ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՂ ՎԱՏԻԿԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՂ ՎԱՏԻԿԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 2020 թուականը յայտարարած է «Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի»։ Այս առթիւ Վատիկանը, միանալով նախաձեռնութեան, թողարկած է յատուկ նամականիշ մը, որուն պատկերը ցոյց կու տայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ամէնէն տպաւորիչ պահերէն մէկը, ուր Նորին Սրբութիւնը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, միասին կը ջրեն խորհրդանշական Նոյան Տապանի մէջ զետեղուած որթատունկը, որ կը խորհրդանշէ կեանքը, եւ այդ արարքով հաստատելով՝ որ բոյսի ու շրջապատի հարցը ունի նաեւ հոգեւոր կարեւոր արժէք, ինչպէս ի յայտ կու գայ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան նիւթին նուիրուած «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն։

Նամականիշը թողարկուած է 23 Յունիս 2020-ին, Սրբազան Պապին Հայաստան կատարած պատմական այցին չորրորդ տարեդարձի նախօրեակին (24 – 26 Յունիս 2016)։