ԿՈՒԹԻԵՐԵՍ ԻՐ ԽՈՐԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱԴՐԵՑՄԱՆ ԻՐ ԿՈՉԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԿՈՒԹԻԵՐԵՍ ԻՐ ԽՈՐԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱԴՐԵՑՄԱՆ ԻՐ ԿՈՉԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

«Համաճարակը պէտք է տագնապի ազդանշան ըլլայ մեզի համար: Համաշխարհային մահաբեր սպառնալիքները նոր կոչ մըն են միասնութեան եւ համերաշխութեան», կ’ընդգծէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես՝ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած բացառիկ հարցազրոյցի ժամանակ: Հարցազրոյցի ընթացքին Կութիերես իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ կ’աջակցի աշխարհի վրայ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման կոչին:

Բոլորովին վերջերս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը խաղաղութեան կոչ ուղղեց համաճարակով համակուած աշխարհին եւ համայն մարդկութեան: Անցեալ տարի Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի հետ համատեղ տեսաուղերձ հրապարակուեցաւ՝ բոլոր պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու դադրեցման կոչով:

Անթոնիօ Կութիերես ըսաւ. «Այս մոլեգին ժահրը անգամ մը եւս կը վկայէ պատերազմի հրէշաւոր բնոյթը»:

Կութիերես վերստին շնորհակալութիւն յայտնելով Նորին Սրբութեան՝ աշխարհի վրայ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման իր կոչին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան աշխատանքներուն աջակցելու եւ անմիջապէս արձագանգելու համար, կ’ընդգծէ, որ համայն մարդկութեան հանդէպ Սրբազան Քահանայապետին ստանձնած յանձնառութիւնը, կարեկցանքը եւ միասնութեան անոր կոչերը կը վերահաստատեն այն կարեւոր արժէքները, որոնք կը բնորոշեն ՄԱԿ-ի աշխատանքը եւ միտուած են մարդոց տառապանքները մեղմելուն ու մարդկային արժանապատուութեան ապահովման:

«Աշխարհի հակամարտութեան գօտիներուն ուղղուած իմ հաղորդագրութիւնը շատ պարզ էր. մարտական գործողութիւնները պէտք է կասեցուին, որպէսզի կարողանանք կեդրոնանալ մեր ընդհանուր թշնամիին՝ COVID-19-ի դէմ», – կ’ըսէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Մինչ օրս հակամարտութեան դադարեցման կոչը արժանացած է 115 կառավարութիւններու եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան աւելի քան 200 խմբաւորումներու, ինչպէս նաեւ այլ կրօնական առաջնորդներու հաւանութեան: Տասնվեց զինուած խմբաւորումներ բռնութեան վերջ դնելու յանձնառութիւն ստանձնած են: Միլիոնաւոր մարդիկ առցանց ստորագրած են օգնութեան կոչը: Սակայն մարդիկ կը շարունակեն թերահաւատօրէն մօտենալ այս ամէնուն, եւ դժուար է կեանքի կոչել մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք կրնան բարելաւել հակամարտութեան զոհերու վիճակը:

Կութիերես կը նկատէ, որ վերջին շրջանին շատ կարեւոր կը համարուի ընտանիքներու մէջ խաղաղութեան պահպանումը: Աշխարհի մէջ ամէնուր, համաճարակի բռնկման եւ տարածման զուգընթաց, կանանց եւ աղջիկներու նկատմամբ բռնութեան դէպքերու անհանգստացնող աճ արձանագրուած է: Ուստի, ընդհանուր քարտուղարը իր ուղերձին մէջ կոչ կ’ուղղէ կառավարութիւններուն, քաղաքացիական խմբաւորումներուն, տարբեր կրօններու առաջնորդներուն եւ հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կրնան աջակցիլ այս հարցին՝ դատապարտել կանանց եւ աղջիկներու դէմ ամէն տեսակ բռնութիւն եւ պաշտպանել հաւասարութեան հիմնական սկզբունքները:

«Վախը ամենաշատ վաճառուող ապրանքանիշն է»,- կ’ըսէ Անթոնիօ Կութիերես հրապարակուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ: COVID-19 համաճարակը սոսկ համաշխարհային առողջապահական արտակարգ իրավիճակ չէ: Վերջին շաբաթներուն կը նկատուի, որ նոր թափ ստացած է դաւադրութեան տեսութիւնը: Որոշ դէպքերուն լրագրողներ, առողջապահական մարզի մասնագէտներ կամ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ թիրախաւորուած են պարզապէս անոր համար, որ իրենց գործը կը կատարեն:

«Այս ճգնաժամէն յետոյ կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու միջեւ համերաշխութեան կոչ կ’ուղղեմ: Խնդրանքով դիմած եմ ոչ միայն կրթական հաստատութիւններուն, որպէսզի ուշադրութիւն դարձնեն թուային մշակոյթի ձեւաւորման, այլեւ՝ լրատուական միջոցներուն, մասնաւորապէս՝ ընկերային ցանցերու միջոցով գործող կազմակերպութիւններուն ընել աւելին՝ թոյլ չտալու կործանարար այլ հետեւանքներ բովանդակող նիւթերու հաղորդումը՝ համաձայն մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնսդրութեան»,- կ’ըսէ ընդհանուր քարտուղարը:

Վճռորոշ է կրօնական առաջնորդներու դերը իրենց համայնքներէն ներս եւ ասոնց սահմաններէն դուրս փոխադարձ յարգանք զարգացնելու գործին մէջ: Անոնք կրնան կասկածի տակ առնել իրականութեան չհամապատասխանող եւ խեղաթիւրուած տեղեկութիւնները: Բոլոր համայնքներէն ներս կը խրախուսեն զերծ մնալ բռնութիւն գործադրելէ, մերժել օտարատեացութիւնը, ազգայնամոլութիւնը եւ ամէն տեսակ անհանդուրժողութիւն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կը նշէ, որ այսօր մարդիկ ստիպուած են առերեսուելու ապատեղեկատուութեան համաճարակին՝ ինչ որ, վատագոյն պարագային, կրնայ վտանգել մարդկային կեանքեր:

«Բարձր կը գնահատեմ լրագրողները եւ այն բոլոր մարդիկը, որոնք ներգրաւուած են ընկերային ցանցերուն մէջ հաղորդուող տեղեկատուութեան եւ հրապարակումներուն իսկութիւնը պարզելու աշխատանքին մէջ», – կը նշէ Կութիերես:

Այս ջանքերը պահպանելու համար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը հանդէս եկած է նոր նախաձեռնութեամբ, որ կը կրէ «Verified» անունը: Նախաձեռնութեան նպատակն է իրականութեանը համապատասխանող եւ փաստերու վրայ հիմնուած տեղեկատուութիւն փոխանցել մարդկանց:

Կարեւոր է կրօնական առաջնորդներուն դերը հաղորդակցման ծիրէն ներս կառավարութիւններուն աջակցելու գործով: Անհրաժեշտ է հետեւիլ հանրային առողջութեան պահպանութեանն ուղղուած Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան յորդորներուն՝ պահպանել ընկերային հեռաւորութիւն եւ առողջապահական կանոնները, այսպիսով՝ հերքելով ստայօդ տեղեկութիւնները եւ ասեկօսները:

Հասարակութեան շրջանին մէջ բազմաթիւ քննադատութիւններ կը հնչեն Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) հասցէին: Սակայն պէտք է նշել, որ ԱՀԿ-ն եւ ՄԱԿ-ի ողջ համակարգը պայքարի մէջ են ժամանակի հետ, որպէսզի փրկեն կեանքեր, խուսափին աշխարհի մէջ սովի տարածումէ, մեղմեն ցաւը եւ ծրագրեն վերականգնման աշխատանքները:

«7,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաշխարհային մարդասիրական գործողութիւններու ծրագիր մշակած ենք բնակչութեան ամենախոցելի խաւի՝ ասոնց շարքին՝ իրենց սեփական երկիրներուն մէջ գաղթականներ եւ տեղահանուածներ դարձած մարդոց համար: Մինչ օրս նուիրատուները մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլարի առատաձեռն խոստումներ տուած են: Ես կը շարունակեմ իմ քարոզչական գործունէութիւնը, որպէսզի այս ծրագիրը ամբողջովին ֆինանսաւորուի»:

ՄԱԿ-ի մատակարարման ցանցը յանձնուած է զարգացող երկիրներու տնօրինման: Քննութիւններու, շնչառական սարքերու եւ բժշկական դիմակներու միլիոնաւոր փաթեթներ առաքուած են աւելի քան 100 երկիրներ: Համերաշխութեան թռիչքներ իրականացուած են Ափրիկէի, Ասիայի եւ Լատին Ամերիկայի տասնեակ երկիրներ՝ անոնց հասցնելով ինչպէս բժշկական պարագաներ եւ դեղորայք, այնպէս ալ բժիշկներու անմիջական օգնութիւն:

Ի սկզբանէ ՄԱԿ-ի մէջ ձեւաւորուած է փորձագիտական յանձնախումբ՝ զեկոյցներու եւ հակիրճ տեղեկագիրներու շարք պատրաստելու, որպէսզի միջազգային հանրութեան արդիւնաւէտ եւ համակարգուած վերլուծութիւններ եւ խորհուրդներ տրամադրուին (https://www.un.org/en/coronavirus/un-secretary-general):

Բոլոր երկիրներու՝ ներառեալ ամենահզօր տէրութիւններու համագործակցութիւնը եւ ներդրումը շատ կարեւոր են ոչ միայն COVID-19-ի դէմ պայքարի, այլեւ՝ համաշխարհայնացման եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրները վեր հանելու գործին մէջ:

Համաճարակը ցոյց տուաւ, թէ որքան խոցելի է աշխարհը, եւ այս խոցելիութիւնը չի սահմանափակուիր մեր առողջապահական համակարգերով, ան կը հարուածէ աշխարհի բոլոր երկիրները եւ անկէ ներս գործող բոլոր հաստատութիւնները:

Փոխկապակցուած աշխարհի վրայ մեզմէ ոչ ոք ապահովագրուած է, եթէ ապահովագրուած չէ ողջ աշխարհը:

Անթոնիօ Կութիերեսը հեղինակն է “ACT Accelerator” նախաձեռնութեան, որ կ’ենթադրէ համաշխարհային համագործակցութիւն եւ նպատակն է հետապնդել արագացումը նոր գիտական ուսումնասիրութիւններու իրականացումը, ապահովել COVID-19-ի դէմ պատուաստանիւթի մշակումը, ինչպէս նաեւ հիւանդութեան ախտորոշման եւ բուժման հասանելիութիւնը բոլորին:

Մշակուող պատուաստանիւթը եւ բուժումը պէտք է հասանելի ըլլան ոչ թէ որոշ երկիրներու կամ տարածաշրջաններու համար, այլ՝ համայն մարդկութեան:

Համաճարակը ամէնուրեք ցոյց կու տայ անհաւասարութիւնները՝ տնտեսական, առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութեան եւ շատ այլ հարցերու մէջ:

Վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ աղքատութեան ցուցանիշը կրնայ աճ գրանցել եւ, 500 միլիոն մարդ աղքատութեան շեմին յայտնուի: Այդ իսկ պատճառով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հանդէս կու գայ ի պաշտպանութիւն համաշխարհային օգնութեան ծրագրի, որ կը կազմէ համաշխարհային տնտեսութեան 10%-ը:

Եթէ զարգացած երկիրները կրնան եւ արդէն իսկ ձեռնամուխ են նման միջոցառումներու իրականացման՝ ի հաշիւ սեփական պաշարներու եւ դրամական միջոցներու, ապա՝ զարգացող երկիրները կարիքն ունին մեծածաւալ եւ հրատապ օգնութեան:

Միջազգային դրամական ֆոնտը հաստատած է զարգացող երկիրներու առաջին խումբին յատկացուող ֆինանսական օգնութիւնը: Համաշխարհային դրամատունը առկայ եւ նոր դրամական միջոցներու հաշուին, գալիք 15 ամիսներու ընթացքին, կրնայ տրամադրել 160 միլիառ տոլարի ֆինանսաւորում: G20-ը հաստատած է վճարումներու կասեցումը՝ ի հաշիւ ամենաաղքատ երկիրներու պարտքի մարման:

Այս համաճարակի աւարտէն յետոյ աշխարհը այլեւս նոյնը պիտի չըլլայ: Այսօր համաշխարհային առողջապահական իրավիճակը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ աշխարհը ուղղորդելու աւելի անվտանգ ճանապարհով, մշակելու հեռահար ծրագրեր, կերտելու աւելի առողջ եւ ներառական հասարակութիւն:

Անհրաժեշտ է, որպէսզի կառավարութիւնները վերահսկողութիւն իրականացնեն եւ տնտեսութիւններու վերականգնման ուղղուած դրամական միջոցները ներդրուին ապագայի եւ ոչ թէ անցեալի մէջ:

Պահն է վճռականութիւն դրսեւորելու COVID-19-ի յաղթահարման եւ ստեղծուած ճգնաժամէն դուրս գալու համար՝ կառուցելով աւելի լաւ աշխարհ բոլորին համար:

Թարգմանեց՝

ՀՐԱՆՈՒՇ ՍԱՐԳՍԵԱՆ