ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒՍ ՄԷԿ ՀՈԳԵՒՈՐ ԹԵՐԹ՝ ՄԵԾ ՍԵՊԱՍԱՐԻ «ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉԸ»

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒՍ ՄԷԿ ՀՈԳԵՒՈՐ ԹԵՐԹ՝ ՄԵԾ ՍԵՊԱՍԱՐԻ «ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉԸ»

Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Աստուծոյ կամքով եւ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի օրհնութեամբ, Մեծ Սեպասար համայնքին համար սկսած է տպագրուիլ կաթողիկէ հոգեւոր պարբերաթերթ, որը կը կրէ գիւղի եկեղեցւոյ անունը՝ «Սուրբ Փրկիչ»:

Փոքրածաւալ թերթը լոյս կը տեսնէ ամէնամսեայ կամ երկամսեայ պարբերականութեամբ: Թերթը կազմելու աշխատանքները առ այժմ ստանձնած է գիւղի ժողովրդապետ՝ Տէր Յովսէփ քհնյ. Գալստեան, աջակցութեամբ մեծսեպասարցիներու, որոնք հետաքրքրուած են գիւղի հոգեւոր նկարագրի առաւել զարգացումով եւ հոգեւոր աւանդոյթներու պահպանումով:

«Թերթը նաեւ միջոց է՝ Աստուծոյ խօսքը, քահանայի ասելիքը հասցնելու համայնքի բնակիչներուն, մանաւանդ, այս օրերուն, երբ տուներ այցելելու հնարաւորութիւն գրեթէ չկայ» նշուած է վերոնշեալ տեղեկատուութեան մէջ :

Թերթը անվճար կը բաժնուի բոլոր բնակիչներուն:

Թերթի տպագրութիւնը կը վայելէ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ Հայկական Կարիտաս բարեսիրական կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը։

Թերթի ելեկտրոնային PDF տարբերակին կրնաք հետեւիլ հետեւեալ կայքով

http://armenianchurchco.com/wp-content/uploads/2020/06/%D5%8D%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%A2-%D5%93%D6%80%D5%AF%D5%AB%D5%B9-%D4%B1-%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D6%80.pdf

Վատիկան Նիուզ