«ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃԻ ԵՒ ՀԱՍՈՒՆԱՑՄԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏ Է». ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ

«ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃԻ ԵՒ ՀԱՍՈՒՆԱՑՄԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏ Է». ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ

Կրթութիւնը կրկնուող գործողութիւն չէ, այն աճի ու հասունացման արուեստ է, այդ իսկ պատճառով այն երբեք չի կրնար տեղքայլ ընել. կրթութիւնը շարժում է, որ կը նպաստէ անձի լիարժէք զարգացման` իր անհատական եւ հասարակական հարթութիւններու վրայ: Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց ասիկա Վատիկանի Միաբանութեան կաթողիկէ կրթութեան լիագումար ժողովի մասնակիցներուն: Հանդիպումը կայացաւ Փետրուար 20-ին, Վատիկանի մէջ:

Պարզաբանելու համար, թէ ինչո՞ւ կրթութիւնը կը հանդիսանայ շարժում, Ֆրանչիսկոս Պապը առանձնացուց զայն բնորոշող քանի մը հիմնական յատկանիշներ: «Նախ, այն բնապահպանական շարժում է` այն իմաստով, որ կրթական գործընթացի կեդրոնը միշտ մարդն է` իր ամբողջականութեամբ. ուսուցման շնորհիւ մարդը կը ճանչնայ ինքն իրեն, համընդհանուր տունը, ուր ան կ’ապրի եւ մարդկութեան մէջ կը բացայայտէ եղբայրական յարաբերութիւններ` իրենց մշակութային բազմազանութեամբ հանդերձ: Կրթական շարժումը կը նպաստէ «բնապահպանական հաւասարակշռութեան տարբեր մակարդակներու վերականգման` ներքին հաւասարակշռութիւն դուն քեզ հետ, համերաշխ հաւասարակշռութիւն միւսներու հետ, բնական հաւասարակշռութիւն բոլոր կենդանի էակներու հետ, հոգեւոր հաւասարակշռութիւն Աստուծոյ հետ»:

Կրթութիւնը ներառական շարժում է` մեթոտի տեսանկիւնէ. ներառական` բոլոր անոնց համար, որոնք մերժուած են: Այս շարժումը իր մէջ կ’ընդգրկէ կրթական շարժումներ` յօգուտ փախստականներու, մարդավաճառութեան զոհերու, գաղթականներու, բոլոր մարդոց` անկախ անոնց սեռական, կրօնական ու ազգային պատկանելիութենէն: «Ներառականութիւնը ժամանակակից, արդի գիւտ չէ, այլ քրիստոնէական փրկարար ուղերձի բաղկացուցիչ մասն է»:

Կրթութիւնը նաեւ հաշտեցնող, խաղաղեցնող շարժում է: Այն իր հետ կը բերէ խաղաղութիւն եւ կը դառնայ ուժ` ընդդէմ «էգոլատրիայի»ի, որ կը ծնի վէճեր, անջրպետներ՝ սերունդներու, մշակոյթներու ու ժողովուրդներու, տղամարդոց ու կանանց, տնտեսութեան ու էթիքայի, մարդկութեան ու շրջակայ միջավայրի միջեւ: Առճակատման այս բոլոր տեսակները իրենց մէջ կը թաքցնեն վախը` բազմազանութեան եւ տարբերութիւններու նկատմամբ: Կրթութիւնը նաեւ խմբային շարժում է: Այն երբեք չ’իրականացուիր մէկ անձի կամ հաստատութեան կողմէ: Դպրոցը այն կեդրոնն է, որուն գործունէութեան ու զարգացման կը մասնակցին ընտանիքներ, մանկավարժներ, բազմաթիւ մշակութային, հասարակական ու կրօնական միութիւններ, քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ ողջ մարդկային համայնքը»:

Իր ելոյթի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ժողովի մասնակիցներուն մաղթեց յաջողութիւն` առաջադրուած խնդիրներու յաղթահարման գործընթացին մէջ, յատկապէս, կաթողիկէ կրթութեան յատուկ համաշխարհային դիտարկման կեդրոն ստեղծելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ որակներու բարձրացում ու եկեղեցական կրթական ծրագիրներու բարեփոխում: Ան կոչ ըրաւ ուշադրութիւն դարձնելու հովուական աշխատանքներուն համալսարաններու մէջ` որպէս աւետարանացման նոր միջոց: