ի խնդիր անոնց ապագային ինչպէս նաեւ ի խնդիր հայ համայնքի գոյատեւման եւ հայ ընտանիքի պահպանման՝ ձեր կարելին ըրէք նեցուկ կանգնելու հայ դպրոցին: Ես ծնած ու հասակ առած եմ լիբանանեան պատերազմի տագնապի շրջանին երբ կացութիւնը աւելի վատթար էր քան այսօրուան մեր դիմակալած վիճակը։ Կը յիշեմ թէ ինչպէս հայրս մեզի սորվեցուց թէ ուսումը այնքան կարեւոր է որքան հացը եւ թէ ինչպէս ան բացատրեց մեզի որ դպրոցը որքան հիմնական է անձի մը համար որքան անոր տունը, հետեւաբար՝ այս բոլորէն հետեւցնելով, թէ մեր կարելին պէտք է ընենք կրճատելու մեր առօրեայ ծախսերը որպէսզի կարենանք կատարել մեր նիւթական պարտաւորութիւնները ի խնդիր մեր զաւակներուն զարգացման: Եւ ահաւասիկ այսօր, մենք կը քաղենք մեր ծնողներուն այսօրինակ մօտեցումը հայ դպրոցին երբ անոնք դժուարին օրերուն կրցան զոհել իրենց նախասիրութիւնները պայծառ ապագայ մը ապահովելու համար իրենց զաւակներուն:
Այսօր հայ դպրոցի զանգերը ձեզ կը հրաւիրեն նոր սերունդի ծնողներ, գիտակից բարերարներ եւ ազգանուէր հայորդիներ: Ատենն է ընդառաջելու այդ ազգային ու մարդկային կոչին եւ ձեր լուման բերելու մեր դպրոցներու գոյատեւումը ապահովելու առաքելութեան:
Պէյրութ, 17 Ապրիլ 2020