Թիւ 105/2020
17/07/2020
Վսեմաշուք նախագահ
Հայաստանի Հանրապետութեան
Տիար Արմէն Սարգսեան
Մեծարգոյ Վարչապետ
Տիար Նիկոլ Փաշինեան
Բերիոյ թեմի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը իր բոլոր կազմակերպութիւններով եւ զաւակներուն անունով կու գայ մտահոգութիւնը եւ անհանգստութիւնը յայտնելու Ադրբեջանի կողմէ զինադադարի խախտման, սահմանի վրայ տիրող անհանդուրժելի իրավիճակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի վրայ նախայարձակման կապակցութեամբ, որուն հետեւանքով նահատակուեցան հայ քաջարի զինուորներ եւ քանդուեցան հայկական սահմանամերձ գիւղեր, բնակարաններ եւ դիրքեր։
Խորապէս ընդվզելով ադրբեջանական այս նենգ արարքին դէմ, կը յայտնենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն, ժողովուրդին ու բանակին. կը կիսենք կորստեան ծանր վիշտը նահատակներու ընտանիքներու անդամներուն եւ հարազատներուն, եւ խստօրէն կը դատապարտենք ադրբեջանական ուժերու սադրանքները։
Չորս նահատակներ… որոնց իւրաքանչիւրին կեանքը Ազգին համար անգնահատելի է, հանգիստ իրենց հոգիներուն։
Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ պահէ ու պահպանէ մեր Հայրենիքը, ժողովուրդը եւ մանաւանդ մեր զինուորները, որ կարողանան անառիկ պահել մեր սահմանները, ի գին ամէն զոհողութեան։
ՊԵՏՐՈՍ Արք. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ
Առաջնորդ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց
Հալէպ