«ԳԵՂԵՑԻԿ ԲԱՆԵՐԸ ՄԷԿ ԳԱՐՈՒՆ ՈՒՆԻՆ». ԺԵՐԱՐ ՏԸ ՆԵՐՎԱԼ

«ԳԵՂԵՑԻԿ ԲԱՆԵՐԸ ՄԷԿ ԳԱՐՈՒՆ ՈՒՆԻՆ».  ԺԵՐԱՐ ՏԸ ՆԵՐՎԱԼ

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

————————–

 

Երազանքի ուղիներուն վրայ թարթափող բանաստեղծն է Ժերար Տը Ներվալ (1808-1855)։

Ստուար փակագիծ մը ֆրանսական գրականութեան մէջ, որ հակառակ իր կարճատեւ կեանքին, գիտցաւ օժտել 19-րդ դարու քերթողութիւնը սիրոյ երանգաւորումներով ու խորհրդապաշտ ներշնչումներով։

Մեծ եղաւ՝ Մեծերու կողքին. բայց, աւա՜ղ, դիւրայոյզ հոգեպէս, որովհետեւ մարդկային իւրաքանչիւր զգացում իր մէջ կը դրսեւորուէր տարապայման ուժգնութեամբ, հասնելով մինչեւ սահմանները խելագարութեան։

28 տարեկան…տենդոտ սիրով պիտի կապուի Ճեննի Քոլոն դերասանուհիին, զոր պիտի անմահացնէ «Օրելիա» երկին մէջ։

Սէր գեղեցկապատիր, որ պիտի մնայ միակողմանի ու վերածուի եղերերգութեան, որովհետեւ դերասանուհիին ամուսնութիւնը երկրաշարժի մը հանգոյն պիտի սասանէ բանաստեղծին էութիւնը, աննախընթաց հետեւանքներ յառաջացնելով մտային հաւասարակշռութեան վրայ։

Այնուհետեւ, իր կեանքը պիտի ըլլայ յարատեւ յաջորդականութիւն մը ուղեւորութիւններու, հոգեբուժարաններու առանձնասենեակներէն ներս դարմանումներու ու մեկուսացումներու, մինչեւ Յունուարի ցուրտ գիշերուան մը տխրասարսուռ լրումը, երբ մահը զինք պիտի խլէ փարիզեան փողոցներուն մէջ։

Ճակատագիրը ուզեց, որ հիւանդութեան ճի՛շտ այդ տարիներու ստեղծագործութիւնները՝ ըլլան գեղեցկագոյնները ֆրանսացի քերթողին։

Տը Ներվալ, իրօք, հիւսեց կեանք մը երազներով արբշիռ ու այդպէս ալ ապրեցաւ, առանց կառչիլ կարենալու անոնց, սա՛ ցնորական սէրերուն նման, զոր յիշելով՝ գրեց օր մը.

«Գեղեցիկ բաները մէկ գարուն ունին» (Գոթական տաղ)։

Թռչուններուն գեղգեղանքը, որ կը լսենք իր տաղերուն մէջ, երեկոյեան արեւները, պատշգամին տակ մռնչող ծովը, ծաղիկները գոյնզգոյն ու գարունը դալարագեղ, որ «Ըղձանոյշ մը ինչպէս դեռատի՝ ջուրէն կ’ելլէ ժպտագին…» (Ապրիլ), բոլորն ալ կը պարզեն հոգի մը խռովայոյզ, որ ամոքել կը փորձէ կեանքի ճնշիչ իրականութիւնը… Քալել դէպի իրականը՝ անիրականի ուղիներով։

Լորտ Պայրընի նուիրած տաղին մէջ կ’ակնարկէ այն մելամաղձութեան, որ զինք կը ծուատէր.

«Կայծկլտի եթէ՝ աչքս տակաւին,

Նշան մըն է, թէ պիտ՚արտասուեմ…».

«Ո՜վ փառք, խաբէութիւն մըն ես, լոկ.

Ո՜վ սէր, երջանկութիւնը չես դու, երբե՛ք» (Պայրընեան Մտորում)։

 

Սոյն համարները կ’ենթադրեն լուրջ յեղաշրջում մը բանաստեղծին մէջ. կարելի չէ անրջել ընդմիշտ ու մնալ մտացրիւ.

«Որովհետեւ, շիրիմին մէջ է ոտքը մարդուն,

Երբ ալ յոյսը՝ զինք կը լքէ» (Պայրընեան Մտորում)։

Անիրական կեանքի այս բեկբեկումը ուժգնօրէն կ’արտայայտուի «Համակերպութիւն» քերթուածին մէջ, որ ըստ մեզի ցոլքն է ստոյգ՝ տաղանդի մը վաղամեռ։

Տխրութիւնը կը վրդովէ բանաստեղծի հոգին ի տես բնութիւնը ողողող ճառագայթներուն. հոն արտաշնչող կեանքն ու սէրը, լիաշող արեւին տակ բացուող ծաղիկը, պուրակին մէջ երգող թռչունը՝ զինք այլեւս չեն հրապուրեր։

Ընդհակառակը, մարմանդներուն մէջ ընկողմանած անջրդի խոտն է, որ զինք կը հրճուեցնէ հիմա, եւ կամ ոտքերուն տակ ծառերէն ինկած տերեւներու թաւուտքը տժգոյն, երկինքը դալուկ եւ կամ վարդը թօշնած։ Չորցած կանաչութիւնն ու ծաղիկները «Իմ քոյրերս կը կոչէ».

«Քոյրս չէ՞, արդեօք, այս տերեւը, որ կ’իյնայ

Ժամէն առաջ, խլուած հովէն անողորմ.

Ես ալ, արդեօք պիտի չիջնե՞մ գերեզման

Կեանքիս գարնան օրերուն մէջ։

Ինչու՞ վանել ճակատագիր մը,

Որ սահմանուած է ամէնուն։

Քուն մըն է մահը՝ պարզապէս» (Համակերպութիւն)։

Երազներու ճամբաներէն քալող բանաստեղծը կը թուի մարմրիլ շնչահատ.

«Սեւ ամպ մը կայ,

Յիշատակ մը՝ արտօսրներով թաթախուած,

Որ զիս կ’ընկճէ,

Խանդերուս ու ցաւերուս վրայ

Իր ստուերը կը սփռէ» (Տրտմութեան տաղեր)։

Ճեննի Քոլոն եւս մահացած է արդէն, ու հետզհետէ կ’անօսրանան իգական դիմաստուերները Տը Ներվալի տեսիլներուն։

Անխուսափելի պահն է վերյիշումի։ Ասդին անդին սիրոյ երազներ կը հոգեվարին տակաւին.

«Թո՛ղ զիս, կ’աղերսեմ.

Ի զուր, այդքան սիրուն ու այդքան դեռատի,

Սիրտս բռնկել կը փորձես».

«… Գնաց յոյսը անուրջի պէս,

Սէրս միայն՝ մնաց ինծի» (Պայրընեան Մտորում)։

Սէ՞ր… թէ լոկ հառաչանքներ անցեալի, մտաբերելու յարաժամ… թէ

«Գեղեցիկ բաները մէկ գարուն ունին»։

 

 

ԺԵՐԱՐ ՏԷ ՆԵՐՎԱԼԻ ԹԵՒԱՒՈՐ ԽՕՍՔԵՐԷՆ

  • Երազը երկրորդ կեանք է:
  • Յանկարծ դառնութեամբ զգացի, որ անցորդ եմ ընդամէնը այդ թանկ եւ միաժամանակ օտար աշխարհի մէջ, եւ սարսռացի այն մտքէն, որ հողեղէն կեանքիս պիտի վերադառնամ:
  • Տեղին է ըսուած, որ աշխարհի մէջ պատահական, անհետեւանք ոչինչ կայ. չնչին հիւլէ մը ի զօրու է ամէն ինչ տարրալուծելու, չնչին հիւլէ մը ի զօրու է ամէն ինչ փրկելու: Ի՜նչ ահաւոր է… Այստեղ է չարի եւ բարիի յաւերժական տարբերակումը։