ԴԷՊԻ ԱՒԵԼԻ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱ՞Ն ԱՊԱԳԱՅ

ԴԷՊԻ ԱՒԵԼԻ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱ՞Ն ԱՊԱԳԱՅ

Ս.Ն.

——

Շուրջ չորս ամիսներէ ի վեր համայն աշխարհը տառապեցնող Քորոնավիրիւսին հետեւանքները բնականաբար իրենց անդրադարձը պիտի ունենան յետհամաճարակի ժամանակահատուածին վրայ։ Ոչ ոք տարակարծիք է այս մասին։ Պետական ղեկավարներ, քաղաքագէտներ, գիտնականներ, փորձագէտներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, մեծ ու պզտիկ, հարուստ եւ աղքատ, յանձնապաստան եւ անապահով, ամէն մարդ մտածելու վրայ է յետհամաճարակի ժամանակաշրջանին վրայ ներկայ ողբերգական իրավիճակի ունենալիք հաւանական անդրադարձներու մասին։

Ինչպիսի՞ն կրնան ըլլալ այդ անդրադարձները։ Դրակա՞ն, բացասակա՞ն։

Մտածողներ կան որ համաճարակին յետագայ անդրադարձները՝ սարսելով հաստատուած ընկերային կարգն ու սարքը, կրնան շատ աւելի ծանրակշիռ ըլլալ քան անոր անմիջական հետեւանքները։ Այս յոռետես մտածումները չեն բաժներ ուրիշներ։

Յամենայնդէպս, լաւատես կամ յոռետես նախատեսութիւնները՝ որոնք կը փորձուին, ենթադրութիւննեերու եւ գուշակութիւններու սահմանը չեն անցնիր։ Ներկայ երեւոյթներուն վրայ հիմնուած մտորումներ են պարզապէս։ Ստոյգ է միայն որ շատ բան, թերեւս ամէ՛ն բան պիտի փոխուի մարդու եւ մարդկութեան անհատական եւ հաւաքական կենսաձեւին մէջ։

Մտածողներ կան որ դէպի լաւը փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան մասնաւորաբար մարդոց եւ հաւաքականութիւններու փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Այդ փոփոխութիւնները արուեստական դիմայարդարումներ պիտի չըլլան, պէտք չէ՛ ըլլան։ Անոնք պիտի ըլլան արմատական, պիտի դառնան աւելի մարդկայնական կեանքի մը արտայայտութիւններ։ Բոլոր մարզերէն ներս եւ բոլոր մակարդակներու վրայ մարդկայնականութիւնը ինքզինք պիտի պարտադրէ այնպէս ինչպէս յորդորած է միշտ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ամէնօրեայ քարոզներուն մէջ։ Կասկած չկայ որ ինչպիսին ալ ըլլան, այդ փոփոխութիւնները հիմնուած պիտի ըլլան նախաքորոնավիրուսական կենսաձեւի փորձին եւ համաճարակին հետեւանքով ի յայտ եկած իրականութիւններու վրայ, ասոնց նկատառումով։

Իսկ որո՞նք են այդ իրականութիւնները՝ որոնք պիտի թելադրեն այդ փոփոխութիւններուն ընթացքը։

Գլխաւորը որ ի յայտ եկաւ՝ մեր, ժամանակակից ընկերութեան դիւրաբեկութիւնն է, անզօրութիւնը, իր բոլոր ստորաբաժանումներով, իր յանձնապաստանութեան համար ստեղծած կառոյցներով եւ բոլոր մարզերէն ներս լոյսի արագութեամբ արձանագրած նուաճումներով։ Յայտնուեցանք դիւրաբեկ՝ անհատապէս եւ հաւաքաբար։ Արդարեւ, բաւ եղաւ ոչնչութիւն մը, խորհրդաւոր եւ աներեւելի թշնամի մը, որպէսզի անպէտ դառնան ռազմական եւ տնտեսական գերհզօր միջոցները, քայքայուին իբրեւ թէ մեր բարօրութեան համար ստեղծուած կառոյցները, անօգուտ՝ արհեստագիտական հնարքները, որպէսզի «ծունկի գանք, տառապինք, հիւանդանանք եւ մեռնինք», ինչպէս ըսաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը՝ Փիեթրօ Փարոլին։ Գերհզօր ըլլալու ամէն յաւակնութիւն փուճ դուրս եկաւ։ Անզօր՝ ոչինչ թշնամիի մը դիմաց, որուն նահանջի պահն անգամ դեռ եւս յայտնի չէ։

Այս բոլորով հանդերձ, մարդկութիւնը չկորսնցուց համաճարակի մահասփիւռ արշաւին նահանջի պահը արագացնելու եւ ի վերջոյ անոր վերջ դնելու իր յոյսն ու հաւատքը։ Ընդհակառակը, դարձ կատարեց դէպի այդ յոյսն ու հաւատքը ներշնչող աղբիւրը։ Դէպի Նախախնամութիւն՝ հայցելով Անոր օգնութիւնը՝ ի խնդիր աւելի մարդկայնական եւ անվտանգ ապագայի մը, հիմնուած ազատութիւնները, աստուածապարգեւ իրաւունքները, արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, իրարօգնութիւնը, եղբայրական յարաբերութիւնները, միասնականութիւնը, խաղաղ համակեցութիւնը երաշխաւորող քրիստոնէական արժէքներրուն վրայ։

 Միայն այսպիսի արժէքներով ամէն դժուարութիւն ու վտանգ կարենալ դիմաւորելու համոզումը, հետեւաբար անոնցմով առաջնորդուելու յանձնառութիւնը չարիքէն բխած մեծագոյն բարիքը պիտի ըլլայ։