«ՁԵԶՄՈՎ ԿԸ ԶԳԱՄ ՍՐՏԻՍ ԱՊՐԻԼՆ ԵՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿ»

«ՁԵԶՄՈՎ ԿԸ ԶԳԱՄ ՍՐՏԻՍ ԱՊՐԻԼՆ ԵՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿ»

ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

————————–

Մարդկային բնութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւններէն մին է արցունքը։ Թէպէտ եւ անբոյր ու անգոյն, ան խորհրդանշած է յոյզերը մարդկային ապրումներուն ու ներշնչած բիւրաւոր բանաստեղծներ, որպէս շիթեր սիրոյ եւ գեղեցկութեան, մորմոքումի եւ բերկրութեան։

Ֆրանսական գրականութեան մէջ իւրայատուկ է Էտմոն Ռոսթանի «Սամարացին», ուր կը կարդանք. «Արցունքներով լի աչքերն են՝ գեղեցկագոյն աչքերն ինձի համար»։

 Այլ բանաստեղծ՝ Վալերի Լապրօ թողած է խանդակաթ տողեր «Մանկական» խորագիրը կրող իր երկին մէջ. «… կը սիրեմ այն արցունքները զսպուած, որոնք աչքերէն՝ ուղղակի սրտին մէջ կը հոսին» ։

Ովկիանոսներէն անդին կարելի չէ անտեսել Ճոն Վանս Շենէ՝ ամերիկացի գրողը, որ յաւերժութեան համար թողած է սոյն զմայլելի քանդակը. «Չունենային եթէ աչքերը արցունք, Հոգին պիտի չունենար ծիրանի գօտի» (Արցունքները)։

Հայ գրականութիւնն ալ առլցուն է արցունքի շիթերով։ Վահան Տէրեանի անդաստանին մէջ անոնք կը հային յաճախ մահուան գաղափարին, աշնան թալուկով պարուրուած. «Ինձ անլաց թողեցէք» (Աշնան երգ), եւ կամ կը խորհրդանշեն «արցունք անձրեւող տրտում իրիկուն» (Աշնան տրտմութիւն)։ Արցունք ու տառապանք կը համաձուլուին Դուրեանի գրիչին տակ, ստէպ բուռն երանգներով սոսկացած. «Երանի թէ ըլլամ շիթ մ’արտասուք եւ անհետ իմ դամբանիդ քով սիրասուգ» (Պէտք է մեռնիլ)։  Բայց երբ կ’արտասուէ Գրիգոր Նարեկացի, անոնք կը դառնան աղօթք ու մատաղ ապաշխարութեան. «…Բարերարին շնորհաց արտասուաց պտուղ մատուցի» (Նարեկ ԻԶ. Գ)։ Հայ արդի գրականութեան մէջ, սակայն, կայ դէմք մը եզական, որուն մասին Գրիգոր Զօհրապ գրած է. «Իր անհատական կեանքով պարծանքն է իր սեռին, ու մեծ տաղանդովը՝ մեր բոլոր գրականութեան» («Ծանօթ դէմքեր» Փարիզ 1932)։ Սկիւտարի հայուհին է, Զապէլ Ասատուր, որ տասնեակ մը տարիներու հոլովոյթին մէջ պիտի դառնար սոսկ անուն մը՝ Սիպիլ։ Առաջին «Ցոլքեր»էն մինչեւ «Երկրորդ շրջանի քերթուածներ»ը, Սիպիլ պիտի բերէ այն, ինչ ոչ կը պակսէր մեր բանաստեղծութեան ծաղկաստանին մէջ. իգական սեռի զգայնութիւնը։ Ու քայլ առ քայլ, պիտի սփռէ իր յոյզերն ու ապրումները հայ գրականութեան ակօսներուն մէջ. Միօզօթիս, Ամպը, Աչքերդ, Սիրոյ ցնորքներ… անոնց եռեւեփումներով նկարելու օր մը իր «Արցունքները», ու տանելու մարդս այն աշխարհին մէջ, ուր «ամէն կաթիլ հեծկլտուք մը, կոծ մ’է թախծոտ», ու երբեմն ալ սրտի ալուցքներէն գալարող «սիրոյ կարօտ» եւ կամ «հեղուկ բոց մը որ միշտ կ’այրէ, բայց չի կաթիր», համադասելով արցունքը՝ կեանքի էութեան. «Ձեզմով կը զգամ սրտիս ապրիլն ես շարունակ» (Արցունքները)։ Սիպիլի թողած դրոշմն է եզական, որ չենք գտներ Արեւմտեան ոչ մէկ գրականութեան մէջ, նոյնիսկ եթէ զուգահեռ պատկերներու կը հանդիպինք Ալֆրէտ Տը Միւսէի մօտ։ Իրօք, Մուսային հետ երկխօսութեան մը ընթացքին, այս վերջինը կը մրմնջէ բանաստեղծին. «Ապրելու ու զգալու համար՝ պէտք ունի մարդս արտասուելու» (Աշնան երգ)։ Բաղդատական եզրը նրբերանգ մը չէ լոկ չնչին։ Արտասուելու կարիքը՝ ապրելու ստիպողական պայման մը կ’ենթադրէ ֆրանսացի քերթողին քով. մինչդեռ Սիպիլի մօտ, ան հոմանիշն է կեանքի. կ’ապրիմ՝ որովհետեւ կ’արտասուեմ։ Անբոյր եւ անգոյն, բայց տարօրէն չքնաղ ու իրական, «Արցունքները» կը մնան վեր դասական որեւէ ընբռնումէ, ուր Սիպիլ կը թօթափէ հին ժամանակներու բոլոր մտածողութիւնները, տալով հայ քնարերգութեան գեղեցկագոյն գրաւականը իր կանացիական նրբութեան. «Ձեզմով կը զգամ սրտիս ապրիլն ես շարունակ»։