ՄԵԾ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԾ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ

ՄԵԾ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԾ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ

ՐԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ

———————

Համոզումով ըսած ենք միշտ՝ թէ Հայաստանը պէտք ունի զօրաւոր սփիւռքի եւ սփիւռքը՝ զօրաւոր Հայաստանի:

Ոչ միայն համոզումի այլ  փաստացի տուեալներու եւ լուրջ խոկումի արդիւնք է վերոնշեալ հաստատումը:

Նախորդ դարու իննիսունական թուականներուն, նորանկախ Հայաստանը տեսաւ ու շօշափեց, իսկ ներկայ Հայաստանը կը վկայէ՝ կազմակերպուած օժանդակութիւններու, շինարարական ներդրումներու, զանազան մարզերու մէջ իրագործուած ծրագիրներու եւ սփիւռքի հայութեան՝ Հայաստանի մէջ զբօսնելու դրական արդիւնքներու մասին:

Չմոռնանք անշուշտ սփիւռքի հայութեան, քաղաքական կազմակերպութիւններուն եւ սփիւռքի մէջ կայք հաստատած մեր եկեղեցիներու ծանրակշիռ դերը «Հայ Դատի» յառաջընթացին եւ զայն արդար վախճանի հասցնելու աշխատանքներուն մէջ:

Սուրիոյ մեր հայ գաղութը տեսաւ ու շօշափեց՝ հոգածութիւնն ու գուրգուրանքը Հայաստանի, երբ Մայր Հայրենիքը իր թեւերը լայն բացած ընդունեց եւ օժանդակութեան ձեռք երկարեց Սուրիոյ արիւնալի պատերազմի արհաւիրքներէն փախչող եւ ապահովութիւն փնտռող սուրիահայուն:

Աւելի ուշ, վերջին տարիներուն, նոյնն էր պարագան լիբանանահային, երբ տնտեսական տագնապին չկարողանալով դիմանալ, անոր լաւագոյն եւ ամենաապահով տունը կ’ըլլար Մայր Հայրենիքը:

Չկայ կարծեմ երկու հայ որ չհամաձայնի թէ սփիւռքի բաբախուն սիրտը կը հանդիսանան Սուրիոյ եւ Լիբանանի զոյգ գաղութները. Սուրիան՝ իր «Երազային Հալէպ»ով, իր պատմական Քեսապով եւ բոլոր քաղաքներէն բխած հոգեւորականներու կոչումներու առատ աղբիւրներով, իսկ Լիբանանը՝ իր եկեղեցական կեդրոններով, իր դպրեվանքերով եւ նորընծայարաններով, իր մամուլով, իր մշակութային եւ քաղաքական կեանքի աշխուժութեամբ, իր միակ սփիւռքեան հայ համալսարանով …։

Բոլորս համաձայն ենք այս կէտերուն շուրջ եւ կ’ըսենք աւելին. այս զոյգ գաղութները կ’ամբողջացնեն զիրար իրենց իւրայատկութիւններով, կը տնքան նոյն ցաւերով եւ կը հրճուին նոյն յաջողութիւններով:

Համաձայն ենք նաեւ որ մեր միջին-արեւելեան հայ գաղութները եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ եւ Լիբանանի գաղութները կ’ապրին մեծ ճգնաժամ մը այս օրերուս:

Սուրիոյ պատերազմը տակաւին վերջ չէ գտած, թէպէտ նուազած են զինուորական գործողութիւնները, սակայն անոնց տեղ յառաջացած է տնտեսական եւ առողջապահական աննախընթաց վիճակ:

Լիբանանը կ’ապրի տնտեսական շատ դժուարին պայմաններ, եւ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի աներեւակայելի եւ կործանիչ պայթումը եկաւ այդ պայմանները առաւել աղէտալի դարձնելու:

Այս տուեալներուն դէմ յանդիման, համայն Հայութիւնը, հայրենաբնակ թէ ի սփիւռս աշխարհի, ունի մեծ մարտահրաւէր եւ կոչուած է գործնական զօրակցութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր գաղութներուն, որոնք կը մաքառին մահամերձ վիճակի չմատնուելու համար:

Համազգային պարտք է պահել եւ զօրացնել այս գաղութները, որպէսզի անոնք շարունակեն մնալ համայն հայ սփիւռքի բաբախուն սիրտն ու զարկերակը, վերագտնեն իրենց երբեմնի կարեւոր դերը հայ իրականութեան մէջ եւ իրենց կարգին շարունակեն նպաստել Մայր Հայրենիքի բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան:

2011-էն՝ Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերէն ի վեր, սուրիահայութեան կը հասնին մարդասիրական օժանդակութիւններ եւ տեղւոյն վրայ կը գործէ «Սուրիահայութեան վերականգնումի մարմին» մը: Այժմ, երբ նսեմացած են այդ օժանդակութիւնները եւ երբ Սուրիան կը գտնուի տնտեսական մեծ արգելափակումներու եւ միջազգային պատժամիջոցներու դիմաց, սուրիահայը դարձեալ կը դիմագրաւէ օրհասական օրեր, թէ՛ տնտեսական գետնի վրայ եւ թէ՛ առողջապահական՝ Քորոնա համավարակի հետեւանքով:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, աւելի քան 3-4 տարիէ ի վեր կը տիրէ աննախադէպ տնտեսական տագնապ, որուն հետեւանքով արդէն մեծ թիւով հայ ընտանիքներ բռնած են կամ կը մտածեն բռնել գաղթի ճամբան: Իսկ 4 Օգոստոսի երկրաշարժային պայթումէն ետք արդէն շուրջ հազարէ աւելի հայորդիներ ապաստան գտած են Հայաստան եւ շատ-շատեր կը մտածեն նոյնը ընել կամ, դժբախտաբար, աւելի հեռաւոր ափեր ուղղուիլ, կարողութիւնը չունենալով անգամ մը եւս, եւ քանիերրորդ անգամն ըլլալով, վերակառուցել եւ վերանորոգել՝ իրենց աւերուած բնակարանն ու գործատեղին:

Լիբանանին եւս ամէն կողմէ կը հասնին մարդասիրական օգնութիւններ՝ սննդամթերք, դեղորայք, նիւթական նպաստներ: Նաեւ սկսաւ գործել «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին» մը, հասնելու համար պայթումէն տուժած հայորդիներու անմիջական կարիքներուն:

Այս բոլորով հանդերձ եւ դժբախտաբար, մենք մեզ զօրաշարժի կ’ենթարկենք ու գործի կը լծուինք՝այն ատեն միայն երբ աղէտը պատահի եւ աղէտի ազդեցութեան կամ զայն դիմագրաւելու ստիպողութեան տակ գտնուինք, ամենադժուարին օրերուն, կը փորձենք անկարելին կարելի դարձնել։

Հիմա կը յայտարարենք որ պէտք է անպայմա՛ն պահենք ու պահպանենք Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր գաղութները, որպէսզի անոնք շարունակեն մնալ մեր գոյապայքարի յառաջապահ դիրքերուն վրայ։ Ասիկա կը կարօտի անշուշտ մեծ զոհողութիւններու։

Հարց կու տամ․- Մշակա՞ծ ենք արդեօք մինչ օրս՝ այդ նպատակին համար յատուկ ռազմավարութիւն մը: Ունի՞նք արդեօք ծրագրուած տեսլական մը մեր այդ նպատակը իրագործելու :

Ահա թէ ինչու, եթէ այսօր իսկ, չծրագրուին ու չորդեգրուին անհրաժեշտ միջոցառումները հայրենիք-սփիւռք միատեղ գործակցութեամբ, ցաւ ի սիրտ պէտք է ընդունիլ որ մեր այս երկու կարեւորագոյն գաղութները կամաց-կամաց պիտի մաշին եւ անհետանան ի սպառ:

Կը հաւատանք որ ռումբերու պատերազմները կը դադրին ուշ կամ կանուխ, բայց տնտեսական պատերազմը պիտի շարունակուի «մեծ» պետութիւններու կողմէ, գոհացնելու համար այդ «մեծ» պետութիւններու մնայուն դաշնակից երկիրը մեր շրջանին մէջ:

Իսկ մեր երկու գաղութները կենսունակ պահելու անհրաժեշտ ազդակն է յաղթահարումը տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններուն որոնց մատնուած են անոնք, այս նպատակին համար համատեղելով համահայկական կարողութիւնները եւ տիւ ու գիշեր ջանալով ապահովել միջազգային կազմակերպութիւններու նիւթական աջակցութիւնը:

Քորոնա ժահրին պատճառով՝ նախորդ դպրոցական կիսատ մնացած տարեշրջանի աւարտին, Լիբանանի հայկական վարժարանները ըրին իրենց կարելին եւ անկարելին եւ մեծ զոհողութիւններու գնով զեղջեցին կրթաթոշակներուն 25-30 առ հարիւրը, օգնելով հայ ընտանիքներուն, որոնց տարեկան ծախսին կարեւորագոյն մէկ մասը կրթաթոշակներն են:

Այսօր հրամայական է ծրագրել, մեր բոլորին ուժերն ու կարողութիւնները ի գործ դնել եւ յայտարարել ԱՆՎՃԱՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր գաղութներու բոլոր հայկական վարժարաններուն համար: Այդպէսով մեծապէս նպաստած կ’ըլլանք հայ ընտանիքները կառչած պահելու՝ իրենց հայրերը հիւրընկալած այս զոյգ երկիրներուն, որոնք եղած են մեր որդեգիր հայրենիքը, ուր ունեցած ենք մեր փառքի օրերը եւ ուր պահած՝ մեր զուտ հայկական բարքերն ու մշակոյթը:

Օ՛ն ուրեմն գործի։