ՎԱՏԻԿԱՆ ԵՒ ՄԱԿ-Ը ՁԱՅՆԱԿԻՑ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՒ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴՈՒԼԻ ՄԸ

ՎԱՏԻԿԱՆ ԵՒ ՄԱԿ-Ը ՁԱՅՆԱԿԻՑ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՒ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴՈՒԼԻ ՄԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

—————————

Յուլիսի 5-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ բացուած պատուհանէն արտասանած իր Հրեշտակ Տեառն շաբաթական աղօթքի վերջաւորութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը համաշխարհային եւ անմիջական զինադուլի մը կոչին զոր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ Անթոնիօ Կութիերես կատարած էր անցեալ Մարտի 23-ին (Տեսնել յաջորդ էջերուն մէջ) ։ Պապը անգամ մը եւս ողջունեց Կութիերեսի կոչը եւ ասոր շրջագիծէն ներս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը որ կը նախատեսէ քորոնավիրիւսի ողբերգական հետեւանքները դիմագրաւելու համար կարգ մը միջոցառումներ։ Ան յոյս յայտնած էր որ համաճարակին դէմ միացեալ յանձնառութիւնը կը զգացնէ «որպէս մէկ ու միացեալ ընտանիքի մը անդամներ՝ մեր եղբայրական կապերը զօրացնելու անհրաժեշտութիւնը» եւ կը հաստատէ այն համոզումը որ «հակամարտութիւնները պատերազմով չեն լուծուիր։ Պէտք է հակամարտութիւնները յաղթահարել երկխօսութեան եւ խաղաղութեան շինիչ որոնումի մը ընդմէջէն» յայտարարած էր Ֆրանչիսկոս։

Պապին այս մարդկայնական կեցուածքը յաճախ նկատուեցաւ միջազգային քաղաքական կեանքէն ներս եւս միջամտութիւն մը։ Եթէ համաշխարհային խաղաղութեան իրագործումին համար զէնքերու արտադրութիւնն ու առեւտուրը դադրեցնելու պահանջը միջազգային քաղաքականութեան միջամտութիւն է, ինչո՞ւ քննադատել զայն երբ այդ միջամտութիւնը կը նպաստէ համաշխարհային հանրութեան կողմէ այնքան ակնկալուած խաղաղութեան եւ արժանավայել կեանքի մը հաստատումին, երբ «մարդիկ հացի պէտք ունին եւ ոչ թէ զէնքերու» ինչպէս կ’ըսէ Պապը, որուն՝ Սուրբ Աթոռի առաքելութեան անյարիր նկատուած միջամտութիւններուն նպատակը եղած է երկխօսութեամբ լուծել տալ հակամարտութիւնները։ Վերջին տարիներուն հակամարտող կողմերը երկխօսութեան սեղանին տանելու միտող Անոր կատարած բազմաթիւ միջնորդութիւնները վկայութիւնն են այս ճշմարտութեան։

Արդարեւ, միջազգային հանրութիւնը չի կրնար մոռնալ Ֆրանչիսկոսին կատարած դերը Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մերձեցումին մէջ 2014-ի Դեկտեմբերին։ Շնորհիւ Իրեն է որ Պարաք Օպաման եւ Ռաուլ Քասթրոն յաղթահարեցին քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրը որ կը խոչընդոտէր անոնց միջեւ բանակցութիւններուն բացումը։ Պապը մինչեւ իսկ ձեւով մը երաշխաւոր եղաւ անոնց ստորագրած համաձայնագրին՝ բանակցութեանց վերջին նիստին կայացումով Վատիկանի մէջ։

Նուազ կարեւոր չեղաւ աշխարհի քսան ամէնէն հարուստ նկատուած երկիրներու 2013-ի 5-6 Սեպտեմբերին Սէն Փեթերզպուրկի մէջ գումարած գերաստիճանին Ֆրանչիսկոսի կատարած ազդու դիմումը, որուն շնորհիւ է որ կանխուեցաւ Սուրիոյ վրայ յարձակումը որ պիտի կատարուէր քանի մը օր ետք ամերիկացիներուն գլխաւորութեամբ։ Այս նպատակով Պապը անձամբ գրեց Փութինին որ կը նախագահէր գերաստիճանին եւ կոչ ըրաւ «Քսաններ»ուն երկխօսութեամբ եւ բանակցութիւններով գտնել խաղաղ լուծում մը առաջքը առնելու համար «անօգուտ ջարդի մը»։ Այս նպատակով, Ան նաեւ 7 Սեպտեմբերը յայտարարեց աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր։

2019-ի Ապրիլ 11-ին, Ֆրանչիսկոս ծնկաչոք խնդրած էր Հարաւային Սուտանի պատասխանատուներէն խաղաղութիւն կնքել, երկխօսութեամբ լուծել իրենց տարակարծութինները՝ վերջ դնելու համար արիւնալի հակամարտութիւններուն։

«Թող Աստուած դարձի բերէ բոլոր անոնք որոնք պատերազմի ծրագիրներ ունին։ Թող դարձի բերէ զէնք արտադրողները եւ զէնքի վաճառականները որպէսզի անոնք դառնան խաղաղութիւն կառուցողներ» յայտարարած էր ան Յորդանանի մէջ, 2014-ի Մայիսին։

Համաշխարհային զինաթափութեան, հակամարտութիւններու երկխօսութեամբ լուծումին ի խնդիր Պապին միջամտութիւններուն, նախաձեռնութիւններուն եւ մանաւանդ աղօթքի պահերուն շարքը երկար է։ Աղօթքով պայմանաւորուած է Անոր իւրաքանչիւր քայլը։ Ան վստահած է աղօթքի ուժին։ Մայիս ամսուան ընթացքին, քորոնավիրիւսի համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած համաշխարհային ամէնէն տագնապալի օրերուն, Սրբազան Քահանայապետը աղօթած էր Տիրամօր, անկէ խնդրելով զարթնեցնել մարդկութեան խիղճը որպէսզի զէնքերու կատարելագործումին եւ անոնց արտադրութեան համար օգտագործուած հսկայական գումարները ծառայեցուին, ընդհառակառակը, քորոնավիրիւսի նման աղէտները ապագային կանխելու համար անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններուն։

Վերջին տարիներուն, բազմաթիւ առիթներով, Ֆրանչիսկոս դատապարտած էր «խաղաղութենէ ճառող եւ պատերազմներ ընելու համար զէնքեր վաճառող քաղաքական պատասխանատուներուն մեղքը»։ Ան կեղծաւորներ որակած էր անոնք որոնք խաղաղութան մասին կը խօսին՝ շինելով եւ ծախելով պատերազմի զէնքեր։

Հակառակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի եւ Սրբազան Քահանայապետի միացեալ ճիգերուն ի խնդիր համաշխարհային եւ անմիջական զինադուլի մը, զէնքերը դեռ եւս չլռեցին եւ զէնքի դիմելու սպառնալիքները չդադրեցան, որովհետեւ այս ճանապարհին վրայ խոչընդոտները եւ դժուարութիւնները հսկայական են, տարիներու ընթացքին կուտակուած թշնամութիւնները անդառնալի դարձած են, դիմացինին հանդէպ ամէն վստահութիւն կորսուած։ Այս իրականութիւնները համաշխարհային զինադուլի մը հնարաւորութեան շուրջ թերահաւատ կը դարձնեն շատեր։ Այսուհանդերձ, քորոնավիրիւսին նման կործանարար եւ մահասփիւռ համաճարակներուն դիմաց եւ ապագային՝ նման սպառնալիքներու առաջքը կարենալ առնելու համար, զէնքի փոխարէն երկխօսութեան դիմելու պայմանը ինքզինքը կը պարտադրէ։ Ապագան միայն ցոյց պիտի տայ թէ մարդիկ, համաշխարհային քաղաքական բեմին մեծ ու փոքր դերակատարները ինչպէ՞ս կ’ընկալեն այդ պարտադրանքը եւ որքա՞ն անկեղծ են իրենց խաղաղասիրական նկրտումներուն մէջ։