ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՐԿԻՐ ԱՅՑԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՐԿԻՐ ԱՅՑԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

————————-

«Յարգանք կը մատուցեմ Հայ ժողովուրդին որ լուսաւորուած Աւետարանի լոյսէն, իր պատմութեան ամէնէն ողբերգական պահերուն իսկ, Խաչին ու Քրիստոսի Յարութեան մէջ գտաւ վերականգնելու ուժը եւ արժանապատուութեամբ շարունակելու իր երթը»։

Խօսքերն են ասոնք զորս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հայաստանի մէջ՝ չորս տարիներ առաջ, 24 Յունիս 2016-ին, երբ հազիւ Երեւան ժամանած եւ այցելելէ ետք էջմիածին, փոխադրուած էր նախագահական պալատ ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Ճամբորդութեան երկրորդ օրը Սրբազան Պապը այցելած էր նաեւ Կիւմրի ու քաղաքի Հայ կաթողիկէ համայնքը։ Կիւմրիի հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ըսած էր.

«Եկած եմ որպէս ուխտաւոր այս օրհնեալ երկիրը. հանդիպելով ձեզի հետ, որ ժամանած էք տարբեր շրջաններէ եւ մօտակայ Վրաստանէն, կը նկատեմ որ Աստուած ձեզ մինակ չէ թողած։ Ան այցելած է ձեր ժողովուրդին (հմմտ. Ղկ 1,68): Այս հողին վրայ, ձեր սուրբերէն եւ վարդապետներէն ոմանք ստեղծեցին այբուբենը ժողովուրդին համար եւ ժողովուրդը քարոզեց Աւետարանի պատգամը, միասնական վկայութեամբ, նոյնիսկ արեան եւ ծանր փորձութիւններու գնով, այն համոզումով՝ որ «Աստծոյ սէրը կեանքէն աւելի կ’արժէ» (հմմտ. Սղ 63,4): Այսպէսով Քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայ ժողովուրդին շունչը եւ անոր պատմութեան սիրտը: Ան յոյսն է նաեւ ձեր ապագային»:

Կիւմրիէն վերադարձին Քահանայապետը Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ իր մասնակցութիւնը բերաւ համամիութենական յատուկ աղօթքի արարողութեան, որուն ընթացքին արտասանեց երկարաշունչ ճառ մը՝ խօսելով ապագայի հեռանկարի մը մասին՝ ուր «երբեք պէտք չէ յոգնիլ ստեղծելէ խաղաղութեան պայմաններ, բոլորին համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորներուն խնամատարութիւն և պէտք է անխոնջ պայքար մղել ու արմատախիլ ընել կաշառակերութիւնը»։ Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ.

«Սիրելի՛ երիտասարդներ, այս ապագան ձեզի կը պատկանի. Ձեր մեծերու իմաստութիւնը ամբարելով՝ հնարաւորութիւնը ունիք դառնալու խաղաղարարներ, ոչ թէ սթաթուս-քուոյի նոտարներ, այլ հանդիպման և հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ: Աստուած օրհնէ ձեր ապագան և այնպէս ընէ որ «հայ և թուրք ժողովուրդներու հաշտութեան ուղին կրկին ձեռք առնուի, և խաղաղութիւնը տիրէ Ղարաբաղի մէջ» (Պատգամ հայերուն, 12 Ապրիլ 2015թ.):

 

Վատիկան