«ԱՅԳԱԲԱՑԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԵՄ». Ճիաքոմօ Փուչչինի (1858-1924)

«ԱՅԳԱԲԱՑԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԵՄ». Ճիաքոմօ Փուչչինի (1858-1924)

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

————————-

«Եթէ լեզուի գիւտը չըլլար, երաժշտութիւնը ինքնին միակ իրականութիւնն է, որ ցոյց պիտի տար, թէ գոյութիւն ունի հոգիներու հաղորդակցութիւնը» (Մարսէլ Փրուսթ 1871- 1922, Բանտարկեալը, 1923, Յետ մահու հրատարակութիւն)։

Իտալացի երգահան Փուչչինիի երաժշտութիւնը հարազատ հաւաստիացումն է ֆրանսացի հեղինակին սոյն համապարփակ վերլուծումին։

Իրապէս ալ, Փուչչինի ո՛չ միայն իտալական, այլեւ՝ համաշխարհային օփերան դրասանգեց ձայնական այնպիսի երանգներով ու գալարումներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մարդկային կեանքի կենդանի ու խօսուն պատկերն է ամէնօրեայ։

Պախի՝ իմացական, Մոցարթի՝ լուսաշող , Ռոսսինիի՝ կենսայորդ, Վերտիի ու Վակնէրի ուժեղ քանդակներէն ետք, ան եղաւ նոր օրերու սիրոյ երաժիշտը «քնարերգակ»։

Իր երկերուն մէջ կը լռեն Վերտիի զէնքերն ու ռազմական խոյանքները (Այտա, Ատտիղաս, Լոմպարտիացիները, Նապուքքօ), ու վակներեան չաստուածները կ’անհետին (Աստուածներու Վերջալոյսը)։

Մարդ արարածն է, որ այլեւս կը տառապի բեմին վրայ իր յոյզերով, յուսալքումներով ու ամբոխումներով, ցաւը մերձեցնելով իր մարդկային զգացողութեան։ «Լա Պոհեմ» ու «Մատամ Պաթըրֆլայ» օփերաները այդ աղաղակներն են, որ կ’արտացոլան։ Մահուան գաղափարը, նոյնիսկ, կ’այլափոխուի ու կը հեռանայ իր նախնական ըմբռնումէն։ Փոխանակ անընդհատ բեմադրելու մահը իբրեւ դաւադրութեան ու վրէժխնդրութեան հետեւութիւն, եւ կամ՝ լրումը հերոսական սխրագործութիւններու (Վերտի՝ Օթելլօ, Մակպեթ, կամ Ռոսսինի՝ Թանկրետի), կ’երգէ կեանքը զերդ անբռնաբարելի եւ նոյնքան ալ թանկագին իրաւունք, ինչպէս Մանոն Լեսքոյի թառանչանքը՝ համանուն օփերայի չորրորդ արարին մէջ. «Ո՛չ, չեմ ուզեր մեռնիլ, ե՛ս»։

Փուչչինիի կեանքը մատեան մըն է գրուած երկու հատորներով. առաջինը՝ կ’ընդգրկէ 19-րդ դարու վերջին տարիները, իսկ երկրորդը՝ կը թեւակոխէ 20-րդ դարու առաջին քսանամեակը։ Երկու դիմագիծ՝ սակայն մէկ Փուչչինի։

Արդարեւ, մինչեւ 1893 իրերայաջորդ օփերաները՝ «Լէ Վիլլի» ու «Էտկար», հակառակ իրենց յառաջ բերած մեծ հետաքրքրութեան, կը մատնանշեն ներշնչումի զգալի բացակայութիւն։ 19-րդ դարու երկինքին տակ անոնք պիտի փայլին պահ մը ու անցնին նման գիսաւոր աստղերու։ Այսուհանդերձ, պիտի ունենան արժանիք մը անգնահատելի… հարթել տնտեսական դժուարութիւնները հեղինակին ։

Փուչչինի գիտակից է սակայն, թէ ինք նախ եւ առաջ բանաստեղծ մըն է եւ յետոյ՝ երգահան։

Իտալիայի Թոսքանա նահանգը եղած է իր ծննդավայրը։ Անոր խայտաբղէտ բնութիւնն ու վէտվէտուն մարգագետինները ջրդեղած էին իր մէջ բանաստեղծի այն իւրօրինակ հոգին, որուն շնորհիւ աստիճանաբար պիտի փորձէր խուսափիլ յօրինումի դասական ու վաղեմի ոգիէն, լքելով 16-րդ դարու պաճուճազարդ կառոյցներն ու խազերու ծանրաբեռնուած յաջորդականութիւնը։

Եւ այսպէս, Փուչչինիի ստեղծագործութիւնը պիտի վերթեւէ ու գերանցնի հնաւանդ ոճերու ուղեծիրը, դառնալու հոգեզմայլ երգ՝ սիրոյ ու յաղթանակի ։ Եւ իր առաջին գլուխ-գործոցը պիտի ըլլայ նաեւ ճի՛շտ իր առաջին սիրոյ երգը՝ «Լա Պոհեմ» օփերան, որու հմայքը պիտի կազմէ զսպանակիչ ոյժը իր վերելքին։

Ու Թորինոյէն մինչեւ Հռոմ, Միլանոյի «Սքալա» թատրոնէն մինչեւ Նիւ-Եորքի «Մեթրոփոլիթան» դահլիճը, հետզհետէ պիտի հնչեն «Լա Թոսքա», «Մատամ Պաթըրֆլայ» ու «Լա Ֆանչիուլլա տէլ Ուէսթ» օփերաները։

Այնուհետեւ, Փուչչինի պիտի վարէ կեանք մը բարեկեցիկ՝ ընդելուզուած երջանկութեամբ, ուր տարիներ շարունակ համբաւ ու սէր պիտի միաձուլուին՝ երկնելով երաժշտական էջեր սխրալի։

«Թոսքա» օփերայի տարօրէն գեղեցիկ ներկայացումէն ետք, պիտի յօրինէ նոյնքան հոգեխռով էջ մը… անհաւատարիմ սիրոյ մը պատմութիւնը։

Ճափոն…Նակազաքի քաղաքէն աղջնակ մը՝ Պաթըրֆլայ անուն, պիտի մարմնացնէ զոհը այդ ամուսնական ստապատիր սիրոյն։

Խաբկանքի սահմանները մոռցած ու անաղարտ սիրոյ զգացումներով համակուած, ան պիտի վերանայ՝ ներքաշելով նոյնքան ալ յուզուած ու խոցոտուած հանդիսականը, դէպի աշխարհ մը խաբուսիկ, երազելու միայնակ՝ «Գեղեցիկ օր մը, գուցէ կրկին զիրար տեսնենք» (Մատամ Պաթըրֆլայ, Բ. արար)։

Փուչչինի հասած է արդէն իր լիակատար հասունութեան բարձունքին ու պիտի գրէ այս անգամ «Թուրանտօ» օփերան, վերջինը իր կեանքին։

Սիրոյ թեւաբախումներ, նուագախմբային հզօր ձայներանգ պիտի արտայայտուին հոն իրենց ամբողջական ուժգնութեամբ, հիւսելով Փուչչինիի այդքան խանդակաթ կեանքի երգը։

Թուրանտօ, չինացի արիւնարբու իշխանուհի մը, խոստացած է իր ձեռքը շնորհել անոր, որ կարենայ պատասխանել իր երեք առեղծուածներուն։ Ձախողութեան պարագային՝ թեկնածուն պիտի գլխատուի։

Թուրանտոյի գեղեցկութենէն հրապուրուած, Քալաֆ՝ խիզախ մարտիկ մը՝ պիտի յանդգնի դիմագրաւել այդ մարտահրաւէրը։

Մինչդեռ բեմին վրայ հետզհետէ մահուան մռայլ տեսիլը կը ստուերանկարուի, ծնծղաները պիտի խզեն յանկարծ ճնշող լռութիւնը, յախուռն ընդհարումներու մէջ ծրարելով ամբողջ բեմը, որ նուագարաններու յարատեւ ալեկոծումներուն հետ՝ պիտի ծովանայ մարդկային սիրոյ, արիութեան, մահուան, ցասումի ու վհատութեան կիրքերով։ Մինչ անդին, վակներեան շքեղութեամբ, նուագախումբը պիտի պոռթկայ յետին սլացքով։

Հինգ վայրկեան տեւող սոյն տեսարանը՝ համակ ցոլացումն է այս մեծ երգահանի անհուն տաղանդին։ Սիրոյ երգը վերածել յաղթանակի… անզուգական գրաւական մը, որ Փուչչինի կարողացաւ իրագործել, տանելով Քալաֆի քայլերը դէպի այդ բագինը սիրոյ, գիշերային լռութեան մէջ երգելու վեհօրէն՝

«Այգաբացին պիտի յաղթանակեմ» (Թուրանտօ, Ոչ ոք կը ննջէ, Բ. արար)։

«Թուրանտօ» օփերան պիտի մնայ անաւարտ, որովհետեւ չարագուշակ քաղցկեղ մը պիտի վարակէ երգահանին կոկորդը։ Հետագային զայն պիտի ամբողջացնէ իտալացի այլ երաժիշտ մը՝ Ալֆանօ Ֆրանքօ (1875 -1954)։

1924, Նոյեմբերի 24-ին, Փուչչինի պիտի ենթարկուի ծայր աստիճան փափուկ վիրահատութեան Պրիւքսէլի մէջ։ Հինգ օր ետք, աւա՜ղ , իր սիրտը պիտի դաւաճանէ զինք. ճիշդ այդ սիրտը, որ Հռոմի «Քասթէլ Սան Անճելօ» կոչուած բանտին մէջ արգելափակուած ու մահուան դատապարտուած իր դերակատարներէն՝ Քավարատոսսի նկարիչին հառաչել տուաւ…

«Երբե՛ք չէի սիրած կեանքը այսքան» (Թոսքա, Եւ աստղերը կը պլպլային… Գ.արար)։

Փուչչինի պիտի չտեսնէ իր վերջին օփերան բեմի վրայ։

1926, Ապրիլի 25-ին է, որ ան առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի Միլանոյի «Սքալա» թատրոնի սրահին մէջ՝ իտալացի եւ օտար յոգնախուռն երաժշտասէրներու ու հետաքրքիրներու ներկայութեան։

Արթուրօ Թոսքանինի ներկայ է ու պիտի ղեկավարէ։

Հանդիսասրահը պիտի մնայ ափիբերան։ Գերազանց պահեր… պարզապէս պատմական։

Փուչչինիի երգը՝ այդ մեկնումն է ու վերադարձը յաւիտենական, ուր կը տարուբերին մարդկային կիրքերն ու թշուառութիւնները բովանդակ։

Մեկնում ՝մինչեւ գոյութեան ուղիները անել, փնտռելու սէրը, ու «Գեղեցիկ օր մը» երգելու աներկեւան՝ ի հեճուկս կեանքի փոթորկայոյզ ամպրոպներուն,

«Այգաբացին պիտի յաղթանակեմ»։