ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
________________________
Յունիս 5-ին կը յիշատակուի «Շրջակայ միջավայրի» համաշխարհային օրը, հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ 1972-ի Դեկտեմբեր 16-ին։ 5 Յունիսը ընտրուած է նշելու համար աշխատանքներուն մեկնարկը Սթոքհոլմի յանձնաժողովի, որուն մտահոգութիւնն է մարդու շրջակայ միջավայրի հայող խնդիրները։ Գլխաւոր Յանձնաժողովը իր որոշումին մէջ կոչ ուղղած է բոլոր պետութիւններուն ու ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն, իւրաքանչիւր տարի այդ օրուան ընթացքին ձեռնարկելու ծրագիրներու որոնք կը միտին հաստատել յանձնառութիւնը՝ ի նպաստ շրջակայ միջավայրի պահպանման եւ անոր բարելաւման։
Համաշխարհային այս օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Քոլոմպիայի նախագահին, ուր այս տարի նախատեսուած էր այդ Համաշխարհային Օրուան նուիրուած յատուկ ձեռնարկ մը, որ սակայն Քովիտ19 համաճարակին պատճառով տեղի պիտի ունենայ առցանց, ինչպէս կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ, դիտել տալով որ «այս դժուարին իրավիճակը մեզի կը յիշեցնէ՝ թէ ոչ բարենպաստ երեւոյթներուն դիմաց, կը բացուին միշտ նոր ճանապարհներ, որպէսզի միաւորուինք ՝ որպէս մարդկային մեծ ընտանիք»:
«Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը և մոլորակի կենսաբազմազանութեան նկատմամբ յարգանքը բոլորիս վրայ ազդող հարցեր են» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ կարելի չէ «այնպէս ձևացնել, թէ առողջ ենք հիւանդ աշխարհի մը մէջ»:
«Մեր Մայր Երկրին վէրքերը՝ վէրքեր են, որոնք արիւն կը թափեն նաեւ մեր մէջ» կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ «բնապահպանական համակարգի նկատմամբ հոգատարութիւնը կը պահանջէ հայեացք՝ դէպի ապագայ…. որ կը վերաբերի համայն կեանքին ու կը փնտռէ անոր պահպանումը` ի շահ բոլորին»:
Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ հուսկ մտահոգուիլ մոլորակի ներկայ իրավիճակի ծանրութեան ի տես, չի լռել բնապահպանական համակարգի ոչնչացումի ու չարաշահումի երեւոյթներուն դիմաց։
«Ժամանակը չէ շարունակելու մեր հայեացքը սեւեռել այլուր, անտարբեր մնալով՝ յառաջընթացի անունով մեր մոլորակի թալանումին եւ ոտնահարումին դիմաց» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով՝ որ «հնարաւորութիւնն ունինք հակադարձելու եւ փոխելու ընթացքը, յանձնառու ըլլալով աւելի լաւ եւ առողջ աշխարհի մը համար որպէսզի զայն փոխանցենք ապագայ սերունդներուն»:
«Ամէն ինչ մեզմէ կախուած է, եթէ մենք իսկապէս կը փափաքինք այդ մէկը» կը նշէ Ան։
Ակնարկելով նաեւ մի քանի օրեր առաջ յիշատակուած իր «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի 5-րդ տարեդարձին ու այդ տարեդարձին առթիւ հռչակուած «Գովեալ Ըլլաս»ի տարւոյն, Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ բոլորը մասնակից դառնալու այդ յատուկ տարուան ու «Գովեալ Ըլլաս»ի լոյսին տակ աւելիով նուիրուելու մեր հասարակաց տան և մեր ամենախոցելի եւ անտեսուած եղբայրներուն ու քոյրերուն խնամքին և պաշտպանութեանը:
Նորին Սրբութիւնը նամակը կ’աւարտէ քաջալերելով վերոնշեալ ձեռնարկին բոլոր մասնակցողները՝ յարատեւելու իրենց գործին մէջ, ի նպաստ աւելի լաւ աշխարհի մը եւ աւելի մարդասէր հասարակութեան մը կայացումին, «ուր բոլորս տեղ ունինք և ոչ մէկը բացառուած է» կը գրէ Ան, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար, ապա հայցելով Յիսուսին օրհնութիւնները ու Աստուածամօր հովանին:
Վատիկան