ՍԵՒԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ

ՍԵՒԱՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ

Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ կը պահուի սրբապատկեր մը, որ անյայտ նկարիչի մը գործն է, բայց շատ յայտնի պատմութիւն ունի: Աշխարհի մէջ բազմաթիւ սրբապատկերներ կան, որոնք կը հիացնեն ու կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը իրենց գեղարուեստական արժէքով, հանճարեղ նկարիչի վրձինով, հանրայայտ դպրոցի եւ ուղղութեան առկայութեամբ, բայց կան նաեւ այնպիսիները, որոնք յայտնի են իրենց հրաշագործ զօրութեամբ: Այդպիսի հրաշագործ սրբապատկեր մը կը համարուի 17-րդ դարուն ստեղծուած «Սեւանի Աստուածամայրը» կտաւը, որուն հետ կապուած է Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի անունը:

 

1692 թուականին հայ կաթողիկէ եկեղեցական գործիչ, հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացին Կոստանդնուպոլսէն կու գայ Էջմիածին` ուսանելու: Պատանի Սեբաստացին աչքերուն հետ կապուած լուրջ հիւանդութիւն ունէր եւ կուրանալու շեմին էր: Զայն Էջմիածնէն կ’ուղարկեն Սեւան` մաքուր օդին կազդուրուելու: Ստոյգ այստեղ՝ Սբ. Առաքելոց վանքի պատին ան կը տեսնէ Տիրամօր պատկերը, որուն առջեւ օրուգիշեր կ’աղօթէ: Ըստ աւանդութեան, աղօթքի ժամանակ յանկարծ կը շարժին Տիրամօր շուրթերը եւ Սեբաստացին կը լսէ իր խնդրանքին պատասխանը` «եղիցի»:  Անմեկնելի հրաշքով մը կը վերականգնի Սեբաստացիին տեսողութիւնը:

Այս եղելութենէն մօտ երկու դար անց, Ղեւոնդ Ալիշան նամակներով Էջմիածնէն կը խնդրէ Սեւանայ կղզիին վրայ գտնուող Աստուածամօր պատկերի կրկնօրինակը: Մխիթարեանները կ’ուզեն անպայման ունենալ այն սրբապատկերէն, որուն առջեւ աղօթած ու բուժուած էր իրենց միաբանութեան հիմնադիրը: Ալիշան յոյս ունէր, որ կրկնօրինակումը կը կատարէ Վարդգէս Սուրէնեանցը: Հանգամանքներու բերումով Ալիշանի ցանկութիւնը չի կատարուիր:

Յետագային Խրիմեան Հայրիկ կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ «Սեւանի Աստուածամայրը» կը կրկնօրինակէ գեղանկարիչ Ենովք Նազարեանը: Այդ կրկնօրինակը այսօր կը ցուցադրուի Վենետիկ Սբ. Ղազար կղզիի, Մխիթարեաններու միաբանութեան սրահներէն մէկուն մէջ, իսկ սրբապատկերի բնօրինակը կը զարդարէ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը:

Ն.Է.Ն.