Նկարի մը պատմութիւնը. ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ՄԱՆԿԱՆ ՀԵՏ

Նկարի մը պատմութիւնը. ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ՄԱՆԿԱՆ ՀԵՏ

Գիտէ՞ք որ հայ անուանի գեղանկարիչ Գրիգոր Խանճեանի վրձինին կը պատկանի Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի աւագ խորանի սեղանը զարդարող Տիրամօր հիասքանչ պատկերը։ Նման հրաշալի գործեր Խանճեան կատարած է նաեւ Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի եւ այլ եկեղեցիներու համար։

1991 թուականին, Վազգէն կաթողիկոսի օրօք պատուիրուած սրբապատկեր մըն է Մայր Տաճարի աւագ խորանի սրբապատկերը, որուն հեղինակը Գրիգոր Խանճեանն է։ Յատկանշական է որ ան կը կոչուի անկախութեան սրբապատկեր, որովհետեւ Վազգէն Ա. իր օրհնած վերջին՝ վեցերորդ Միւռոնը (1991-ի Սեպտեմբեր 29-ին) անուանած է Անկախութեան միւռոն, որով օծած է Մայր տաճարի Աւագ խորանի «Տիրամայրը Մանկան հետ» պատկերը՝ զայն անուանելով Անկախութեան Տիրամայր: Գրիգոր Խանճեանին վրձինին յատուկ՝ հայկականի յատուկ գիծերով, նախշերով եւ դիմագիծերով գեղանկար մը, ուր ակնյայտ են եռագոյնի երանգները եւ պատարագի խորհրդանիշ ըլլալով կ’ընդգրկէ նաեւ ցորենի եւ խաղողի խորհրդապատկերներ։ Նշենք որ խորանին հեղինակը՝ Ռաֆայել Իսրայէլեանն է։

Գեղանկարիչ Գրիգոր Խանճեան շատ մտերիմ էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինի հետ ու 1966-ին ընդունեց Մայր Աթոռի Հոգեւոր եւ Ճարտարապետական խորհուրդներու անդամ դառնալու առաջարկը: Խանճեանի ու Վազգէն Ա.ի համագործակցութիւնը շարունակուեցաւ 34 տարի՝ մինչև կաթողիկոսին մահը: Մտերմութիւնը չխոչընդոտեց նկարչի գործունէութիւնը: Այդ ընթացքին ան ստեղծեց «Աստուածամայրը Մանկան հետ» երկու նկարները Էջմիածնի Մայր Տաճարի ու Նորքի զանգուածի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ համար, երեք նկար («Աստուածամայրը Մանկան հետ», «Խաչելութիւն», «Յարութիւն») Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ համար, ձեւաւորեց Էջմիածնի կաթողիկոսարանի մի քանի սենեակներու ներքին կահաւորումը։

Ն.Է.Ն.