ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԿԱՐԻՏԱՍ»Ի ՆՈՐ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ՝ «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՐԻՏԱՍ»

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԿԱՐԻՏԱՍ»Ի ՆՈՐ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԸ՝ «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՐԻՏԱՍ»

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

————————–

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան armenianchurchco.com կայքէջը կը տեղեկացնէ թէ Հայաստանի Կարիտասի 25 ամեայ յոբելեանին առթիւ, թեմին առաջնորդ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի օրհնութեամբ ի լոյս ընծայուեցաւ «Հոգեւոր Կարիտաս» վերտառութեամբ Հայաստանի Կարիտասի նոր թերթը։

Հայաստանի Կարիտասի հոգեւոր հովիւ Տէր Յովսէփ Քահանայ Գալստեան, վերոնշեալ ձեռնարկի կապակցութեամբ նամակ մը յղած է Հայաստանի Կարիտասի աշխատակիցներուն, կամաւորներուն եւ բարեկամներուն, որուն մէջ կը բացայայտէ թէ «հոգեւոր թերթը պիտի ծառայէ աւելի լաւ հասկանալու Կարիտասի առաքելութեան հոգեւոր արմատները եւ հոգեւոր տեսլականը, որոնց վրայ հիմնուած են կազմակերպութեան ընկերային եւ աշխատանքային տեսլականը, առաքելութիւնը եւ ռազմավարութիւնը»:

Տէր Յովսէփ կը գրէ նաեւ թէ «Կարիտասի աշխատանքը ըստ էութեան, այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ սիրել մարդը եւ ծառայել մարդու ամբողջական բարօրութեանը» եւ ասկէ մեկնելով կը յիշեցնէ թէ Կարիտասի աշխատակիցները «կոչուած են նմանելու այն բարի սամարացիին, որուն մասին խօսեցաւ Յիսուս, բացատրելու համար թէ ի՞նչ կը նշանակէ «սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս» պատուիրանը։

«Սամարացիի նման մենք եւս պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք անսալու կարիքի մէջ գտնուող մեր եղբօր ու քրոջը, ունկնդրելու մանուկներուն եւ ծերերուն աղաղակը եւ կանգ առնելու, ժամանակ, ուժ եւ միջոցներ նուիրելու, ուղեկցելու դէպի աւելի արդար եւ երջանիկ կեանք» կը նշէ Տէր Յովսէփ հաստատելով որ «Կարիտասի իրականացուցած ծրագրերը մարդու հանդէպ Աստուծոյ սիրոյ շօշափելի դրսեւորման յստակ օրինակներ են» եւ այս ուղղութեամբ կարեւոր եւ անհրաժեշտ կը նկատէ «մշտապէս նորոգել այս գիտակցութիւնը, յիշելով հոգեւոր ակունքները եւ աստուածային կոչումը»։

Նամակի աւարտին Տէր Յովսէփ Գալստեան դիտել կու տայ թէ թերթին ստեղծման նպատակներէն է նաեւ ստեղծել հնարաւորութիւն՝ ուրիշներու հետ կիսելու Կարիտասի աշխատակիցներուն հոգեւոր փորձառութիւնը՝ հաւատքի անհատական ու միասնական ապրումի անցած ճանապարհը, ներկան եւ ապագայի սպասումները, հոգեւոր ձգտումները, եւ, յատկապէս, հաւատքը որ կ’ապրուի Հայաստանի Կարիտասի մէջ աշխատանքի ընթացքին»։

Վատիկան

 

Links:

http://armenianchurchco.com/wp-content/uploads/2020/07/%D5%80%D5%B8%D5%A3%D6%87%D5%B8%D6%80-%D4%BF%D5%A1%D6%80%D5%AB%D5%BF%D5%A1%D5%BD-1.pdf

http://armenianchurchco.com/wp-content/uploads/2020/07/%D5%80%D5%B8%D5%A3%D6%87%D5%B8%D6%80-%D4%BF%D5%A1%D6%80%D5%AB%D5%BF%D5%A1%D5%BD-%D4%B2-%D5%B0%D5%B8%D6%82%D5%AC%D5%AB%D5%BD-2020.pdf