ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 60-ԱՄԵԱԿ ԱՐՀԻ. Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷՅԵԱՆԻ

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 60-ԱՄԵԱԿ ԱՐՀԻ. Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷՅԵԱՆԻ

Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

—————————-

«Ընտրեցինք լաւագոյն մասը կեանքի մէջ` հոգիներու փրկութեան գործը»

Այսօր Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու վաստակաւոր Առաջնորդ Արհի. Տ. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեանի քահանայական ձեռնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանն է: Այսօր Նշան Սրբազանը Սուրբ Պատարագ մատուցեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի ժողովրդապետութեան մատրան մէջ` առընթերակայութեամբ Առաջնորդ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ Գերպ. Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի, ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու:

Արհի. Տ. Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքեհէյեան` մկրտութեան անունով Եղիա, ծնած է Յունաստանի Բիրէա քաղաքը, 1932-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէ եւ ՀԲԸՄ միացեալ վարժարանի, Ս. Յակոբի ազգային վարժարանի, Հայ Կաթողիկէ-Հ.Օ. Խաչ միացեալ վարժարանի, Ֆրեր Մարիստ գիմնազիայի մէջ: 1948-ին մտած է Զմմառի վանքի փոքր նորընծայարանը, իսկ 1955-ին ընդունուած Հռոմի Լեւոնեան Վարժարան եւ 6 տարի յաճախած Յիսուսեան Հայրերու քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասերուն: Քահանայ ձեռնադրուած է 1960 Յուլիս 2-ին: 1961-1963 թուականներուն եղած է Զմմառի նորընծայարանի հսկիչ, 1963-1968` Պուրճ Համուտի փոխ-ժողովրդապետ, 1968-1969` Գահիրէի փոխ-ժողովրդապետ, 1969-ին` Պէյրութի փոխ-ժողովրդապետ, 1969-1976` Տըքուանիի Զմմառեան ճեմարանի տնօրէն, 1976-1977` Զմմառի Մեծաւոր եւ ընդհանուր մատակարար, 1977-78.` Զալքայի հոգեւոր հովիւ, 1978-1984.` Սան-Փաուլոյի ժողովրդապետ եւ եպիսկոպոսական փոխանորդ, 1984-1991` Մարսէյի ժողովըրդապետ, 1991-93` Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ, 1993-2001` Առաջնորդական Փոխանորդ Կաթողիկէ Հայոց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի, 2001-2005` Իրանի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` 2001-ին ձեռնադրուելով եպիսկոպոս Սպահանի թեմի:

 2005-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը Հ. Նշանը անուանեց Հայաստանի Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` փոխարինելով Հ. Ներսէս Արքեպս. Տէր Ներսէսեանին: Թեմի առաջնորդի պաշտօնին Արհի. Տ. Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքեհէյեան ծառայեց մինչեւ 2010-ը:

2010-2015 Արքեպս. Գարաքեհէյեան պաշտօնավարեց որպէս Իրանի եւ Յունաստանի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ:

2015-էն վաստակաւոր Նշան Սրբազանը կը բնակի Երեւանի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ` Ռաֆայէլ Սրբազանի հետ միասին:

Արհի. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեան 2001-2010 թուականներուն` նախ որպէս Արհ. Տ. Ներսէս Արքեպս. Տէր-Ներսէսեանի օգնական, ապա` որպէս Առաջնորդ Հայր, հսկայածաւալ աշխատանք տարաւ` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքներու վերակազմակերպման, եկեղեցիներու, մատուռներու, ժողովրդապետական կեդրոններու կառուցման, քահանայական կոչումներու պատրաստութեան դաշտին մէջ: Յատկապէս, Նշան Սրբազանի ջանքերով Կիւմրիի մէջ 1990-ականներու կէսերուն կայացաւ Ներսիսեան հոգեւոր դպրանոցը, որուն սաներէն յետագային ձեռնադրուեցան հայ կաթողիկէ համայնքներու մէջ ծառայող հոգեւորականները: Նշան Սրբազանի կազմակերպչական ջանքերը մեծապէս նպաստեցին շուրջ վաթսուն տարիներու պետական արգելքէն յետոյ համայնքներու մէջ հոգեւոր գիտակցութեան վերարթնացմանը, պաշտամունքային ծիսական կեանքի կանոնաւոր վերսկսմանը:

Արհի. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեան այսօրուան Սուրբ Պատարագի ընթացքին եղբայրակից հոգեւորականներուն համեստ խօսք մը ուղղեց, որ, կարծես, իմաստային ամփոփում մըն է իր բազմավաստակ կեանքի.

«Ոչինչ դիզեցինք մեզ համար, այլ միայն Աստուծոյ համար աշխատեցանք եւ կը շարունակենք աշխատիլ:

«Երանի՛ մեզ, եթէ շարունակենք աշխատիլ նոյն եռանդով` հոգիներու փրկութեան համար, որոնց համար Քրիստոս Իր կեանքը տուաւ, որ կը նշանակէ, թէ արժէ՛ հոգիներու համար աշխատիլ: Եթէ չարժէր, Յիսուս աշխարհ չէր գար: Հոգիները արժէք ունին Աստուծոյ համար, որովհետեւ Ինք ստեղծեց մարդու հոգին: Մենք մեր կեանքը դարձուցինք արժէքաւոր գործիք, որպէսզի այդ հոգիներու համար մեր կեանքը տանք: Կարծեմ, թէ ընտրեցինք լաւագոյն մասը կեանքի մէջ` հոգիներու փրկութեան գործը»:

02/07/2020