ՈՐ ՄԷԿԸ ԱՒԵԼԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՑ Է՝ ԺԱ՞ՀՐԸ ԹԷ՞ «ԽԵԼԱԳԱՐԱԾ ԱՄԲՈԽՆԵՐՈՒ» ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ

ՈՐ ՄԷԿԸ ԱՒԵԼԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՑ Է՝ ԺԱ՞ՀՐԸ ԹԷ՞ «ԽԵԼԱԳԱՐԱԾ ԱՄԲՈԽՆԵՐՈՒ» ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

————————–

Այսօր երկրագունդի 178 երկիրներ ընդգրկուած են Covid-19 կոչուած համաճարակին մէջ։ Համաճարակի զոհերու եւ տնտեսական ու ընկերային հետեւանքներու մասին վիճակագրութիւնները այնպիսի արագ թափով աճ կ’արձանագրեն որ օրուան թիւերը ժամանակավրէպ կը դառնան։ Արդարեւ, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան համաձայն, մինչ առաջին մէկ միլիոն վարակումները արձանագրուած են երեք ամիսներու ընթացքին, վերջին միլիոնը արձանագրուած է միայն 8 օրերու ընթացքին եւ համաճարակը միայն առողջապահական ճգնաժամի հարց չէ, այլ նաեւ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ճգնաժամերու պատճառ է՝ չարաշահումներու առիթ դարձած ըլլալով։

Քորոնավիրիւսի եւ անոր ողբերգական հետեւանքներու մասին միջազգային ու տեղական լրատուամիջոցներէն օրուան բոլոր ժամերուն հնչող գիտնականներու, բժիշկներու, պատմաբաններու, համաճարակագէտներու, վերլուծաբաններու եւ պարզապէս լրագրողներու նկարագրութիւններէն, մեկնաբանութիւններէն, խորհուրդներէն, ներկայացուող վիճակագրութիւններէն կը յայտնուի որ համաճարակը՝ որ կը շարունակէ իր սարսափելի աւերը, կը հանդիսանայ երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ի վեր մարդկութեան դիմագրաւած մեծագոյն սպառնալիքը, համաշխարհային պատերազմի համազօր։ Անոնք միաժամանակ կը նոյնանան այն համոզումին շուրջ որ քորոնավիրիւսը ժամանակաւոր բնոյթ ունենալով՝ անկէ ետք աշխարհ միեւնոյնը պիտի չըլլայ երբեք, տարբեր պիտի ըլլայ։ Իսկ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ այդ տարբերութիւնը, կարծիքներն ու նախատեսութիւնները իրարմէ շատ տարբեր են, յաճախ հակասական։

Միանալով լաւատեսներուն, որոնք համաճարակէն ետք նախատեսուած տարբերութիւնը դրական զարգացումներու մէջ կը տեսնեն, քիչ մը միամտաբար հարց տանք՝ վերջ գտած պիտի ըլլա՞ն

Անհաւասարութիւնները,

Անարդարութիւնները,

Անիրաւութիւնները,

Փտածութիւնը,

Կաշառակերութիւնները,

Հատուածական հովանաւորչութիւնները,

Չարաշահութիւնները,

Քաղաքացիներուն պարտադրուած հազարումէկ զրկանքները,

Աղքատութիւնը,

Անօթութիւնը։

Այս եւ քաղաքացիները տագնապեցնող եւ տառապեցնող բազմաթիւ այլ երեւոյթներ դրական ուղղութեամբ շրջուած ու սրբագրուած տեսնելու լաւատեսութիւնը, սակայն, բաւարար չէ արգելակելու համար անոնց դէմ բողոքի ժողովրդային զայրալիր պոռթկումը, որուն ականատեսն ենք անցեալ Հոկտեմբերէն ի վեր։ Այլեւս դժուար է, եթէ ոչ անկարելի, անվերջանալի «կացութեան քննարկումներով», խոստումներով, ժամանակաւոր կարգադրութիւններով օրօրել ոչ թէ աղքատացած, այլ սովահարութեան եզրին կանգնած քաղաքացիները, որոնց դժգոհութեան, բողոքի, ապստամբութեան, յեղափոխականութեան, կոչեցէք ինչպէս որ կ’ուզէք, պատճառներուն շուրջ ոչ ոք տարակարծիք է։ Անոնց պահանջներուն արդարացիութիւնը կ’ընդունին բոլո՛րը, այն բոլո՛րը, որ այդ անտանելի վիճակի պատճառներուն առաջին պատճառը կը նկատուի։ Հետեւաբար, երբեմն իրենց խելագարած արարքներով անոնք կը պահանջեն այդ «բոլորին», իմա՛ քաղաքական դասին հեռացումը եւ փոխարինումը՝ իրենց արդար ակնկալութիւնները իրականացնելու ուղղութեամբ վստահութիւն եւ յոյս ներշնչող պետական մարմիններով։ Այսպիսի արմատական փոխարինում մը անխուսափելի կը դարձնէ խորհրդարանին վերանորոգումը, նոր ընտրութիւններ։ Ժողովրդային բողոքի շարժումին յաջորդող իրադարձութիւնները ցոյց տուին որ համաճարակը յաղթահարելէ աւելի կամ անոր չափ դժուար է այդ փոխարինումը, որովհետեւ ցուցարարներուն ընկերային արդարութեան պահանջին բաւարարումը անխուսափելիօրէն կ’անցնի քաղաքական ճանապարհէն որ հարթուելու կարիքը ունի։

Երբ առանց առողջապահական դիմակի փողոց իջած ցուցարարները կը յայտարարեն թէ քորոնավիրիւսէն կամ անօթութենէն մեռնելու միջեւ տարբերութիւն չկայ, փաստօրէն քորոնավիրիւսը եւ «խելագարած ամբոխներու» պոռթկումը համազօր սպառնալիքներ են երկրին եւ պետութեան համար։ Մէկուն կամ միւսին առաջնահերթութիւն տալու հարց չի կրնար ըլլալ։