ՍՈՒՐԲ ՍՈՖԻԱՅԻ ՏԱՃԱՐԸ  ՄԶԿԻԹԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՍՈՒՄ, ԲՈՂՈՔ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ

Ս․ Ն․

———-

Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ որպէս թանգարան ընդգրկուած Սուրբ Սոֆիայի հռչակաւոր տաճարը մզկիթի վերածելու թրքական իշխանութիւններուն որոշումը միջազգային վրդովմունքի եւ բողոքի ալիք մը բարձրացուց, մինչ Թուրքիոյ մէջ իսլամ հաւատացեալները ցնծութեամբ ընդունեցին որոշումը, որ յայտարարուեցաւ Էրտողանի կողմէ։

UNESCO յայտարարեց որ մեծապէս կը ցաւի Սուրբ Սոֆիայի կարգավիճակը առանց կանխօրօք քննարկումի փոխելու թրքական իշխանութիւններու որոշումին համար։ UNESCO-ի ընդհանուր տնօրէնուհին՝ Օտրի Ազուլայ յայտարարեց որ Սուրբ Սոֆիան UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ ընդգրկուած Պոլսոյ պատմական գօտիներու մէկ բաղկացուցիչն է։ Ան կը հանդիսանայ դարերու ընթացքին Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ հանդիպումին եզակի մէկ վկայութիւնը եւ երկխօսութեան հզօր խորհրդանիշ մըն է։

Շուրջ 350 ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներ համախմբող Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարը որոշումին դէմ Խորհուրդին ցաւն ու վրդովումը արտայայտող նամակ մը յղեց նախագահ Էրտողանին։

Կիրակի, 12 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Հրեշտակ Տեառն աղօթքի վերջաւորութեան, Ծովու Միջազգային Օրուան առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած խօսքը վերջացուց անդրադառնալով Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակի փոփոխութեան։ «Ծովը իմ մտածումներուս մէջ զիս կը տանի քիչ մը հեռուն, Սթամպուլ։ Կը մտածեմ Սուրբ Սոֆիայի մասին եւ շատ վիրաւորուած եմ» ըսաւ ան։ Ֆրանչիսկոս Սուրբ Սոֆիայի տաճարը այցելած էր 29 Նոյեմբեր 2014-ին եւ կանգ առած էր յատկապէս Տիրամօր մոզայիք նկարին առջեւ։

Եգիպտոսի միւֆթին յայտարարեց որ Էրտողանի Այա Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելը իսլամական օրէնքով արտօնուած չէ։

Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ բանբերը, Վլատիմիր Լեկոյտա ցաւ յայտնեց որ «միլիոնաւոր քրիստոնեաներու մտահոգութիւնը չլսուեցաւ թրքական արդարադատութեան կողմէ»։

Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելու թրքական իշխանութիւններուն որոշումը բուռն կերպով դատապարտուեցաւ ռուս երեսփոխաններու կողմէ։ Միացեալ Ռուսաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Վիաչեսլաւ Նիքոնով ռուսական խորհրդարանի ամպիոնէն «գրգռութիւն մը» նկատեց որոշումը։ Ռուսաստանի ազատական դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարը՝ Վլատիմիր Ժիրինովսքի իր կարգին յայտարարեց․- «Հարաւի մէջ պիտի ունենանք ընդարձակ իսլամական աշխարհ մը թուրքերուն տիրապետութեան տակ։ Թուրքերը միշտ մեզ ատած են, որովհետեւ դադրեցուցինք իրենց կողմէ Եւրոպայի նուաճումը։ Այսօր թուրքերը մեզի կ’ընդդիմանան Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ։ Միայն կարգավիճակ փոխելու հարց չէ, այլ Մոսկուայի դէմ յարձակումի մը շղթայազերծումը»։ Ռուսաստան կը նկատուի ուղղափառ աշխարհի երաշխաւորը։

Յունական կառավարութիւնը՝ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելու թրքական որոշումը որակեց «գրգռութիւն մը քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ»։ Յունաստանի մշակոյթի նախարարը յայտարարեց որ «Սուրբ Սոֆիան համայն մարդկութեան պատկանող յիշատակարան կոթող մըն է՝ անկախ ամէն կրօնական հաւատքէ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանին ցուցաբերած ազգայնականութիւնը վեց դար ետ կը տանի իր երկիրը»։

Բացասական կարծիքներ հնչեցին նաեւ Եւրոպական Միութենէն։ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց որ այս որոշումը Թուրքիան կը հեռացնէ Եւրոպայէն։

Եւ վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը իր հիասթափութիւնը յայտնեց թրքական որոշումին մասին։

 

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՕՐ

Դ․ դարուն կառուցուած տաճարը քանդուած եւ ապա վերակառուցուած է Բիւզանդիոնի Justinien կայսրին կողմէ 537-ին։ Ան մզկիթի վերածուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք օսմանեան բանակին կողմէ 1453-ին, այնուհետեւ, 1934-ին թանգարանի, Աթաթիւրքի որոշումով։ 86 տարի առաջ տրուած այս որոշումն է որ Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը ջնջեց 15 Յուլիսին եւ Էրտողան անմիջապէս ստորագրեց տաճարին մէջ առաջին Ուրբաթ օրուան աղօթքը անմիջապէս կատարելու հրամանագիրը։

Սթրազպուրկի Համալսարանի թրքական ուսումնասիրութեանց բաժնին տնօրէնը՝ Սամիմ Աքկէօնիւլ կը յիշեցնէ թէ «նախ քրիստոնէութեան, ապա իսլամութեան նուիրական այս մայր տաճարը վերածուեցաւ թանգարանի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին կողմէ, որ այս կերպով կը փորձէր երաշխաւորութիւններ տալ արեւմուտքին։ Տաճարին թանգարանի վերածումը երբեք չմարսուեցաւ իսլամական հոսանքներուն կողմէ»։ Ասիկա շանթաժի խաղաքարտ ծառայեց Էրտողանին ձեռքը Արեւմուտքին դիմաց։

Իսկ Ուաշինկթընի Նիր Իսթ Կաճառի Թուրքիոյ մասին ուսումնասիրութեանց բաժնի տնօրէն Սոնէր Չակաբթայի կարծիքով, 2018-էն ի վեր Թուրքիան մատնուած է տնտեսական սուր տագնապի որ քորոնավիրիւսի համաճարակը եկաւ աւելի ծանրացնելու, մինչ Էրտողանի ժողովրդականութիւնը նահանջելու վրայ է եւ զայն վերականգնելու համար Էրտողանի հռետորաբանութիւնը այլեւս բաւարար չէ։ Հետեւաբար, Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելով, ան կը յուսայ վերականգնել իր կորսնցուցած ժողովրդականութիւնը ներքին ճակատին վրայ եւ արտաքին ճակատին վրայ հասկցնել որ արտաքին ճնշումներուն դիմաց տեղի տուող մարդ չէ։

Սակայն, վերոյիշեալ վերլուծաբանները համոզուած են որ այս բոլորը կրնան օգնել Էրտողանի ժողովրդականութեան վերականգնումին մասամբ միայն եւ ոչ երկար ժամանակի համար։