Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարներու գիւտին տօնը Մոսկուայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան գլխաւոր տօնն է եւ տարեկան ուխտի օրը, քանի որ ժողովրդապետութիւնը անուանուած է ի պատիւ հայոց հաւատքի նախահօր:
Այս տարի եւս, ըստ սովորութեան, տօնը նշուեցաւ Կիրակի՝ Յունիս 28-ին, Մոսկուայի Անարատ Յղութեան Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով, որ մատուցեց Մոսկուայի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ, Ռուսաստանի մէջ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերյ. Հ. Պետրոս ծ. վրդ. Եսայեան, ներկայութեամբ պապական նուիրակութեան ներկայացուցիչ Գերյ. Հ. Պիոտր Տարնավսկիի, Մոսկուայի լատինածէս կաթողիկէներու Առաջնորդական Փոխանորդ Հ. Կիրիլ Գորբունովի, Մոսկուայի լատինածէս կաթողիկէներու ժողովրդապետ Հ. Վլադիմիր Կաբակի, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան Ռուսաստանի մեծաւոր Հ. Դարիուշ Կուստոտի, Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համայնքի հովիւ Տ. Վասիլի Վայդայի, Opus Dei հասարակութեան անդամ Հ. Կառլոսի, Սալեզեան միաբան Հ. Դարիուշ Հերազիմովիչի, Գթութեան քոյրերու և Սալեզեան միաբանութիւններու միանձնուհիներու, Ռուսաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Վարդան Տողանեանի եւ անոր տիկնոջ, ինչպէս նաև համայնքի հաւատացեալներու:
Հ. Պետրոսի խնդրանքով Սուրբ Պատարագի ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նախ Հ. Կիրիլ Գորբունովը։ «Ձեզ հետ միասին կ’ուրախանամ այն հարստութեամբ, որ դուք կը պահէք ձեր համայնքին մէջ, շնորհակալութիւն ձեզ՝ Հայր Պետրոս, որ կը պահէք այդ աւանդութիւնը, այդ շարքին՝ լուսաւորչութիւնը, որ Սուրբ Գրիգորը աւանդեց իր Եկեղեցւոյ … եւ ձեզ բոլորէդ կ’ուզեմ խնդրել, որ ձեր ընտանիքներու մէջ փայփայէք փոխադարձ սիրոյ, ծառայութեան, խոնարհութեան և գեղեցկութեան պարգևները: Արքեպս. Պաւել Պեցցիի, Մոսկուայի Աստուածամօր արքեպիսկոպոսութեան անունով կը խոնարհիմ ձեր առջեւ եւ ձեզ համար կը հայցեմ աստուածային օրհնութիւնը» ըսաւ Հայր Կիրիլ։ Խօսք առին նաեւ Գերյ. Հ. Պիոտր Տարնավսկին, Տ. Վասիլին եւ Հ. Վլադիմիր Կաբակ։
Հ. Պետրոս Եսայեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ նախ Աւետարանի օրուան հատուածին, ապա՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներու պատմութեան։.
Սուրբ Պատարագի աւարտին Հ. Պետրոս Սուրբ Խորանի սպասաւորներ Ռուտոլֆ Մանուկեանին, Լեւոն Մուրատեանին, Յովհաննէս Մելքոնեանին շնորհեց Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի օրհնութեան գիրերը՝ նուիրեալ եւ հաւատարիմ ծառայութեան համար, որ անոնք կը մատուցեն Մոսկուայի Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարին մէջ տարիներէ ի վեր եւ, մանաւանդ, համաճարակի սահմանափակութիւններու այս օրերուն: Հ. Պետրոս նաեւ երգչախումբի մեներգչուհի Եղիսաբեթին նուիրեց Մարիամ Աստուածածնի արձանիկը:
Սուրբ Պատարագէն յետոյ դուրսը եկեղեցւոյ երգչախումբը երգեց «Ազգ իմ փառապանծ» երգը՝ որպէս խորհրդանշական աւարտ տօնական այդ օրուան:
Տեղեկութիւնը տրամադրեց՝
Գերհ. Հ. ՊԵՏՐՈՍ ծ. վրդ. ԵՍԱՅԵԱՆ
Պատրաստեցին՝
Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ, ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ