ՊԻՈՍ ԺԲ. ՊԱՊԻՆ ՀԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԻՈՍ ԺԲ. ՊԱՊԻՆ ՀԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

12 Մարտ 1946-ին, Աղաճանեան նորընտիր Կարդինալը, Պիոս ԺԲ. Պապին գահակալութեան 7-րդ տարեդարձին առթիւ, կ’արժանանայ Սիքստեան մատրան մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցանելու պատիւին։ Հայկական ծէսով մատուցուած Պատարագին ընթացքին, Պիոս ԺԲ. երկու անգամ «խաղաղութիւն ամենեցուն» հայերէն բառերով օրհնելէ ետք ներկաները, կ’արտասանէ ճառ մը ու կ’ըսէ․- «Մեր ընտրած կարդինալներուն առաջի՛նը կ’ըլլայ ձեր ժողովուրդի զաւակներէն մէկը․․․ Մենք դիտում ունեցանք անշուշտ վարձատրելու գերազանց արժանիքները յոյժ արժանաւոր եւ ամենահաւատարիմ աւագ եկեղեցականի․․․ Ուզեցինք միեւնոյն ատեն շեշտել հոգածութիւնն ու սէրը, որ Պետրոսի Գահը չէ դադրած երբեք տածելէ Հայաստանի եւ իր ժողովուրդին հանդէպ»։