ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԿՈՒՃԵՐՈԹԹԻ՝ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄՕՏ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ

ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԿՈՒՃԵՐՈԹԹԻ՝ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄՕՏ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ

Շաբաթ, 4 Յուլիս 2020-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր անուանումներու շարքին Մեծն Բրիտանիոյ մօտ առաքելական նուիրակ նշանակեց՝ գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, որ 2015-էն ի վեր կը վարէր Ուքրանիոյ մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակի պաշտօնը։

Գերապայծառ Կուճերոթթի ծնած է Իտալիոյ Վերոնա քաղաքը՝ 7 Հոկտեմբեր 1955-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած 29 Մայիս 1982-ին ։ 1985-ին սկսած է ծառայել Կաթողիկէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովէն ներս եւ 1997-ին դարձած է Ժողովի ենթաքարտուղար։ Այնուհետեւ ան դասախօսած է Սան Զենոյի աստուածաբանութեան ճեմարանին, Սան Պերնարտինոյի էօքիւմենիք ուսմանց կաճարին, Վենետիկի, Փատուի եւ Հռոմի Լա Սաբիենզա համալսարաններուն մէջ։ Դասաւանդած է նաեւ Առաքելական արեւելեան կաճառին մէջ։

Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու արեւելեան քրիստոնէական եւ մասնաւորաբար հայկական աւանդութիւններու մասին։

2001-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Քահանայապետը զինք նշանակած է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մօտ առաքելական նուիրակ եւ 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶ․ի օրով դարձած է Պիելոռուսիոյ մօտ առաքելական նուիրակ։ Ան կը տիրապետէ բազմաթիւ լեզուներու որոնց շարքին նաեւ հայերէնին՝ ներառեալ գրաբարը։